Աղիքներ

Աղիքներ, Մարսողական խողովակի կարեւոր բաժին, որ կը սկսի ստամոքսէն եւ կը վերջանայ սրբանի անցքով։
Մարդու մարսողական համակարգը կը բաղկանայ բարակ եւ հաստ աղիքներէ, որոնք մարմինին երկարութենէն շուրջ տասը անգամ աւելի երկար են։ Անոնց երկարութիւնը կը տատանի՝ նուազագոյնը 507 սմ.-էն, առաւելագոյնը՝ 1194 սմ.-ի միջեւ:
Բարակ աղիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Չափահասներուն բարակ աղիքը երկար եւ նեղ խողովակ մըն է, որ ունի շուրջ 7 մ երկարութիւն։ Տեղակայուած է որովայնի կեդրոնական մասին մէջ՝ կազմելով բազմաթիւ գալարներ՝ կը տարածուի մինչեւ աջ ստամոքսին շրջանը։ Իր ծայրը կը բացուի հաստ աղիքին նախնական բաժինին՝ կոյր աղիքին մէջ[1]։
Հաստ աղիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Հաստ» կը կոչուի իր լայն տրամագիծին պատճառով։ Սակայն անիկա բարակ աղիքէն կարճ է․ ունի շուրջ 1,5 մեթր երկարութիւն։ Կը շարունակէ մարսողական խողովակը, ստանալով ուտելիքներուն չմարսուած մնացորդները եւ կը կատարէ ջուրի ներծծումը, մինչեւ որ անոնք դուրս բերուին սրբանին միջոցով։
Աղիքները ամբողջութեամբ կը կատարեն սննդանիւթերու քայքայման, ներծծման եւ մնացորդներու դուրս մղման հիմնական գործը՝ ապահովելով «օրկանիզմ»ին կենսագործունէութիւնը։
Աղիքային անցման ժամանակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուտելիքներու անցումը մարսողական խողովակով կախեալ է տարիքէն, սեռէն, եւ երբեմն ալ ժառանգական տուեալներէն։ Ընդհանրապէս, ստամոքսի պարունակութեան շուրջ 50 առ հարիւրը կը լքէ ստամոքսը 2,5-3 ժամուան ընթացքին։ Ստամոքսին ամբողջական դատարկումը կը տեւէ շուրջ 4-5 ժամ։
Այնուամենայնիւ, մարսման արագութիւնը կախեալ է ուտելիքի տեսակէն․ նոյն ճաշի տարբեր բաղադրիչները կրնան տարբեր ձեւերով դուրս ելլել ստամոքսէն։ Մինչդեռ բովանդակութեան անցումը հաստ աղիքին մէջ կը տեւէ 30-50 ժամ[2]։