Jump to content

Ամալ Խալիլ

Ամալ Խալիլ
Ծնած է 1984[1]
Ծննդավայր Al-Baisariyah, Սայդայի շրջան, Հարաւային Լիբանան, Լիբանան[1]
Մահացած է 22 Ապրիլ 2026(2026-04-22)[2]
Մահուան վայր At Tiri, Բինթ Ջուբեյլի շրջան, Նապաթիէ, Լիբանան[2]
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Մասնագիտութիւն լրագրող

Ամալ Խալիլ (արաբերէն՝ آمال خليل, 1984[1], Al-Baisariyah, Սայդայի շրջան, Հարաւային Լիբանան, Լիբանան[1] - 22 Ապրիլ 2026(2026-04-22)[2], At Tiri, Բինթ Ջուբեյլի շրջան, Նապաթիէ, Լիբանան[2]), լիբանանցի լրագրող։ Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթի Հարաւային Լիբանանի լրագրողը։ Խալիլ զոհուած է, երբ իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորուած կերպով յարձակում գործած է Հարաւային Լիբանանի Թիրի գիւղին մէջ տան մը վրայ[3][4]։

«Ախպար» օրաթերթը հաղորդած է, որ իսրայէլեան օդանաւ մը Խալիլը հետապնդած է, եւ անոր դէմ երկու յարձակում գործած, առաջին յարձակումով հարուածած է ինքնաշարժը, իսկ երկրորդ յարձակումին՝ այն տունը, ուր ապաստանած էր։ Դէպքին պատճառով վիրաւորուած է անկախ լուսանկարիչ Զէյնապ Ֆարաժը, որ Ամալ Խալիլի հետ էր։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամալ ծնած է Լիբանանի Սայտա շրջանի ափամերձ Ալ Պիսարիէ գիւղը[5]։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խալիլ Հարաւային Լիբանանի գրիչն էր 2006 թուականէն։ Նախապէս ան լուսաբանած էր Լիբանանի մէջ երկիրը գրաւած Իսրայէլի ռազմական ուժերու կողմէն տուներու կործանումը։

2024 թուականին Խալիլ «Ալ Ճատիտ» հեռատեսիլի ընկերութեան պատմած է, որ իսրայէլական հեռաձայնի թիւէ մը ստացած է սպառնալից հեռախօսազանգ մը, որով կը զգուշացնէին մնալ հարաւը եւ կը սպառնաէին աւերել անոր տունը եւ զինք գլխատել[6]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]