Ալպէրթ Փերսընս
| Ալպէրթ Փերսընս անգլերէն՝ Albert Parsons | |
|---|---|
|
| |
| Ծնած է | 20 Յունիս 1848 |
| Ծննդավայր | Մոնթգոմերի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
| Մահացած է | 11 Նոյեմբեր 1887[1] (39 տարեկանին) |
| Մահուան վայր | Շիքակօ, Իլինոյս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
| Քաղաքացիութիւն |
|
| Մասնագիտութիւն | լրագրող, հրատարակիչ և գրաշար |
| Կուսակցութիւն | Ամերիկայի Հանրապետական Կուսակցութիւն |
| Ամուսին | Լյուսի Փարսոնս? |
Ալպէրթ Փերսընս (անգլերէն՝ Albert Parsons, 20 Յունիս 1848, Մոնթգոմերի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 11 Նոյեմբեր 1887[1], Շիքակօ, Իլինոյս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), եղած է ամերիկացի ձախակողմեան թերթի խմբագիր, հռետոր եւ աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպան[2]։ Պատանի տարիքին, Ամերիկեան Քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, Թեքսասի մէջ ծառայած է Ամերիկայի Դաշնակից Նահանգներու (Կոնֆետերասիոն) զինուորական ուժերուն մէջ։ Պատերազմէն ետք դարձած է նախկին ստրուկներու իրաւունքներու պաշտպան, իսկ աւելի ուշ՝ Հանրապետական կուսակցութեան պաշտօնեայ՝ Վերակառուցման շրջանին։ 1873-ին, իր կնոջ՝ Լուսի Փերսընսի հետ փոխադրուած է Շիքակօ եւ աշխատած թերթերու մէջ։ Այնտեղ սկսած է հետաքրքրուիլ աշխատաւորներու իրաւունքներով։ 1884-ին ստանձնած է «Տի Ալարմ» թերթի խմբագրութիւնը։ 1887-ին, Փերսընս Շիքակոյի չորս արմատական առաջնորդներէն մէկն էր, որոնք վիճայարոյց կերպով դատապարտուեցան դաւադրութեան մեղադրանքով եւ կախաղան հանուեցան ոստիկանութեան դէմ տեղի ունեցած ռումբի հարուածէն ետք, որ ծանօթ է որպէս «Հէյմարքէթի դէպք»[3]։
Կենսագրական գիծեր[4]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փերսընս ծնած է 20 Յունիս 1848-ին, Ալապամայի Մոնթկոմերի քաղաքը[5]։ Ան կօշիկի եւ կաշիի գործարանատիրոջ տասը զաւակներէն մէկն էր․ ընտանիքը ծագումով Մէյն նահանգէն էր[6]։
Փերսընս իր նախնիները կը նկարագրէր իբրեւ վաղ շրջանի անգլիացի գաղթականներ, որոնցմէ Փերսընս ընտանիքի առաջին ներկայացուցիչները հասած էին Նարականսէթ Ծոց՝ ներկայիս Ռոտ Այլընտ նահանգը, 1632-ին[7]։ Մօր կողմէ նախնիներէն՝ Թոմփքինսներէն մէկը, Ամերիկեան Յեղափոխութեան ընթացքին եղած է Ճորճ Ուաշինկթընի հետ եւ մասնակցած՝ Պրենտիուայնի ճակատամարտին։ Ան նաեւ Մասաչուսեցէն զօրավար-մայոր Սամուէլ Հոլտըն Փերսընսի՝ Յեղափոխութեան մէկ այլ սպայի, ինչպէս նաեւ Պանքըր Հիլի ճակատամարտին վիրաւորուած հարիւրապետ Փերսընսի շառաւիղէն էր։
Ծնողները մահացան, երբ ան դեռ փոքր էր եւ տղուն դաստիարակութիւնը ստանձնեց անոր երէց եղբայրը՝ Ուիլիըմ Հենրի Փերսընսը, որ ամուսնացած էր եւ Թեքսասի Թայլըր քաղաքին մէջ «Թայլըր Թելեկրաֆ» փոքր թերթի տէրն էր։ 1850-ականներուն, ընտանիքը Թայլըրէն փոխադրուեցաւ Ճոնսըն Գաւառ՝ երեք տարի ապրելով սահմանամերձ շրջանին մէջ[8]։ Ասկէ ետք, անոնք դարձեալ փոխադրուեցան Թեքսասի Հիլ Քանթրի շրջանը՝ ագարակ հիմնելով Պրազոս գետի հովիտին մէջ։
1859-ին, 11 տարեկան հասակին, Փերսընս հեռացաւ եղբօր տունէն՝ քրոջ հետ ապրելու համար Թեքսասի Ուէյքօ քաղաքը։ Փերսընս մօտ մէկ տարի յաճախեց դպրոց, ապա թողուց ուսումը՝ աշակերտելու համար «Կալվեսթըն Տէյլի Նիւզ» թերթին մէջ․ հոլովոյթ մը, որ Փերսընս որակած է իբրեւ եօթ տարուան «պայմանագրային ծառայութիւն»՝ տպագրական արհեստը վարժուելու համար։
Քաղաքացիական պատերազմ եւ Վերակառուցում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1861-ին Ամերիկեան Քաղաքացիական պատերազմի ծագումը, կամ «ստրկատէրերու ապստամբութիւնը», ինչպէս ինք աւելի ուշ կոչեց զայն, պատճառ դարձաւ, որ Փերսընս ձգէ տպագրիչի աշկերտի կամ թերթ վաճառողի իր գործը։ 13 տարեկանին, Փերսընս կամաւորագրուեցաւ կռուելու Ամերիկայի Դաշնակից Նահանգներու (Կոնֆետերասիոն) կողմը՝ «Լոն Սթար Կրէյզ» անունով ոչ կանոնաւոր զօրամասի մը մէջ։ Փերսընսի առաջին զինուորական գործողութիւնը եղաւ «Մորկան» մարդատար շոգենաւուն վրայ, որ արշաւեց դէպի Մեքսիքական Ծոց՝ կասեցնելու եւ ձերբակալելու զօրավար Տէյվիտ Է․ Թուիկսի ուժերը, որոնք դուրս եկած էին Թեքսասէն դէպի Ուաշինկթըն։
Վերադարձին, Փերսընս փորձեց արձանագրուիլ Կոնֆետերասիոն կանոնաւոր բանակին մէջ, գաղափար մը, որ ծաղրուեցաւ անոր այն ատենուան գործատիրոջ եւ խնամակալին՝ «Կալվեսթըն Տէյլի Նիւզ» թերթի հրատարակիչ Ուիլարտ Ռիչարտսընի կողմէ։ Փերսընս ձգեց իր գործը թերթին մէջ եւ միացաւ Թեքսասի Սապին Փաս շրջանին մէջ շտապով կառուցուած բերդի մը հրետանիի վաշտին, ուր իր երէց եղբայրը հետեւակային վաշտի հրամանատար էր։ Տարի մը շարունակ Փերսընս մասնակցեցաւ զինուորական վարժանքներու եւ ծառայեց իբրեւ «վառոդակիր»՝ թնդանոթաձիգներուն համար։ Իր առաջին ծառայութեան ժամկէտի աւարտէն ետք, Փերսընս հեռացաւ Սապին բերդէն՝ միանալու համար այն եղբօր հեծելազօրին, որ նախապէս զինք Թեքսաս բերած էր՝ Թեքսասի Հեծելազօրի 12-րդ Գունդին, որ ծանօթ էր նաեւ իբրեւ «Փերսընսի Հեծեալ Կամաւորներ»։ Ալպէրթ Փերսընս «ՄաքԻնոլիի Հետախոյզներ»-ու անդամ էր եւ մասնակցեցաւ ճակատամարտերու՝ երեք առանձին արշաւանքներու ընթացքին։
Պատերազմէն ետք, Փերսընս վերադարձաւ Ուէյքօ եւ իր ճորին փոխանակեց 40 աքր (160,000 քմ²) կանգուն ցորենի արտի հետ։ Ան վարձեց նախկին ստրուկներ՝ բերքահավաքին օգնելու համար, եւ բերքի վաճառքէն շահեցաւ բավարար դրամ՝ Ուէյքոյի Համալսարանին մէջ (որ այսօր ծանօթ է որպէս Պէյլոր, մկրտչական անհատական քոլէճ) վեց ամսուան ուսման վարձքը վճարելու համար։
Քոլէճի շրջանէն ետք, Փերսընս հեռացաւ տպագրական արհեստին վերադառնալու համար․ նախ աշխատեցաւ տպարանի մը մէջ, ապա 1868-ին հիմնեց իր սեփական թերթը՝ «Ուէյքօ Սփեքթէյթըր» (Waco Spectator)։ Իր թերթին մէջ Փերսընս որդեգրեց անժողովրդական դիրքորոշում մը՝ ընդունելով անձնատուութեան պայմանները եւ Վերակառուցման միջոցառումները, որոնք ուղղուած էին նախկին ստրուկներու քաղաքական իրաւունքներու ապահովման։ Ասիկա վճռորոշ պահ դարձաւ 20-ամեայ երիտասարդին կեանքին մէջ, ինչպէս ինք աւելի ուշ հիշած է իր հուշերուն մէջ․
Ես դարձայ Հանրապետական[9], եւ, բնականաբար, ստիպուած էի մտնել քաղաքականութեան մէջ։ Ասոր հետեւանքով ես արժանացայ զինուորական նախկին ծառայակիցներէս շատերու, դրացիներու եւ Քու Քլուքս Քլանի (Ku Klux Klan) ատելութեանն ու արհամարհանքին։ Իմ քաղաքական ասպարէզս լեցուն էր յուզումներով եւ վտանգներով։ Ես ատեան բարձրացայ՝ համոզումներս պաշտպանելու համար։ Երկրի լայն տարածքի վրայ նոր ազատագրուած ստրուկները սկսան զիս ճանչնալ եւ պաշտել իբրեւ իրենց բարեկամն ու պաշտպանը, մինչ միւս կողմէ նախկին ընկերակիցներէս շատեր զիս կը նկատէին քաղաքական հերձուածող եւ դաւաճան։
1869-ին, ձգելով տպագրական գործը, Փերսընս պաշտօն ստանձնեց իբրեւ շրջիկ թղթակից եւ գործակալ «Հիւսթըն Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթին համար, որուն ընթացքին ալ հանդիպեցաւ Լուսի Էլլա Կոնզալեսին (կամ Ուոլըր)՝ բազմէթնիկ ծագում ունեցող կնոջ մը։ Զոյգը ամուսնացաւ 1872-ին, եւ Լուսի Փերսընս աւելի ուշ ինքնին հռչակաւոր դարձաւ իբրեւ արմատական քաղաքական գործիչ։
1870-ին, Փերսընս օգտուեցաւ Հանրապետականներու քաղաքական հովանաւորութենէն, երբ նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներքին Եկամուտներու փոխ-գնահատող՝ Իւլիսիզ Ս․ Կրանթի վարչակազմի օրով։ Ան նաեւ աշխատեցաւ իբրեւ Թեքսասի Պետական Ծերակոյտի քարտուղար, նախքան Թեքսասի Օսթին (Austin, Texas) քաղաքին մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներքին Եկամուտներու գլխաւոր տեղակալ-հաւաքագրող նշանակուիլը, պաշտօն մը, որ վարեց մինչեւ 1873։
1873-ի ամռան, Փերսընս լայնարձակ ճամբորդութիւններ կատարեց Միացեալ Նահանգներու Միջին-Արեւմուտքի մէջ իբրեւ «Թեքսաս Ակրիկալչըրիսթ» թերթի ներկայացուցիչ՝ ստանալով երկրի մասին աւելի լայն պատկերացում, եւ որոշեց կնոջ հետ հաստատուիլ Շիքակօ։ Այս մեծ քաղաքը փոխադրուելով՝ Փերսընսի կեանքին մէջ սկսաւ նոր գլուխ մը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ horizon_admin։ «Մայիս 1-ը` Աշխատանքի Եւ Աշխատաւորներու Միջազգային Տօն» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2026-08-01
- ↑ (անգլերեն) Albert Parsons, 2026-07-08, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Albert_Parsons&oldid=1363119382, վերցված է 2026-08-05
- ↑ (անգլերեն) Albert Parsons, 2026-07-08, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Albert_Parsons&oldid=1363119382, վերցված է 2026-08-05
- ↑ There is a typographical error in the printed edition of Parsons' memoirs. See for an image of a page of Parsons' autobiography giving his birthdate as June 20 in his own hand.
- ↑ Albert R. Parsons, Life of Albert R. Parsons: With Brief History of the Labor Movement in America. Chicago: Lucy E. Parsons, 1889; pg. 6.
- ↑ Parsons, Life of Albert R. Parsons, pp. 6-7.
- ↑ Parsons, Life of Albert R. Parsons, pg. 7.
- ↑ In the 19th Century the Republican Party was the political party containing elements which favored a radical restructuring of society, while the Democratic Party was the voice of established order, particularly with respect to race relations in the South. In the 1890s the political orientations of these two organizations flipped, with the Republican Party becoming the voice of solid currency and the interests of domestic manufacturers while the Democratic Party gradually became the voice of the organized labor movement.