Անակնկալ Մահ
Անակնկալ մահը անսպասելի եւ յանկարծական մահն է:
Անիկա կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի՝ մանուկներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու:
Հիմնական պատճառներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իւրաքանչիւր խմբաւորում ունի յատուկ պատճառներ, որոնք կը յառաջացնեն անակնկալ մահ:
Անոր հիմնական պատճառներն են՝
- սրտականգառ,
- շնչականգառ,
- մեծածաւալ արիւնահոսութիւն եւ թոքային զարկերակներու անակնկալ խցում (pulmonary embolism),
- պատերազմական արտակարգ վիճակ, պայթումներ եւ արկածներ:
Անակնկալ մահը կը պատահի քունի կամ արթուն վիճակի մէջ: Անիկա կրնայ պատահիլ հանգիստի պահուն, մարզանքի եւ կամ ծանր աշխատանքի ընթացքին: Մանուկներու պարագային շնչականգառը, որ տեղի կ'ունենայ օտար մարմիններու ներշնչումով, խռչափողի սուր բորբոքումով եւ անակնկալ ցնցղակծկումով (bronchial spasm), հիմնական պատճառն է անակնկալ մահուան:
Սիրտի ընդոծին եւ ժառանգական հիւանդութիւններ, սիրտի մկանային ծաւալում (hypertrophy) եւ սիրտի անկանոն բաբախում (arrhydmia) կրնան անակնկալ մահուան պատճառ դառնալ նոյնպէս:
Մանուկներու պարագային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մէկ տարեկանէն վար առողջ մանուկներ երբեմն անակնկալօրէն կը մահանան անբացատրելի պատճառներով, մանաւանդ գիշեր ատեն եւ քնանալու ընթացքին: Նոյնիսկ դիազննումը նշոյլ մը չի տար այս մանուկներուն անակնկալ մահուան:
Մանկաբուժներ բազմաթիւ պատճառներ մատնանշած են, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղած է՝ փորի վրայ պառկած ըլլալու վարկածը:
Մանկական ընդհանուր մահերուն 10 տոկոսը կը պատահի անակնկալ մահով:
Երիտասարդներու պարագային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երիտասարդներու պարագային անակնկալ մահուան պատճառը ընդհանրապէս սրտականգառն է, որ կը պատահի սիրտի սուր տագնապի (MI-myocardial infarction) եւ սիրտի անկանոն բաբախումի հետեւանքով:
Երկարատեւ եւ ծանր մարմնամարզանքէ ետք բազմաթիւ երիտասարդներ կ'ունենան սիրտի սուր տագնապ: Անոնք շատ հաւանաբար թաքուն սիրտի հիւանդութիւն մը ունենալու են:
Անձնասպանութիւն, խեղդամահութիւն, արկած եւ մեծածաւալ արիւնահոսութիւն այլ պատճառներ են: Մարդիկ անձնասպանութեան կը դիմեն ընդհանրապէս ընկերային, ամուսնական, ընտանեկան եւ գործի ձախողութեան պատճառներով:
Տարեցներու պարագային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարեցներու պարագային սրտականգառը, շնչականգառը, թոքային զարկերակներու անակնկալ խցումը, մեծածաւալ արիւնահոսութիւնը եւ անձնասպանութիւնը կարեւոր պատճառներ են անակնկալ մահուան:
Թոքային զարկերակներու անակնկալ խցումը ընդհանրապէս տեղի կ'ունենայ յետ վիրաբուժական օրերուն, մոլեգնածին (էսթրօժէն/estrogen) գործածողներուն, նստակեաց եւ անշարժ կեանք ունեցողներուն, սրունքներու երակային խցում (venous thrombosis) ունեցողներուն եւ ծխախոտ գործածողներուն:
Տարեցներ անձնասպանութեան կը դիմեն ընդհանրապէս հոգեբանական հիւանդութիւններու եւ կամ անբուժելի հիւանդութեան մը պատճառով[1]:
Սրտականգառ կը նշանակէ սիրտի աշխատանքի, այլ խօսքով՝ բաբախումի անակնկալ կանգ-դադար: Սիրտը կը դադրի բաբախելէ եւ գործելէ[2]: