Jump to content

Աննա Թիխօ

Աննա Թիխօ
գերմաներէն՝ Anna Ticho
Ծնած է 27 Հոկտեմբեր 1894(1894-10-27)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Բռնո, Չեխական թագի հողեր, Սիսլեթանիա, Աւստրո-Հունգարիա[4]
Մահացած է 1 Մարտ 1980(1980-03-01)[1][2][3][…] (85 տարեկանին)
Մահուան վայր Երուսաղէմ, Իսրայէլ[4]
Քաղաքացիութիւն  Իսրայէլ[5]
Ուսումնավայր Վիեննայի գեղարվեստի ակադեմիա?
Տեսակ դիմապատկեր և գծանկարչութիւն
Մասնագիտութիւն նկարչուհի և գծագրիչ
Ամուսին Ավրաամ Ալբերտ Տիխո?

Աննա Թիխօ (գերմաներէն՝ Anna Ticho, 27 Հոկտեմբեր 1894(1894-10-27)[1][2][3][…], Բռնո, Չեխական թագի հողեր, Սիսլեթանիա, Աւստրո-Հունգարիա[4] - 1 Մարտ 1980(1980-03-01)[1][2][3][…], Երուսաղէմ, Իսրայէլ[4]), իսրայէալցի գեղանկարչուհի, որ յայտնի դարձած է Երուսաղէմի բլուրներու իր նկարներով:

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած Մորավիա, այն ժամանակուան Աւստրօ-Հունգարական տարածքը: 15 տարեկանին Վիեննայի մէջ սկսած է գեղանկարչութիւն ուսումնասիրել: Այնուհետեւ Աննա Թիխօ ամուսնացած է իր ազգական, ծանօթ բժիշկ-ակնաբոյժ Աւրամ Թիխոյի հետ եւ 1912 թուականին, ամուսինին հետ տեղափոխուած է Պաղեստին:

1914 թուականին Թիխոներուն ընտանիքը Երուսաղէմի Մէա Շէարիմ շրջանին մէջ բացած է մասնաւոր հիւանդանոց մը:

1924 թուականին ընտանիքը գնած է նախկինին յայտնի արաբական Նաշաշիպի ընտանիքին պատկանող Եաֆֆօ եւ Խա-Նեւիմ փողոցներուն միջեւ գտնուող 1864 թուականին կառուցուած տունը, ուր տեղաւորուած էր անոնց մասնաւոր դարմանատունը[6]։

1930-ական թուականներուն Թիխոներուն տան մէջ սկսան հաւաքուիլ Գերմանիայէն Պաղեստին հայրենադարձած մտաւորականներ: Աննա Թիխօ կը ստեղծագործէր՝ նկարելով մատիտով, իսկ դիմանկարներուն համար յաճախ կեցուածք կ՚ընդունէին դարմանատան յաճախորդները։ Ան ստեղծագործած է նաեւ բնանկարի ժանրով:

1933-1934 թուականներուն օժանդակած է 1906 թուականին հիմնադրուած, բայց 1929 թուականին, տնտեսական հարցերուն պատճառով փակուած «Պեցալել» արուեստի ակադեմիոյ աշխատանքներուն վերականգնման:

1970 թուականին ստացած է Երուսաղէմի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում, 1980 թուականին պարգեւատրուած է Իսրայէլի մրցանակով[7]:

Ցուցահանդէսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Իսրայէլի եւ արտասահմանի մէջ: Անոր ստեղծագործութիւններուն հիմնական նիւթը եղած է Հրէական բլուրները:

Իր ամուսինին մահէն ետք սկսած է նկարել Երուսաղէմի բնանկարները եւ մարդոց դիմանկարներ[8]: Տան մեծ մասը վարձակալութեան տուած է նշանաւոր մարդոց եւ ապրած ու ստեղծագործած է մինչեւ 1980 թուականը՝ մահէն առաջ իր տունը յանձնելով Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւններուն[7]։

Անոր մահէն ետք տան մէջ մնացած է Երուսաղէմի բնակիչներուն համար ստեղծուած նկարներուն հաւաքածոն, որ յարգանքի տուրք էր իր սիրած քաղաքին: Այսօր պատմական նշանաւոր այդ տան երկրորդ յարկէն ներս կը գործէ Թիխոյի տուն-թանգարանը, իսկ առաջին յարկը սրճարան է, ուր նաեւ համերգներ կը կազմակերպուին, եւ ամբողջ կառոյցէն ներս պահպանուած է Երուսաղէմի քաղաքային միջավայրը։

Թիխոյի տուն-թանգարանը կը գտնուի Իսրայէլի թանգարանի տնօրէնութեան հովանիին ներքոյ եւ կը նկատուի անոր հիմնական ցուցադրութիւններուն մասը: Թանգարանէն ներս, բացի Աննա Թիխոյի ստեղծագործութիւններէն, ներկայացուած են Տքթ. Թիխոյի մենորայի՝ եօթթեւանի աշտանակներու հաւաքածոն, որ ան ամբողջ կեանքի ընթացքին ժողված է, եւ այդ նշանը 1949 թուականէն ի վեր արդէն Իսրայէլի Հանրապետութեան զինանշանն է: Ցուցադրուած են նաեւ Տքթ. Թիխոյի բժշկական գործիքները, հարուստ գրադարանը, ինչպէս նաեւ ամուսիններուն կեանքին մասին պատմող վաւերագրական նիւթեր[7]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 RKDartists
  2. 1 2 3 4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. 1 2 3 4 Ticho, Anna // Grove Art Online / J. Turner[Oxford, England], Houndmills, Basingstoke, England, New York: OUP, 2017. — doi:10.1093/GAO/9781884446054.ARTICLE.T084933
  4. 1 2 3 4 Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  5. Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
  6. «Jerusalem Attractions»։ The New York Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-10-29-ին
  7. 1 2 3 ԿԱՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
  8. The days and years of the Tichos