Jump to content

Ածական

Ածական կամ Ածական անուն գոյի մը (գոյութիւն ունեցող բան, էակ[1]) յատկութիւնը կամ վերաբերութիւնը ցոյց տուող բառ:[2]

Որակական ածական

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առարկային յատկանիշը կամ յատկութիւնը (որպիսութիւնը) ցոյց տուող ածականը, [2]

ինչպէս՝

  • ճերմակ գլխարկ,
  • լայն փէշ,
  • երկար ճամբայ,
  • բարձր շէնք,
  • հիւրասէր մարդ,
  • հեզաճկուն աղջիկներ...[2]

Յարաբերական ածական

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առարկային վերաբերութիւնը ցոյց տուող ածականը: Յարաբերական ածականները մեծ մասով կ’արտայայտեն գոյականին ուրկէ՛կամ ինչէ՛սերած կամ ծագած ըլլալը,[2]

ինչպէս՝

  • դաշտային ծաղիկ,
  • հայկական պար,
  • ժողովրդային հաւաք,
  • արծաթեայ դգալ:

Անոնք կրնան ունենալ գոյականի սեռական եւ բացառական հոլովներու իմաստ.

  • զինուորի տարազ – զինուորական տարազ,
  • մօր սէր –մայրական սէր,
  • դաշտի ծաղիկ – դաշտային ծաղիկ,
  • ոսկիէ ապարանջան – ոսկեայ ապարանջան,
  • արծաթէ դգալ – արծաթեայ դգալ:[2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Բառգիրք հայերէն լեզուի։ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 1998։ Էջ 83։
  2. 1 2 3 4 5 Չոլաքեան, Յակոբ. Գործնական Արեւմտահայերէն. Երեւան: Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի հրատարակչութիւն, 2018. 359 էջ. ISBN 9789953044552.