Այծեմնիկ (անձնանուն)

Այծեմնիկ
Տեսակ Իգական անուն
Սեռ Իգական
Նշանակութիւն Այծեամ
Ծագում
Ծագման լեզու Հայերէն
Գիր Հայերէնի Այբուբեն
Անուան այլ ձեւեր
Փաղաքշական ձեւեր Այծիկ
Կապուած յօդուածներ «Այծեմնիկ» սկսող էջեր

Այծեմնիկ, հայկական իգական անուն։ Գործածուած է որպէս օտար անուան թարգմանութիւն։ Բուն բառը ասորերէն țbītã, եբրայերէն șbi, șəbāim, ասուրերէն șabītu բառն է, որ կը նշանակէ այծեամ։ Այժմ կը գործածուի անուան Այծեմնիկ տարբերակը, որուն փաղաքշական ձեւն է Այծիկ։[1]

Գործածութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Եւ ի Յոպպէ էր կին ոմն աշակերտեալ անուն Տաբիթա, որ թարգմանեալ կոչի Այծեմնիկ․․․ ցուցանէին զձորձս եւ զհանդերձս, որչափ առնէր նոցա Այծեմնիկն։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց Անձնանունների Բառարան, հ. Ա., Երեւան, էջ 142։