Ամերիկայի թռչունները (պատկերագիրք)
Ամերիկայի թռչունները, ամերիկացի նշանաւոր թռչնաբան եւ բնագէտ Ճոն Ճէյմզ Օտիւպոնի հեղինակած գիրքը[1]։ Ամերիկայի թռչունները պատկերող հազուագիւտ գիրք մըն է:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օտիւպոն 17-րդ դարուն Ամերիկայի թռչունները նկարած է իրենց բնական մեծութեամբ եւ իրենց բնական միջավայրին մէջ, ստեղծելով թռչնանկարչութեան ժանրի ճշգրիտ պատկերներ, որոնք հիացուցած են թռչուններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտները: Գիրքը իր ամբողջութեան մէջ չորս հատորեակ է, որմէ տպուած է ընդամէնը 170 օրինակ, մեր օրերուն հասած է 120 օրինակ: Օրինակներուն մեծ մասը կը գտնուի նշանաւոր գիրքի կեդրոններուն, խոշոր գրադարաններու եւ թանգարաններու մէջ, եւ անհատներու սեփականութիւն հանդիսացող օրինակներն են, որ աճուրդի կը դրուին:
Հրատարակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքին առաջին հրատարակութիւնը տեղի կ՚ունենայ 1827-ի եւ 1838-ի միջեւ եւ կը հրատարակուի Էտինպուրկի եւ Լոնտոնի մէջ: Անիկա կը դառնայ կոթողային գործ մը, որ իր մէջ կ՚ընդգրկէ 435 նկարներ[2], որոնք կը պատկերացնեն թռչուններու աւելի քան եօթ հարիւր տեսակներ: Գիրքին էջերը դասաւորուած էին այնպիսի վարպետութեամբ, որ կարծես ընթերցողը տեսողական զբօսանք մը կը կատարէ Ամերիկայի տարածքին եւ իր շուրջ կը տեսնէ դրախտային թռչուններ՝ իրենց բնական դիրքերով:
Գիրքին առաջին եւ թերեւս ամենայայտնի պատկերը վայրի հնդկահաւի նկարն է: Աշխատութիւնը տպագրելու համար պահանջուած է 115 հազար 640 տոլար, ինչ որ Օտիւպոն վճարած է ցուցահանդէսներէն եւ իր որսացած անասուններու մուշտակներուն վաճառքէն գոյացած գումարով:
Պատմութեան ընթացքին այս գիրքին տէրերը միշտ եղած են նշանաւոր մարդիկ, ներառեալ Անգլիոյ թագուհի Ատելաիտան եւ Ֆրանսայի թագաւոր Քարլոս 10-րդը:
Ալպոմը վաճառուած է նաեւ անջատ հատորներով, սակայն հատորը ամբողջական կը նկատուի իր չորս հատորներով։
Իր կնոջ աջակցութեամբ, 1826 թուականին, 41 տարեկանին, Օտիւպոն կ՚ուղեւորուի Եւրոպա, իրեն հետ տանելով երեք հարիւր նկարներէ բաղկացած իր հաւաքածոն եւ իր կատարած աշխատանքին մասին երաշխաւորական նամակներ: Այդ նամակներուն շնորհիւ, ան կ՚ապահովէ ժամանակի նշանաւոր անգլիացիներուն ուշադրութիւնը:
Ես այնտեղ այնպիսի ընդունելութիւն մը գտայ, որ չէի երազեր նոյնիսկ իմ ամենաոգեւորիչ երազներուն մէջ տեսնել։ - Ճոն Ճէյմզ Օտիւպոն
|
Անգլիացիները հիացած են ամերիկեան վայրի բնութեան եւ անոր թեւաւոր բնակիչներուն պատկերներով, զորս Օտիւպոն գծած էր: Անգլիոյ եւ Սկովտիոյ տարածքին ճամբորդութեան ընթացքին ան մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ եւ բաւական գումար ձեռք կը ձգէ. այդ գումարով ալ կը հրատարակէ «Ամերիկայի թռչունները»:
Օտիւպոնի աշխատութիւնը հսկայական յաջողութիւն ձեռք բերած է: Տասնչորս տարի պահանջուած է նախագիծը կեանքի կոչելու համար՝ ներառեալ անոր մանրակրկիտ հետազօտութիւնները եւ տքնաջան ու զգուշօրէն ծրագրուած կազմակերպչական աշխատանքները:
Գիրքին առաջին տպագրութիւնը նկատուած է գրատպութեան գլուխ գործոց, քանի որ նկարները մեծ չափով էջերու վրայ, բարձր որակով տպուած են: Էջերուն չափերն են՝ 97 եւ 64 սմ.:
Թռչուններ նկարելու նկարիչին միջոցը, այսօրուան չափանիշներով, ընդունուած չէ, հեղինակը վար կ՚առնէր զանոնք, իսկ յետոյ բնական դիրքի վրայ դնելով կը նկարէր, սակայն նոյնիսկ այդ տարբերակով անոր ստեղծած նկարները այսօր մեծ հիացում կը պատճառեն դիտորդներուն:
Ներշնչուելով այս գիրքէն՝ հետագային շատ երկիրներու մէջ ստեղծուած են թռչուններու մասին պատմող պատկերագիրքեր, սակայն Օտիւպոնի գիրքը առ այժմ կը մնայ անգերազանցելին[3]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Birds Extincted since Audubon's time»։ web4.audubon.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-18-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-27
- ↑ «The Registry Of Nature Habitats - Audubon Birds of America - Publisher's Preface»։ www.abirdshome.com։ արտագրուած է՝ 2020-08-27
- ↑ LLC VIP Studio։ «Ամէնէն սուղ պատկերագիրքը. Անուշ Թրուանց»։ www.arevelk.am (Հայերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-08-27