Ակնոց

«Ակնոց» (eyewear) եզրը կը գործածուի մարդոց երկու աչքերուն, երբեմն՝ միայն մէկ աչքին վրայ կրուող տարբեր սարքերու կամ պարագաներու ընդհանուր անուանումին համար։
Մէկ աչքի վրայ կրուող ակնոցը կը կոչուի «մոնոքլ»։
Պատմականօրէն ակնոցներու հիմնական նպատակը տեսողութիւնը բարելաւելն ու շտկելն էր, սակայն ժամանակի ընթացքին, անոնք զարգացած են նաեւ աչքերը պաշտպանելու, նորաձեւութեան եւ գեղագիտական նկատառումներու նպատակներով։

Ի. դարու վերջին շրջանին, ակնոցներ կը սկսին գործածուիլ նաեւ համակարգիչներու պաստառներէն պաշտպանուելու նպատակով[1]։
Ակնոց կամ աչքի այլ պարագայ կրելու հիմնական նպատակը կրողին կարիքէն կամ ցանկութենէն կախեալ է։ Ակնոցները տարբեր ձեւեր ունին, որոնց շարքին են սովորական ակնոցները, շփման ոսպնեակները, արեւային ակնոցները եւ բազմաթիւ այլ տեսակներ։ Ակնոցները եւ շփման ոսպնեակները մեծամասնութեան կ՚օգնեն աւելի յստակ տեսնելու կամ կարդալու։
Ակնոցները կրնան ծառայել նաեւ աչքերը պաշտպանելու։ Օրինակ՝ արեւային ակնոցները կը պաշտպանեն աչքերը արեւուն մանիշակագոյն ճառագայթներէն, որոնք առանց համապատասխան պաշտպանութեան կրնան վնասակար ըլլալ աչքերուն։ Աչքի ծածկոցները կը գործածուին վնասուած աչքերը յաւելեալ վնասումէ պաշտպանելու համար, իսկ պաշտպանիչ ակնոցները կը պաշտպանեն աչքերը փոշիէ, բեկորներէ, ջուրէ եւ այլ քիմիական նիւթերէ։

Ակնոցի որոշ տեսակներ կրողին տեսողութիւնը կը սահմանափակեն կամ ամբողջովին կը խոչընդոտեն։ Այսպիսիք են մարդոց համար նախատեսուած աչքերը կապող ծածկոցները եւ տեսադաշտը սահմանափակող սարքերը, ձիերու համար նախատեսուած աչքածածկերը, ինչպէս նաեւ թռչուններու, մասնաւորաբար ընտանի թռչուններու, տեսողութիւնը սահմանափակող սարքերը[2]։
Գոյութիւն ունին նաեւ մասնագիտացած կամ նեղ կիրառութեան համար նախատեսուած ակնոցներ։ Անոնց շարքին են փեղկաւորիչով եռաչափ համակարգերը եւ գիշերային տեսողութեան ակնոցները, որոնք նախատեսուած են ցած լուսաւորութեամբ միջավայրերու մէջ տեսողութիւնը բարելաւելու համար։

Արեւմտեան մշակոյթներու մէջ, 1950-ական թուականներուն, ակնոցներու լայն տարածումը զգալիօրէն կապուած էր նորաձեւութեան հետ։ Այդ շրջանին, առանձին ձեւաւորողներ եւ հանրածանօթ անձեր կը սկսին ակնոցներ, յատկապէս՝ արեւային ակնոցներ, հանրային վայրերու մէջ գործածել, ինչ որ կը նպաստէ անոնց ժողովրդականութեան աճին։

Ի. դարու երկրորդ կէսին, ակնոցի արդիւնաբերութեան ընդարձակումը մեծապէս վերագրուած է «Լիւքսոթիքա» (Luxottica ընկերութեան), որ ձեռք կը բերէ արեւմտեան մշակոյթի մէջ լայն ճանաչում գտած շարք մը վաճառանիշներ, որոնց շարքին՝ «Ray-Ban», «Persol», իսկ աւելի ուշ՝ «Oakley»։ Այս ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ արտադրանքի գիներու բարձրացումը, կը նպաստեն հանրութեան մէջ ակնոցներու ընկալուող հեղինակութեան եւ կարգավիճակի բարձրացման։
2010-ական թուականներէն մինչեւ 2020-ականներու սկիզբը, ակնոցներու զարգացման մէջ աստիճանաբար աւելի մեծ տեղ կը սկսի գրաւել անոնց գործնական եւ արհեստագիտական կիրառութիւնը։ Վաղ փորձերէն էին «Google Glass» եւ «Microsoft HoloLens» սարքերը, որոնք ակնոցի ձեւաչափով ընդլայնուած իրականութեան (augmented reality) կիրառութիւններ կը ներկայացնեն։ Աւելի ուշ այս ուղղութիւնը կը շարունակուի «Apple Vision Pro»ի նման սարքերով[3]։