Jump to content

Աղթամարի Գրչութեան Կեդրոն

Աղթամարի գրչութեան կեդրոնը յայտնի կեդրոն է, 10-րդ դարէն։ Աշխուժացած է Աղթամարի կաթողիկոսութեան հիմնադրման ժամանակներէն (1113)։

Աղթամարի գրչութեան կեդրոնը գործած է անմիջապէս իշխանական, արքայական, ապա կաթողիկոսական հովանաւորութեամբ, որու շնորհիւ ձեւաւորուած են հաստատահիմն աւանդոյթներ:

Աղթամարի Զաքարիա Գ. Կաթողիկոսը 1461-ին, Վասպուրական նահանգի բնակչութեան ոգին բարձրացնելու, եւ օտարազգի եւ մահմետական տիրակալներէն ազատուելու ակնկալիքները զօրացնելու համար՝ որոշած է թագաւորի օծման կարգ ընել եւ իր հօրեղբօրորդի Սմբատը օծել իբրեւ Հայոց արքայ: Սակայն վերահաս մահուան պատճառով (1464) Զաքարիան չէ կրցած իրականացնել թագաւորի օծումը` այդ գործը թողնելով իր յաջորդին՝ իր հօրեղբօրորդի Ստեփանոս Դ. Կաթողիկոսին։

1470-ին Ստեփանոս Դ. Հայրապետ Աղթամարի մէջ իր եղբօր՝ Ներսէս եպիսկոպոսին պատուիրած է Մաշտոց ծիսամատեանի ընդօրինակութիւնը, զոր ծաղկած է Կարապետ քահանան (Մաշտոցեան Մ. 5702): Այս ձերագրին իբրեւ գաղափար օրինակ ծառայած է Զաքարիա Գ. Հայրապետի պատուէրով ընդօրինակուած Մաշտոցը (Մաշտոցեան Մ. 4997)[1]:

Դպրոցը մեծ հռչակ ունեցած է, այնտեղ՝ տարբեր վայրերէ, ձեռագիրներ ընդօրինակելու եկած են, նոյնիսկ Գլաձորի եւ Հերմոնի դպրոցներէն։

Աղթամարի գրչութեան կեդրոնէն մեզի հասած են պատմական եւ գեղարուեստական երկեր, բազմաթիւ նկարազարդ Աւետարաններ, Մաշտոցներ, Յայսմաւուրքներ, Տաղարաններ եւայլ ձեռագիրներ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (53) - Vatican News»։ www.vaticannews.va (հայերեն)։ 2025-07-06։ արտագրուած է՝ 2025-08-15
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։