Jump to content

Ամերիկացի (ժապաւէն)

Ամերիկացի (ժապաւէն)
Արտադրող Արման Նշանեան
Հիմնուած 2022
Լեզու հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն

«Ամերիկացի», ժապաւէն, որ կը պատմէ Ցեղասպանութենէն հրաշքով ողջ մնացած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ երիտասարդի մը` Չարլիի մասին, որուն ընտանիքը, ցաւօք, այդ ոճրագործութեան զոհ դարձած էր:

Պատմութիւնը կը սկսի 1947 թուականէն, երբ Չարլին կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը բախի խորհրդային համայնավարութիւն կոչուող դաժան իրականութեան հետ: Հայաստանի մէջ Չարլին անմիջապէս կը ձերբակալեն եւ դատապարտելով`  ազատազրկման կ՛ենթարկեն:

ժապաւէնին բեմագիրը, բեմադիրը ու գլխաւոր դերակատարը բնիկ ամերիկահայ Մայքըլ Անդրանիկ Կիւրճեանն է[1]։

«Ոսկէ ծիրան-2022»-ը սկիզբ առած է ժապաւէնի ցուցադրութեամբ[2]։

Դերասանական կազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժապաւէնին գլխաւոր դերակատարը Մայքըլ Կիւրջեանն է: Ժապաւէնին մէջ նկարահանուած է նաեւ «Թղթէ տունը» համաշխարհային ճանաչում ունեցող տեսաշարին անուանի Յովիկ Կեուչկերեանը:

Դերասանական կազմին մաս կը կազմեն նաեւ`

  • Միխայիլ Տրուխինը,
  • Նելլի Ուվարովան,
  • Նարինէ Գրիգորեանը,
  • Ժան-Փիեր Նշանեանը,
  • Արամ Գարախանեանը,
  • Դաւիթ Յակոբեանը,
  • Լեռնիկ Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ[2]:

Ժապաւէնի գլխաւոր արտադրողներն են․

Իսկ գործադիր արտադրիչներն են․

  • Պատրիկ Մալխասեանին,
  • Վարդան Պարսումեանին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Շարժանկարի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին բացումը՝ Յուլիս 10-ին»։ Նոր Յառաջ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ -ին։ արտագրուած է՝ 2024-08-30
  2. 1 2 «Ցեղասպանութենէ Փրկուած Եւ Միացեալ Նահանգներ Գաղթած Հայ Երիտասարդին Մասին Ժապաւէնը Մեծ Պաստառի Վրայ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2022-08-24։ արտագրուած է՝ 2025-08-15