Անի (ամսագիր)

«Անի», գրականութեան եւ արուեստի ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1946-1955 թուականներուն (ընդհատումներով)։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Վահէ-Վահեան։ Տպագրած է հայ եւ միջազգային գրողներու գործեր։ Աշխատակցած են Սմբատ Տէրունեանը, Զարեհ Մելքոնեանը, Դեւը, Բիւզանդ Թոփալեանը, Սմբատ Փանոսեանը, Անդրանիկ Անդրէասեանը, Տիգրան Վարժապետեանը, Զարեհ Որբունին, Հրաչ Զարդարեանը, Գեղամ Սեւանը, Արմէն Դարեանը։ Անդրադարձած է խորհրդահայ գրականութեան զարգացման ուղիներուն, տպագրած ու գրախօսած հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները։ Հանդէսին մէջ զգալի տեղ գրաւած են բանասիրական, գրաքննադատական եւ արուեստի վերաբերեալ յօդուածները։ Նպաստած է սփիւռք-հայրենիք մշակութային կապերու ամրապնդման։ Նիւթեր տպագրած է սփիւռքահայ աշխատաւորութեան վիճակի մասին։ Փակուած է դիմագրաւած անյաղթահարելի նիւթական դժուարութիւններու հետեւանքով։ Ունեցած է նաեւ «Անի» մատենաշար։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։