Անձնանուն

Անձնանուն կամ անուն, անձի անուանումը հասարակութեան մէջ, զայն անհատականացնելու նպատակով։ Կը ներառէ ծնունդը արձանագրելու կամ վաղ տարիքին ծնողներու ընտրութեամբ տրուած անունը, ազգանունը։ Ըստ գիտութեան մեջ լայն տարածում գտած տեսակէտի, մարդոց անունները ծագած են մարդու զարգացման վաղ շրջանին եւ ի սկզբանէ գոյութիւն ունեցած են բոլոր ցեղերու ժողովուրդներու մօտ։

Ծագումը եւ ձեւերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անձնանունները առաջացած են հասարակ անուններէն եւ քիչ՝ առանձին վանկերու կամ հնչիւններու ու տառերու միացումէն։ Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի, անուններու մեջ արմատական բառեր չկան: Անոնք նշանակութեամբ օժտուած բարդ կամ ածանցուած բառեր են։ Հինէն մարդոց անուանակոչած են նաեւ նկատի ունենալով արտաքինը կամ բնաւորութիւնը բնութագրող յատկանիշները, ինչպէս՝ Լենկ Թեմուր (կաղ Թեմուր), Իվան Ահեղ, Աշոտ Մսակեր, Աշոտ Ողորմած։ Անունները մէկ լեզուէ միւսին անցնելով եւ ենթարկուելով հնչիւնափոխութեան, կորսնցուցած են իրենց նախնական նշանակութիւնը։ Ներկայիս ոչ ոք չի խորհիր այն մասին, որ Թովմաս կը նշանակէ «երկուորեակ» եւ սկզբնապէս տրուած է երկուորեակներէն մէկուն: Պօղոս անուանողները ամենեւին նկատի չեն ունենար, որ այդ կը նշանակէ «փոքրիկ»։ Անուններ ստեղծուած են նաեւ կապուած զանազան դէպքերու հետ։

Թոթեմիստական շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զարգացման ցած մակարդակի վրայ գտնուող ժողովուրդներու մօտ, անունները յաճախ ունին թոթեմիստական ծագում։ Սամուայ կղզիի բնակիչները ծննդաբերութեան ժամանակ կը կոչեն զանազան թոթեմներու անուանումներ: Երեխայի ծննդեան պահուն արտասանած անուանումը կը դառնայ անոր անունը։ Թոթեմիստական շրջանէն մնացած առանձին անուններու կարելի է հանդիպիլ այժմ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու մօտ, ինչպէս հրեաներու մօտ՝ Ռաշել (գառնուկ), Լէա (կով)։ Հին Արեւելքի մէջ սովորութիւն կար աստուածներու անուններէն կազմուած անձնանուններ ստեղծել օրինակ՝ Նիշուբուր Ամամու (Նիշուբուր աստուածուհին մայրս է)։

Հին Հռոմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին Հռոմի մէջ հանրապետութեան ժամանակներէն ի վեր քաղաքացիներու անունները կը կազմէին անձնանունէն (Մարկոս), տոհմի կամ զարմի անուանումէն (Տուլիուս) եւ մականունէն, որ յաճախ կը նշէր՝ ընտանիքի ճիւղը (ինչպէս «Ցիցերոն», որ կը նշանակէ «սիսեռ»)։ Այս երեք բաղադրեալները (լատիներէն՝ tria nomina՝ երեք անուն) երբեմն կը լրացուէին երկրորդ մականունով, որ կը զանազանէր պատրիկներուն միւս քաղաքացիներէն։ Գոյութիւն ունէր աւանդոյթ՝ անձնանունով անուանակոչել ընտանիքի առաջին չորս արու զաւակները։ Մնացածները կ'անուանակոչէին ըստ թուական կարգի (Քինտոս՝ հինգերորդ, Սեքստոս՝ վեցերորդ, եւն.)։

Սեմիտական ժողովուրդներու մօտ եւ արաբական մշակոյթի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեմիտական ժողովուրդները երեխային կ'անուանակոչէին կապելով Աստուծոյ հետ, ինչպէս Յովհաննէս, որ ծագած է «Եհովան ողորմած է» բառերէն։ Սեմիտական անձնանուններուն մէջ կը գործածուէին եւ արաբներու մօտ այժմ ալ կը գործածուին հօր եւ որդիի անունները, ինչպէս՝ Հասան իպն Հիւսէին (Հասան որդի Հիւսէինի) կամ Հասան իպն Հիւսէին ապու Ալի (Հասան որդի Հիւսէինի հայր Ալիի)։

Քրիստոնէական անուններու ծագումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրիստոնէութեան տարածումը լայն շրջանառութեան մէջ դրաւ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ յիշատակուած եբրայական անունները, թէեւ անոնք բարձր քաղաքակրթութեան հասած ժողովուրդներու մօտ ամբողջութեամբ չարտամղեցին հին անունները։ Անուանակոչման հարցին մէջ աւանդոյթներու բազմազանութեան փոխարէն առաջ եկան ընդհանուր ուղղութիւններ։ Միջնադարուն գլխաւորը դարձաւ մկրտութեան անունը, որ առաւելապէս որեւէ սուրբի անուն էր, փոխառուած՝ այլ լեզուներէն եւ յաճախ հնչիւնափոխուած։ Վերածնունդի շրջանին լայն տարածում ստացան անթիք քաղաքակրթութենէն եկած անունները։ Յեղափոխութիւններու շրջանին անձնանունները դարձան շատ հասարակ անուններ։

Մուսուլմանական եւ Պուտտայական անուններու ծագումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսլամութեան տարածման հետեւանքով Ասիոյ եւ Ափրիկէի շատ ժողովուրդներ, ընդունելով արաբներու կրօնը, փոխ առին նաեւ անոնց անունները։ Պուտտայական կրօնին հետեւող ժողովուրդներու մօտ փոխառութիւնները գրեթէ կը բացակային։ Համեմատաբար քիչ են եւ հիմնականին մէջ շատ աւելի ուշ շրջանի արդիւնք նշանակութենէ զուրկ հնչիւններէն, վանկերէն եւ բառերէն յօրինուած անունները։

Անունները տարբեր երկրներու մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շարք մը ժամանակակից մարդաբանական համակարգերու մէջ (հայկական, ռուսական, եւն) ամէն ոք ունի անձնանուն (ընտրուած սահմանափակ ցուցակէ), հայրանուն եւ ազգանուն (վերջիններու հնարաւոր թիւը գործնականօրէն անսահմանափակ է)։ Եղած են եւ կան տարբեր մարդաբանական համակարգեր։ Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ, օրինակ՝ անձը սովորաբար ունի քանի մը անուն (կաթոլիկ եկեղեցական ցուցակէն), հայրական եւ մայրական ազգանունները, Իրլանտայի մէջ՝ անձնանուն (սահմանափակ ցուցակէն) ազգանուան փոխարէն՝ հօր անուն-ին ածանցուած անուն։ Չինաստանի, Քորէաի, Վիեթնամի մէջ անունը կը կազմուի միավանկ ազգանունէ (տարբեր ժամանակաշրջաններուն անոնք կը հաշւուէին 100 - 400) եւ անձնանունէ, որ սովորաբար կազմուած կ'ըլլար երկու միավանկ բառերէ, ընդ որուն անձնանուններու թիւը սահմանափակ է։

Զարգացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անունները ապրած են երկարատեւ զարգացում՝ կորսնցնելով իրենց նախնական ստուգաբանական կամ կրօնական նշանակութիւնը։ Անոնց յետագային սկսած են տրուիլ բարեհնչունութեան համար, տուեալ անունը կրած գործիչի, գրողի, արուեստագէտի հանդէպ ունեցած սէրէն կամ յարգանքէն դրդուած, ծնողի կամ նախնիի յիշատակը յաւերժացնելու նկատառումով, զաւակի մօտ ֆիզիքական եւ հոգեկան լաւ յատկանիշներ տեսնելու ակնկալութեամբ, նորաձեւութեան մոլուցքէն դրդուած։ Անուններու փոխառութիւնները հետեւանք են ո՛չ միայն կրօնական մշակութային շփումներու ու փոխազդեցութիւններու, այլեւ ռազմական արշաւանքներու, գրաւումներու, նուաճուած ժողովուրդներու նկատմամբ կիրառած բռնութիւններու եւ ճնշման։ Այդ պատճառով անուններու փոխառութեան երեւոյթին մէջ միշտ տեսած են ուծացման վտանգ եւ, բնականաբար, ազգային զարթօնքի հետ մէկտեղ վերածնուած մեծ տարածում ստացած են բուն ազգային կամ տուեալ ազգի ու ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի կարեւոր իրադարձութիւններու հետ կապուած անունները։

Անթրոպոնիմիկա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անձնանունները, անոնց ծագումը, փոփոխութիւնները, աշխարհագրական տարածումը եւ անթրոպոնիմիկական համակարգերու կառուցուածքն ու զարգացումը ուսումնասիրող լեզուաբանութեան ճիւղը կը կոչուի անթրոպոնիմիկա (հուն.՝ ἄνθρωπος, մարդ և ὄνομα, անուն)։

Հայկական անձնանուններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայնրիխ Հիւշման
Հրաչեա յ Աճառեան

Հին անուններու զգալի մասը ժամանակին տեղ գտած է ձեռագիր եւ տպագիր տարատեսակ բառարաններու մէջ ու բացատրուած։

  • «Հայկազեան բառարան», Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն, 2-րդ հատոր՝ նուիրուած է յատուկ անուններուն։ Այստեղ թէ՛ տեղանունները եւ թէ անձնանունները կը բացատրուին հանգամանօրէն: Նշուած են անուան ծագումը, ճիշտ տառադարձութիւնը։
  • Հայնրիխ Հիւբշմանը իր «Armenische Grammatik» հրաշալի գիրքին մէջ քննութեան առած է հայերէնի մէջ տեղ գտած պարսկերէն, եբրայերէն, արաբերէն եւ այլ ծագում ունեցող անձնանունները եւ մեծ մասամբ անոնք ստուգաբանած։

Հրաչեայ Աճառեանի ուսումնասիրութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական անձնանունները ուսումնասիրած է նաեւ Հրաչեայ Աճառեանը, որուն «Հայոց անձնանուններու բառարան» հինգհատորեայ աշխատութիւնը եզակի երեւոյթ է իր տեսակին մէջ, ուր հաւաքուած եւ ուսումնասիրուած են 5–10-րդ դարերուն հայ մատենագրութեան մեջ յիշատակուած բոլոր անձնանունները։ Աճառեանը հայկական անձնանունները ըստ ծագման կը բաժնէ 15 խումբի։

  • Նախահայկական, օրինակ՝ Արամ, որ կը ծագի Խալդեան Արամէ թագաւորի անունէն Անծանօթ, օրինակ՝ Հայկ, Արմենակ, Արամայիս, Ամասիա, Հարմա, Արա, Դարդոս եւ այլն, որոնք կը յիշատակուին Մովսէս Խորենացիի Հայոց Պատմութեան Ա. գիրքին մէջ եւ որոնց հայկական ծագումը ապացուցուած չէ։
  • Բուն հայկական, օրինակ՝ Արձան, Տիրայր, Այրուկ, Աստղիկ, Գիւտ, Թաթուլ, Թոռնիկ, Իշխան, Զարմայր, Առնակ եւ այլն։ Կան նաեւ կենդանիներու եւ թռչուններու անուանումներով անուններ, որոնք հիմնականօրէն ուժի, գեղեցկութեան եւ քնքշութեան արտայայտութիւններ են եւ միայն հեռաւոր կապ կրնան ունենալ թոթեմիզմի հետ։ Օրինակ՝ Այծեմնիկ, Առիւծ, Արտոյտ, Գառնիկ, Եզնիկ, Աղաւնի, Արծուիկ եւ այլն։
  • Պահլաւական, օրինակ՝ Վարդան, Բագրատ, Ատրներսեհ, Դրաստամատ, Զարեհ, Սեպուհ, Զոհրապ, Խոսրով, Խոսրովիդուխտ, Համազասպ, Գիսակ, Գուրգէն, Անուշ, Աշխէն, Արշակ, Սանատրուկ, Տրդատ, Վռամշապուհ եւ այլն, որոնք պարթեւական ազդեցութեան արդիւնք են։ Անոնց մեծ մասը ստուգաբանուած է, որպէս հասարակ անուններ, ինչպէս՝ Աշխէն՝ «թուխ», Անուշ՝ «անմահ», Գուրգէն՝ «գայլի ձագ», Տրդատ՝ «Տիր աստուծոյ տուած»։
  • Ասորական, օրինակ՝ Աբգար, Եղիշէ, Գադիշօ եւ այլն, որոնք եկած են Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք, բայց ասորական ազդեցութիւնը կարճ եղած է եւ հայերուն մօտ պահպանուած են միայն մէկ-երկու անձնանուն (Աբգար, Եղիշէ)։
  • Եբրայական անուններ, որոնք եկած են քրիստոնէութեան հետ, օրինակ՝ Ադամ, Եւա, Աբէլ, Աբրահամ, Սէթ, Սահակ, Դանիէլ, Գաբրիէլ, Եսայի, Յակոբ, Զաքարիա, Սողոմոն եւ այլն։ Եբրայական անունները հայերուն անցած են Աստուածաշունչի թարգմանութեան միջոցով, որ կատարուած է յունարէնէն եւ այդ պատճառով հայերէն տառադարձման մէջ անոնք կը կրեն յունարէնի ազդեցութիւնը։
  • Յունական, այս անձնանունները արդիւնքն են հայ-յունական դարաւոր կապերուն եւ հելենիստական մշակոյթի ազդեցութեան։ Առաւել տարածուած անուններէն են՝ Անաստաս (յարութիւն), Ղեւոնդ (առիւծ), Վասիլ (թագաւոր), Գէորգ (երկրագործ), Գրիգոր (արթուն), Կիրակոս (տէրունի), Հռիփսիմէ (անկեալ), Ստեփան (պսակ)։
  • Արաբական, հայերը արաբներէն քիչ թիւով անուններ վերցուցած են արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին, օրինակ՝ Ապլղարիպ (Ղարիպի հայր), Ապուսահլ (Սահլի հայր), Մլեհ (սիրուն, գեղեցիկ)։ Այժմ ասոնք գործածական չեն։
  • Լատինական, այս անունները հայերու մօտ տարածուած են Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ժամանակաշրջանին։ Անոնցմէ են՝ Անտոն (առաջնորդ), Լեւոն (առիւծ), Հեթում (ըստ Աճառեանի Օտոն Ա-էն), Ալիս, Զապէլ եւ այլն։
  • Հայ կրօական անունները սկիզբը քրիստոնէական օտար անուններու թարգմանութիւններն էին, ինչպէս՝ Առաքել (յունարէն՝ Ապոստալ), Յարութիւն (յունարէն՝ Անաստաս), Աստուածատուր (յունարէն՝ Թէոդորոս), Խաչիկ (յունարէն՝ Ստաւրի), Մխիթար (եբրայերէն՝ Սեթ)։ Անոր զուգընթաց ստեղծուած են նոր նմանակերտ անձնանուններ, օրինակ՝ Համբարձում, Զատիկ, Գալուստ, Մարգար, Կարապետ, Մկրտիչ, Աւետիս․ Աւագ, Մաքրուհի, Սրբուհի, Տիրուհի եւ այլն։
  • Հայ ժողովրդական անուններ, որոնք գործածուած են շինական ժողովուրդի շրջանին եւ պահպանուած են առ այսօր։ Անոնք արտայայտած են մարդու արտաքին եւ ներքին բարեմասնութիւնները։ Օրինակ՝ Վարդիթեռ, Հնազանդ, Համեստ, Քնարիկ, Հրանուշ, Պատուական, Գեղուհի, Լուսիկ, Փայլակ, Արփենիկ, Ազնիւ եւ այլն։
  • Սելճուկ-թաթարական տիրապետության ժամանակ հայերը քիչ թիւով անձնանուններ փոխառած են, օրինակ՝ Ասլան (առիւծ), Ճիւանշիր (մատաղ առիւծ), Հախնազար (աստուածատես), Թամամ (կատարեալ)եւ այլն։ Անոնցմէ պահպանուած են բացառապէս մէկ-երկուքը։
  • Եւրոպական անունները փոխառուած են ֆրանսերէնէն, իտալերէնէն, գերմաներէնէն եւ անգլերէնէն։ Սկզբը բացառապէս գործածական էին արեւմտահայերու, յատկապէս կաթոլիկներուն մօտ (Ժոզէֆ, Վալենթին, Ալպերթ, Էդուարդ, Վիքթորիա, Էօժէն, Վերժին, Ատոլֆ, Ռուտոլֆ եւ այլն)։ Ծանօթութիւնը եւրոպական մշակոյթի հետ իր հետ բերաւ անձնանուններու մեծ հոսանք։ Շատ գործածական դարձան՝ Էմմա, Էլենորա (կարճ՝ Նորա), Ճուլիեթա, Օֆելիա, Նաբոլէոն, Համլեթ, Հենրի եւ այլն։
  • Ռուսական անձնանունները հայոց լեզուի մէջ ներթափանցած են նոր ժամանակներուն։ Անոնցմէ շատերը վաղուց ունին հայերէն տարբերակներ, սակայն կ'օգտագործեն ռուսերէն կամ անոր մօտ ձեւով, օրինակ՝ Նիկոլայ (Նիկողայոս), Գէորգի, Եգոր (Գէորգ), Իւան (Յովհաննէս) եւ այլն։ Երբեմն նմանահնչիւն տառի առկայութեան պարագային կ'օգտագործուի ռուսական անձնանուններ, որպէս հայկական անուան համարժէք, թէեւ անոնք մէկը միւսի թարգմանութիւնը չեն, օրինակ՝ Մկրտիչը կը դառնայ Նիկիտա, Յարութիւնը՝ Արտեմ կամ Արտյոմ, Մարտիրոսը՝ Մարտին, Արշակը՝ Արկադի, Վաղարշակը՝ Վոլոդյա եւ այլն։ Տարածուած են նաեւ ռուսական փաղաքշական անունները, օրինակ՝ Միշա (Միքայէլ), Սաշա (Ալեքսանդր), Մաշա (Մարիամ), Լիզա (Եղիսաբէթ), Կոլյա (Նիկողայոս)։
  • Հայ ազգային անունները արդիւնք են ինքնագիտակցութեան զարթօնքի։ Անոնք նորաստեղծ անուններ են՝ Հայաստան, Արմէն, Արմէնուհի, Արաքսի, Մասիս, Արարատ, Սեւան, Հայկուհի, Ազատ, Սիրանուշ, Հրազդան, Հրայր, Հրաչուհի, Հայկազն, Հայկարամ, Ռազմիկ եւ այլն։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Կաղապար:Վիքիբառարան