Jump to content

Ականջի Ցաւ

Ականջի ցաւը (otalgia, earache) յաճախակի երեւցող ախտանշան մըն է, որ կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ առանց սեռի ու ցեղային խտրութեան: Անիկա ականջին շուրջը զգացուած ցաւն է[1]:

Ականջացաւը կը նկարագուի տարբեր-տարբեր որակումներով, օրինակ՝ մնայուն, խուլ, մակերեսային, խորունկ, սուր, զօրաւոր եւ հարուածային: Յաճախ անոր կ'ուղեկցին զանազան այլ ախտանշաններ՝ ըստ ականջացաւի ախտապատճառներուն:

Ականջացաւը ախտանշան մըն է եւ ոչ թէ ախտ մը: Անիկա կը յառաջանայ տեսակաւոր հիւանդութիւններէ եւ պատճառներէ, որոնք ունին երկու խմբաւորումներ՝ հիմնական-առաջնահերթ (primary) եւ երկրորդական (secondary) պատճառներ[2]:

Ա. Հիմնական-առաջնահերթ (primary) ախտապատճառներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնունդ կ'առնեն ականջի երեք բաժիններէն.

ա. Արտաքին ականջի հիւանդութիւններ եւ անբնական երեւոյթներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1. Մանրէական (bacterial) եւ ժահրային (viral) սովորական բորբոքումներ, որոնք կը յատկանշուին խլնային կամ թարախային ականջահոսքով եւ քերուըտուքով։

2. Ականջային սողնախտագօտի (herpes zoster auticus)՝ ժահրային յատուկ բորբոքում մը, որ կը յատկանշուի նաեւ քերուըտուքով եւ լսողական տկարութեամբ։

3. Սնկային (fungal) բորբոքում, որ կը յառաջանայ լողալէ եւ լոգանքէ ետք եւ կը յատկանշուի քերուըտուքով։

4. Մորթային զանազան հիւանդութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն քերուըտուք եւ թեփոտութիւն (scaling)։

5. Արտաքին հարուած-վիրաւորում (trauma) եւ ինքնավիրաւորում (autotrauma), որ կը պատահի ականջը մաքրելու ընթացքին: Բոլոր պարագաներուն բորբոքում կրնայ յառաջանալ։

6. Միջատներու խայթուածք եւ կենդանիներու խածուածք, որոնք բորբոքումի պատճառ կրնան ըլլալ։

7. Անցուղիի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, որոնք լսողական փոխանցման տկարութիւն կը ստեղծեն։

8. Օտար մարմիններու (foreign bodies) գոյութիւն անցուղիին մէջ, ուր տեղի կ'ունենան վիրաւորում, բորբոքում եւ լսողական փոխանցման տկարութիւն։

9. Անցուղիին մէջ ականջագէջի կուտակում, որ լսողական փոխանցման տկարութիւն կը յառաջացնէ:

բ. Միջին ականջի հիւանդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1. Մանրէական, ժահրային եւ սնկային բորբոքումներ, երբ տեղի կ'ունենան թմբկաթաղանթի վիրաւորում-ծակում (perforation), ականջահոսք, ականջաբզզիւն (tinnitus) եւ լսողական փոխանցման տկարութիւն։

2. Միջին ականջի զարկերակային ուռ (glomus tumor), որ կը յատկանշուի ականջի արիւնահոսութեամբ, ականջաբզզիւնով եւ լսողական փոխանցման տկարութեամբ։

3. Եւստաքեան խողովակի խցում, որ կը յառաջացնէ միջին ականջի բորբոքում, թմբկաթաղանթի վիրաւորում, ականջաբզզիւն եւ լսողական տկարութիւն։

4. Թմբկաթաղանթի ժահրային-տոպրակային բորբոքում (myringitis bullosa), ուր տեղի կ'ունենայ ականջահոսք եւ թմբկաթաղանթի վիրաւորում։

5. Միջին ականջի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, որոնք կը յառաջացնեն լսողական փոխանցման տկարութիւն եւ ականջաբզզիւն։

6. Լողալու, ընկղմելու, լեռ բարձրանալու եւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին պատահած միջին ականջի օդաճնշումի փոփոխութիւն, որուն հետեւանքով տեղի կ'ունենան ականջային արիւնահոսութիւն, լսողական տկարութիւն եւ ականջաբզզիւն։

7. Շատ զօրաւոր եւ բարձր ձայներու ենթակայութիւն, օրինակ՝ ուժգին պայթումներ, հրացանաձգութիւն, ռմբակոծում, աղմկարար մեքենաներ եւ գործարաններ, աղմկարար եւ բարձրաձայն երաժշտութիւն: Այս բոլորին պատճառով կը յառաջանան լսողական փոխանցման եւ ջիղերու տկարութիւն ու ականջաբզզիւն:

գ. Ներքին ականջի վատորակ ուռեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անոնք կը յառաջացնեն՝գլխապտոյտ, լսողական ջիղերու տկարութիւն եւ ականջաբզզիւն:

Բ. Երկրորդական (secondary) պատճառներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնունդ կ'առնեն ականջէն դուրս՝ մօտակայ կամ հեռաւոր անդամէ մը կամ հիւսկէնէ մը:

Երկրորդական ախտապատճառներով յառաջացած ականջացաւը կը կոչուի՝ յղուած ցաւ (referred pain):

Ականջացաւի երկրորդական պատճառներէն են՝

ա. Քնքածնօտային յօդաբորբ (temporomandibular arthritis), երբ տեղի կ'ունենայ քնքածնօտային ցաւ, ծամելու եւ ուտելու դժուարութիւն։

բ. Ակռաներու եւ լինտերու բորբոքումներ, որոնք կը յառաջացնեն ակռաներու եւ լինտերու ցաւ, ծամելու եւ ուտելու դժուարութիւն։

գ. Վիզի եւ գլխու վէրքեր եւ ուռեր, որոնք կը յատկանշուին տեղայնական ցաւով։

դ. Խռչափողատապ (laryngitis), որ ձայնի խռպոտութիւն եւ շնչահեղձութիւն կը յառաջացնէ։

ե. Կոկորդի բորբոքում, նշիկներու բորբոքում եւ նշկահատում, որոնց հետեւանքով տեղի կ'ունենան կոկորդի ցաւ, կլլելու դժուարութիւն եւ ջերմ։

զ. Գլխու եռեակ ջիղի ջղացաւ (trigeminal neuralgia), որ կը յատկանշուի դէմքի հարուածային ցաւով։

է. Խոռոչատապ (sinusitis), որուն ախտանշաններն են՝ թարախային քթահոսք, քիթի խցում, շնչարգելութիւն եւ ջերմ։

ը. Քթաըմբանի (nasopharynx), ըմբանի (pharynx) եւ ենթաըմբանի (hypopharynx) լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, որոնք պատճառ կը դառնան շնչահեղձութեան եւ կլլելու դժուարութեան։

թ. Ենթածնօտային եւ ենթալեզուային լորձունքաբեր գեղձերու բորբոքում, որոնք կը յառաջացնեն բերանի չորութիւն, ենթածնօտային եւ ենթալեզուային ուռեցք, ցաւ եւ ջերմ:

Ականջացաւը ինքնին ախտաճանաչումի չի կարօտիր: Սակայն անոր ախտապատճառները պէտք է, որ ախտաճանաչուին, որպէսզի կարելի ըլլայ ականջացաւին դարմանումը կատարել: Ականջացաւին դարմանումը կը կատարուի ըստ անոր ախտապատճառին: Այսինքն հիմնականօրէն պէտք է դարմանուի ականջացաւին ախտապատճառը: Սակայն մինչեւ որ ախտաճանաչումը կատարուի՝ ականջացաւը անմիջականօրէն մեղմացնելու միտումով ցաւաբեկ եւ հանդարտեցուցիչ դեղեր կը կիրարկուին:

Մանուկներու պարագային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանուկներու պարագային, ականջացաւը շատ յաճախակիօրէն պատահող ախտանշան մըն է: Մինչեւ երկու տարեկան մանուկը անկարող էբառացիօրէն գանգատելու եւ ըսելու, որ ականջացաւ ունի: Ոստի մանուկի մը ականջացաւ ունենալը կարելի է գիտնալ, հիմնուելով հետեւեալ երեւոյթներուն վրայ՝

1. Մանուկին ականջի անցուղիին մէջ գէջի կուտակում կը գտնուի,

2. Մանուկը շարունակ կը դպչի իր ականջին,

3. Մանուկը չափազանց ջղագրգիռ կ'ըլլայ,

4. Մանուկը շատ կու լայ եւ շարունակ գլուխը աջ ու ձախ կը շարժէ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]