Անիւ
Անիւը շրջանաձեւ սարք մըն է, որ պտտելով կը դիւրացնէ շարժումը։
Երբ բեռը անիւի վրայ դնեն, անիկա կը գլորի, բայց չի սահիր։ Այդ պատճառով անիւը շատ հին ժամանակներէ ի վեր օգտագործուած է սայլերու, բեռնափոխադրման եւ տարբեր գործիքներու մէջ։
Ստուգաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Անիւ» բառը հին արմատ ունի եւ կապուած է «պտտիլ» իմաստին[1]։
Նման բառեր կան նաեւ ուրիշ լեզուներու մէջ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Առաջին անիւները ստեղծուած են շուրջ հինգ-վեց հազար տարի առաջ։
Ամէնէն հին անիւի օրինակները գտնուած են Եւրոպայի մէջ՝ Ռումանիա, Լեհաստան եւ Սլովենիա։ Հին Միջագետքի մէջ եւս գտնուած են սայլերու նկարներ։ Սկիզբը անիւները փայտէ շրջանակներ էին, որոնք ամրացուած էին սռնիին (երկար, գլանի ձեւ ունեցող յենարան)։
Ժամանակի ընթացքին, անիւին կառուցուածքը կը կատարելագործուի, կը ստեղծուին ճաղերով անիւներ, ապա մետաղէ շրջանակներով։ Այսպէս անոնք աւելի ամուր կը դառնան[2]։
Օգտագործում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անիւը մարդուն կ'օգնէ զանազան գործեր կատարելու։ Անիկա կը գործածուի բրուտագործութեան մէջ՝ կաւի շրջան պտտցնելու, աղացներու մէջ, ճախարակներու եւ հաստոցներու մէջ։
Անիւով ջրաղացներ ու ոռոգման սարքեր կը շինուին։
Անիւը մեծ դեր կը խաղայ նաեւ արհեստագործութեան եւ գիտութեան զարգացման մէջ։
Մշակոյթի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարբեր ժողովուրդներու մէջ, անիւը կը խորհրդանշէր արեւը, կեանքի շարունակութիւնը կամ օրէնքը։ Օրինակ՝ պուտտայականութեան մէջ անիկա կը համարուի Տհարմայի նշան։
Ներկայիս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այսօր անիւները կը գտնուին գրեթէ ամէն տեղ․ ինքնաշարժներու, հեծանիւներու, գնացքներու, օդանաւերու եւ հազարաւոր գործիքներու մէջ[3]։