Այծեմնիկ Զարդարեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Այծեմնիկ Զարդարեան (1909, Կ. Պոլիս - անյայտ), հայ քանդակագործուհի։
Ծնած է Կ. Պոլիս։ Փոքր հասակէն ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Եգիպտոս, ուր ստացած է նախնական կրթութիւնը՝ Գահիրէի Ազգային վարժարանէն ներս։ 1926-էն հետեւած է տեղի «Տանթէ Ալիկիերի» ընկերութեան Լէոնարտօ տա Վինչիի անուան իտալական գեղարուեստական ուսումնարանի քանդակագործական բաժինի դասընթացքներուն, աւարտած է 1930-ին։ Տակաւին ուսանողական տարիներուն մասնակցած է ցուցահանդեսներու՝ շարք մը քանդակներով, որոնցմէ մամուլը բարձր գնահատած է «Աստուածամայրը» եւ «Առիւծը»։ Պատրաստած է նաեւ Զօրավար Անդրանիկի հարթաքանդակ կիսանդրին։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Գառնիկ Ստեփանեան, «Կենսագրական բառարան», հատոր Ա., Երեւան 1973, էջ 319։