Անդին. Հայոց Ճանապարհորդութեան Տարեգրութիւն

Անտին. Հայոց Ճանապարհորդութեան Տարեգրութիւն (անգլ.՝Andin. Armenian Journey Chronicles), բեմադրիչ Ռուբեն Կինէյի[1] կողմէ նկարուած դիւցազներգութիւն. վաւերագրական ֆիլմ հայ-չինական եւ հայ-ասիական պատմական կապերու մասին։ Ֆիլմը 2014 թուականիդրութեամբ արժանացած է շարք մը մրցանակներու[2][3][4]:

Բովանդակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քանի մը գլուխներէ բաղկացած ֆիլմը կը պատմէ Եւրոպական ու Ասիական երկիրներու միջեւ վաղ ժամանակներէն մինչեւ այսօր գոյութիւն ունեցող մշակութային, ռազմական եւ կրօնական կապերու մասին։ Առաջնահերթ դեր կը խաղայ Հայաստանի մասնակցութիւնը այդ կապերու հաստատման եւ զարգացման հարցին մէջ։ Ֆիլմէն մաս մը տրամադրուած է Մետաքսի Ճանապարհին եւ Համեմունքի Ուղիին՝ կարեւորագոյն պատմական տարրերուն։

Ստեղծում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսիկ-Կուլ լճի յատակին (նկար մը՝ ֆիլմէն)

Սկզբնական շրջանին չինական հեռատեսիլի կայաններէն մէկուն պատուէրով նախատեսուած էր կարճ ֆիլմ պատրաստել, սակայն ապագային ծրագիրը մեծ ծաւալ ստացաւ հիմնուելով հայկական բազմաթիւ հետքերու վրայ Միջին Ասիոյ, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ։ Նկարահանման խումբը երեք տարուան ընթացքին անցաւ 80.000 քմ տարածութիւն, այցելելով 11 երկիր եւ 72 քաղաք։

2013 թուականին Փետրուար ամսուան նկարահանման խումբը յաջողեցաւ գտնել Պանտուսովի կայրակը, որ 1894 թուականէն կորսուած կը համարուէր[5]։ Առաջին անգամ մեծ պաստառի վրայ եւ հանրային հեռուստատեսութեամբ ցուցադրուեցան ստորջրեայ նկարահանումները Քարիպեան Ծովին մէջ, ուր 2007 թուականին գտնուած է հռչակաւոր ծովահէն Ուիլիըմ Քիտտի (captain William Kidd) կողմէ գրաւուած հայկական նաւը։

Նկարահանուած է Հեթում պատմիչի լատիներէն ձեռագիրը, ուր նշուած է հայոց թագաւոր Հեթում Ա․ի ճամբորդութիւնը Չինաստանի սահմանին մօտ 1254 թուականին։ [6][7]Հետաքրքիրն այն է, որ Մարքօ Փոլօ այդ ժամանակ միայն մէկ տարեկան էր։

2012 թուականին Սերամպոր քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի Պենկալիի մէջ, քանի մը տասնեակ քիլոմեթր Կալկաթայէն հարաւ յայտնաբերուած է առաջին Աստուածաշունչը չինարէն լեզուով, որուն հեղինակն է հայ երիտասարդ Ճոաննէս Լասսարը (Յովհաննէս Ղազարեանը)։ Ֆիլմին մէջ ցուցադրուած է անոր իսկ կողմէ կատարուած աշխատանքը։ Այդ հրատարակչութիւնը լոյս տեսած է առաջին անգամ 1813 թուականին։

2012 թուականին Ռուբէն Կինէյ արշաւախումբ հաւաքեց Իսիկ-Կուլ լիճի յատակը որոնելու նպատակով[6]։ Ըստ միջնադարեան քարտէսին՝ քադալոնեան Ատլասին, Իսիկ-Կուլի շրջանին մէջ գտնուած է հայկական առասպելական վանքը։

Մեքսիքայի ազգային արխիւին մէջ յայտնաբերուած է հետաքրքրական փաստաթուղթ մը, որ ցոյց կու տայ հայերուն ներկայութիւնը Ամերիկեան ցամաքամասին մէջ դեռ կանուխ շրջանին։ Առաջին հայերը չինական Քանթոն քաղաքէն ճամբայ կ'ելլէին դէպի Աքափուլքօ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]