Ակրանաթի Յանձնաժողով

Ակրանաթի Յանձնաժողով (եբրայերէն՝ ועדת אגרנט, արաբերէն՝ لجنة أجرانات, անգլերէն՝ Agranat Commission) ազգային քննչական յանձնաժողով մըն էր որ հիմնուեցաւ «Իսրայէլ»-ի պաշտպանութեան ոյժերու թերացումները քննելու համար 1973-ի պատերազմի նախօրէին [Եգիպտացիները զանիկա կը կոչեն՝ Հոկտեմբերեան Պատերազմ (արաբերէն՝ حرب أكتوبر), Սուրիացիները զանիկա կանուանեն Հոկտեմբերեան Ազատագրական պատերազմ (արաբերէն՝ حرب تشرين التحريرية), իսկ իսրայէլցիները՝ «Քաւութեան օր»-ուայ պատերազմ (եբրայերէն՝ מלחמת יום הכיפורים)], երբ պարզուեցաւ թէ Իսրայէլը պարտաստ չէր Եգիպտոսի («Պար Լէւ»-ի գիծին վրայ) եւ Սուրիոյ (Կոլանի ճակատին) միաժամանակեայ յարձակումին՝ պատերազմի առաջին փուլին, որու ընթացքին 2,812 իսրայէլցի զինուորներ սպաննուեցան:
Յանձնաժողովը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յանձնաժողովը Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ նշանակուած պաշտօնական Ազգային Քննչական Յանձնաժողով մըն էր (անգլերէն՝ National Commission of Inquiry)՝ 1973-ի պատերազմի բռնկումի հանգամանքները հետազօտելու համար: Յանձնաժողովի նախագահն էր Շիմօն Ակրանաթը՝ Իսրայէլի Գերագոյն Դատարանի Նախագահը: Անոր միւս անդամներն էին՝ Դատաւոր Մոշէ Լանտաու, Պետական Վերահսկիչ Իցխաք Նեպենզահլ եւ նախկին Գլխաւոր Շտապի Պետեր Եիգաէլ Եատին եւ Խայիմ Լասքով: Յանձնաժողովը նիստ գումարեց 140 անգամ, որոնց ընթացքին անոնք լսեցին 58 վկաներու վկայութիւնները:[1]
Ակրանաթիի յանձնաժողովը հիմնուեցաւ 21 Նոյեմբեր 1973-ին քննելու.
- 1973-ի պատերազմի նախօրէին Եգիպտական եւ Սուրիական ոյժերու շարժումներուն եւ պատերազմ սկսելու մտադրութեան մասին հետախուզական տեղեկութիւնները, անոնց գնահատումը, եւ պատասխանատու զինուորական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու կողմէ առնուած որոշումները:
- Իսրայէլի Պաշտպանական ոյժերու ընդհանուր տարածումն ու տեղակայումը պատերազմ մը տեղի ունենալու պարագային, անոր պատրաստակամութեան վիճակը 1973-ի պատերազմի նախօրէին, եւ անոր գործողութիւնները մինչեւ թշնամիի զսպումը:[2]
Յանձնաժողովը չքննեց պատերազմի յաջորդական փուլերը, երբ Իսրայէլի Պաշտպանական ոյժերը անցան յարձակողական դիրքի:
31 Դեկտեմբեր 1973-ին, պատերազմի պատճառով յետաձգուած ընտրութիւնները տեղի կ՚ունենան: Լիքուտը՝ նորաստեղծ քաղաքական կուսակցութիւնը, կը շահի 39 աթոռներ Քնեսեթի մէջ: Նորընտիր Քնեսեթի անդամ եւ Լիքուտի հիմնադիրներէն մէկը՝ պահեստի զօրավար Արիէլ Շարոն թերթի մը հարցազրոյց տալով կ՚ըսէ թէ ինք պիտի չհնազանդէր հրամաններուն, որոնք,- ըստ իրեն,- պետութեան կամ իր ենթականերուն շահերուն դէմ պիտի ըլլային: Հանրային մտահոգութիւնը այնքան մեծ կ՚ըլլայ, որ Շարոնէն կը պահանջուի Յանձնաժողովին առջեւ ներկայանալ, կ՚ընդունուի ասնոր վկայութիւնը թէ մէջբերումը կապուած էր յատուկ դէպքի մը հետ՝ որ տեղի ունեցած էր շատ բացառիկ հանգամանքներու տակ:
Եզրակացութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յանձնաժողովի տեղեկագիրը կը հրատարակուի երեք մասերով․[3]
- Միջանկեալ տեղեկագիրը, որ կը հրապարակուի 1974 թուակաին Ապրիլի 1-ին, կոչ կ՚ընէ պաշտօնանկ ընել ԻՊԲ-ի բարձրաստիճան զինուորականներ [Ռազմական Հետախուզութեան Պետ, զօրաբաժնի զօրավար (անգլերէն՝ Major General) Էլիահու Զէյրա, անոր տեղակալ կիսաբաժնի զօրավար (անգլերէն՝ Brigadier, հայերէնով նաեւ կը կոչուի աւագ գնդապետ) Արիէ Շալեւ, Եգիպտական Բաժանմունքի ղեկավար Փոխգնդապետ Եոնա Պէնտման, եւ Հարաւային Հրամանատարութեան գլխաւոր հետախուզութեան սպայ Փոխգնդապետ Տաւիտ Կետալիա։[4]], նշելով բանակի հետախուզութեան սխալ մօտեցումները, որոնք թերագնահատած էին պատերազմի սպառնալիքը:
- Վերջնական տեղեկագիրը, որ հրապարակուեցաւ 1975 Յունուար 30-ին, քննադատեց քաղաքացիական վերահսկողութեան պակասը զինուորականութեան վրայ եւ յանձնարարեց ստեղծել Հիմնական Օրէնքը՝ Բանակը (1975), որ պարզաբանեց ԻՊԲ-ի իրաւական կառուցուածքը: Ան նաեւ կարեւորեց բանակային կարգապահութեան հարցերը եւ որոշումներ կայացնելու գործընթացին մէջ զինուորական հետախուզութեան վրայ յենելու խնդիրները: Տեղեկագիրի եզրակացութիւնները յառաջացուցին նշանակալի քաղաքական եւ զինուորական փոփոխութիւններ, թէեւ որոշ քննադատութիւններ, ինչպէս Մոշէ Տայան նախարարին վերաբերեալները, չարծարծուեցան:
Յանձնաժողովի եզրակացութիւնը եւ այնքա՜ն վէճեր կը բռնկեցնէ, որ վարչապետ Կօլտա Մապօւիչ (որդեգրեալ անունը՝ Կօլտա Մէ՛իր) կը ստիպուի հրաժարիլ իր պաշտօնէն։
Ընկալում եւ քննադատութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ակրանաթի Յանձնաժողովի եզրակացութիւնները վիճայարոյց եղած են Իսրայէլի մէջ տարիներով ցայսօր: Քննադատութեան գլխաւոր առարկաներէն մին այն է, որ եզրակացութիւնը երկրի քաղաքական ղեկավարները պատասխանատուութենէ ազատումն էր, մասնաւորապէս պաշտպանութեան նախարար Տայանի արդարացումը: Յանձնաժողովի զեկոյցը նշած էր, թէ․ «քանի որ ան հետեւած էր իր խորհրդատուներու կարծիքին, անձնապէս պատասխանատուութիւն չկրէր»:
Յաւելեալ քննադատութիւն յարուցանուի, ի պատասխան յանձնաժողովի յանձնարարութիւններուն, որոնք բխած էին արաբական պետութիւններու մտադրութիւնը գնահատելու զինուորական հետախուզութեան ձախողութենէն: Ըստ յանձնաժողովին Իսրայէլի Պաշտպանական Ոյժէրը պէտք էր նկատի առնէին իրենց թշնամիներուն կարողութիւնները պատերազմին հետ կապուած, եւ ոչ թէ անոնց միտումները։
Երեսուն տարի ետք, Իսրայէլի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի ղեկավարը Կիորիա Էյլանտ կը գրէ թէ․ «Թէ՛ մտադրութիւնը նկատի չառնելու արգելքը, թէ՛ սպառնալիքներու կանխարգիլման վրայ կեդրոնացումը, որոնք Ակրանատի Յանձնաժողովի (զեկոյցի) երկու կեդրոնական ուղերձներն էին, խափանեցին ու եւ տարիներով յետաձգեցին Իսրայէլի Պաշտպանութեան Ոյժերու վերակառուցումն ու պատրաստակամութիւնը»:
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Frankel, William, Israel Observed: An Anatomy of the State. Thames and Hudson, 1980. Page 271.
- Dayan, Moshe, Story of My Life 1976. Page 592.
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Israel observed : an anatomy of the State / William Frankel - Catalogue | National Library of Australia»։ catalogue.nla.gov.au (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-03-01
- ↑ Dayan Moshe (1976)։ Moshe Dayan : story of my life։ Internet Archive։ New York : Morrow։ ISBN 978-0-688-03076-6
- ↑ For details about the Agranat Commission Report in general, and the imprint it has left on Israeli collective memory in particular, see Nadav G. Molchadsky, “The Agranat Commission Report and the Making of the Israeli Memory of the Yom Kippur War,” in Nadav G. Molchadsky(2015), History in the Public Courtroom: Commissions of Inquiry and Struggles over the History and Memory of Israeli Traumas, (Ph.D. Dissertation, University of California, Los Angeles), pp. 119-164.
- ↑ Dayan, page 606.