Jump to content

Աղիքային ծոցաւորում

Աղիքային ծոցաւորում, (Անգլ. diverticulosis) ծոցերու կամ պարկիկներու յառաջացում հաստ աղիքի պատերուն վրայ: Անոնց բորբոքումը կը կոչուի աղիքային ծոցաբորբ (diverticulitis)[1]:

Աղիքային ծոցաւորումը կը պատահի հաստ աղիքին ամբողջ երկարութեան, մասնաւորապէս՝ սիգմաձեւ աղիքի (segmoid) մէջ:

Ծոցերը կ'ունենան 3 մմ-էն 3 սմ տրամագիծ եւ զանազան երկարութիւններ:

Այս ծոցաբորբը կը յայտնուի ընդհանրապէս 40 տարեկանէն ետք:

Աղիքային ծոցաւորուման Ճշգրիտ պատճառը անորոշ է: Սակայն երկարատեւ փորի պնդութիւն, կղկղանքի կուտակում եւ բնաթելերով (fiber) աղքատ սննդանիւթերու սպառում նկատուած են կարեւոր ախտապատճառներ:

Ներաղիքային գերճնշումով աղիքներու մկանները կը տկարանան եւ խլնաթաղանթը կ'արտամղուի (extrusion) ու կը յառաջանան մէկ կամ մէկէ աւելի ծոցեր կամ պարկիկներ[2]:

Աղիքային ծոցաւորում ունեցողներուն 75 տոկոսը ախտանշան չեն ունենար եւ դարմանումի պէտք չեն ունենար: Անոնց 10 տոկոսը կ'ունենան անցաւ սրբանային արիւնահոսութիւն, որ երբեմն մեծածաւալ կ'ըլլայ: Այս պարագային արեան փոխներարկումը (blood transfusion) կը դառնայ պարտաւորիչ: Սրբանային արիւնահոսութեան պարագային կը կատարուի հաստ աղիքի դիտում (colonoscopy) եւ երբեմն հաստ աղիքի զարկերակային գունաւոր նկարում (angiography): Իսկ մնացեալ 15 տոկոսը կ'ունենան հաստ աղիքի ծոցաբորբ:

Սիկմաձեւ աղիքի ծոցաբորբ՝ 70-ամեայ հիւանդի մը պարագային

Տարեցներու պարագային, անցաւ սրբանային արիւնահոսումի պարագային, նկատի առնուելու է ծոցաբորբի կարելիութիւնը: Առանց ախտանշանի ծոցերու գոյութիւնը ընդհանրապէս ի յայտ կու գայ այլ նպատակներու համար կատարուած հաստ աղիքի դիտումի ընթացքին[3]:

Աղիքային ծոցաբորբը կը յառաջանայ ծոցերու կղկղանքի կուտակումով: Ան մտահոգիչ երեւոյթ է մանաւանդ քորթիզոն գործածող ծերերու մօտ: Անիկա ընդհանրապէս կը պատահի սիկմաձեւ հաստ աղիքի մէջ:

Աղիքային ծոցաբորբի պարագաներուն 70-80 տոկոսը կ'ըլլան ինքնամփոփ եւ տեղային, որուն ախտանշանները կ'ըլլան բարձր ջերմ, դող, փորի ցաւ եւ փսխունք: Իսկ պարագաներուն 20-25 տոկոսը կ'ունենան հետեւեալ բարդութիւնները՝

  • Աղեպատի սուր թարախակոյտ,
  • Աղիքային խցում,
  • Աղեպատի ծակում,
  • Որովայնապատի/որովայնամիզի (peritoneum) բորբոքում,
  • Որովայնամիզի ծակում,
  • Խլուակի (fistula) կազմութիւն որ ընդհանրապէս կը յառաջանայ աղիքի եւ միզապարկի (urinary bladder) միջեւ եւ քիչ պարագաներու՝ բարակ աղիքի եւ արգանդի կամ հեշտոցի միջեւ:

Այս բարդութիւնները կը յայտնուին հետեւեալ ախտանշաններով՝

  • Բարձր ջերմ,
  • զօրաւոր փորի ցաւ,
  • նողկանք,
  • փսխունք,
  • փորի ուռեցք
  • արիւնախառն կղկղանք:

Աղիքի եւ միզամանի խլուակի կազմութեան պարագային, տեղի կ'ունենայ օդախառն մէզ, իսկ արգանդի խլուակի պարագային՝ հեշտոցային կղկղանցում:

Վերոյիշեալ բարդութիւններու ախտաճանաչումը կը կատարուի որովայնի համակարգչային շերտագրական նկարահանումով (CT Scan): Մեղմ ծոցաբորբը կը դարմանուի հակամանրէական դեղերով, իսկ յառաջացած ծոցաբորբի պարագային դարմանումը կ'ըլլայ հիւանդանոցի մէջ, ուր կը կիրարկուին ներերակային հեղուկներ եւ հակամանրէական դեղեր: Ծոցաբորբի բարդութիւնները ընդհանրապէս կը դարմանուին արեան փոխներարկումով եւ աղիքի վիրահատումով:

Աղիքային ծոցաւորումի կանխազգուշական երկու յանձնարարութիւններ կրնան օգտակար ըլլալ՝ բնաթելով հարուստ սննդանիւթեր շատ ուտել եւ երկարատեւ փորի պնդութիւն չունենալ[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]