Jump to content

Ամալթիա

Ամալթիա
Ամալթիա կը պահէ պատանի Զեւս երկու Քուրիթեսներուն ետեւ, որոնք սուրեր եւ վահաններ ունին։ Գամբանիայէն բերուած փորագրութիւն, Ք.Ա. 1-ին դարավերջէն կամ Ա․ին դարասկիզբ, Ny Carlsberg Glyptotek
Ծնողներ հայր՝ Ովկիանոս (դիցաբանութիւն), Մելիսէաս Կրետացին, Haimonios և Իլիոս, մայր՝ Թիթիս
Երեխաներ Ադրասթիա

Ամալթիա (յուն․՝ Αμάλθεια)․ Ամալթիա Զեւս աստուծոյ ստնտուն էր Իդա լերան քարայրին մէջ, ուր մայրը՝ Ռէա, զայն թաքցուցած էր, որպէսզի փրկէ հօրմէն՝ Քրոնոսէն, որ իր զաւակները կը խժռէր: Երբեմն կը նկարագրուէր որպէս Եադա յաւերժահարս՝ Նիմֆի, եւ երբեմն ալ՝ որպես այծ, որուն եղջիւրէն Զեւս կը սնուցուէր կաթով եւ մեղրով։

Ամալթիային Եղջիւրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամալթիային Եղջիւրը առատութեան, բարիքներու, մարդկային բարօրութեան եւ բարգաւաճման խորհրդանիշն էր։ Հնադարեան արուեստի մէջ, շատ մը աստուածներ պատկերուած են Ամալթիայի եղջիւրը ձեռքերնին բռնած, զոր դասական լատին գրականութեան մէջ կը մատնանշուի իբրեւ cornu copiae:

1871-ին յայտնաբերուած աստղակերպին գիտնականները տուած են 113 Ամալթիա անունը։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]