Ալպերթ Աղազարեան

Ալպերթ Աղազարեան
Ծնած է 1950[1]
Ծննդավայր Երուսաղէմ
Մահացած է 30 Յունուար 2020(2020-01-30)[2] կամ 30 Յունիս 2020(2020-06-30)
Մահուան վայր Երուսաղէմ
Քաղաքացիութիւն  Պաղեստին
Ուսումնավայր Բիրզեյթի համալսարանին?[3]
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
«Ճորճթաուն» համալսարան
Պիրզեթ Համալսարան
Մասնագիտութիւն պատմաբան

Ալպերթ Աղազարեան (1950[1], Երուսաղէմ - 30 Յունուար 2020(2020-01-30)[2] կամ 30 Յունիս 2020(2020-06-30), Երուսաղէմ[4]), պատմաբան, երուսաղէմագէտ: Պատմաբան Ալպերթ Աղազարեան հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է իր աշխատութիւններով Երուսաղէմի պաղեստինեան պատկանելիութիւնը ապացուցելու առումով: Ան կը տիրապետէր արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, հայերէն, Եբրայերէն, թրքերէն, եւ սպաներէն լեզուներուն:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմաբան Ալպերթ Աղազարեան 1970-ին աւարտած է Պիրզեթ համալսարանը, 1979-ին ստանձնած է նոյն համալսարանի ընդհանուր յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէնութիւնը մինչեւ 2002, եւ եղած է պատմութեան դասախօս:

1972-ին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան (AUB) ստացեր է Քաղաքագիտութեան պսակաւոր արուեստի աստիճան:

1979 -ին Ուաշինկթըն ԱՄՆ Georgetown համալսարանը աւարտելէ ետք ստացեր է Արաբական եւ իսլամական հետազօտութիւններու մագիստրոսի կոչումը։

Ուսումնասիրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, պատմագիտական յօդուածներ, տուած է անհամար դասախօսութիւններ:

Երուսաղէմի մասին անոր հրատարակութիւնները մեծաթիւ չեն, սակայն ան ծանօթ է իբրեւ աշխարհի լաւագոյն երուսաղէմագէտը:

Պարգեւատրում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարգեւատրուած է Պելճիքայի թագաւորին կողմէ` Պաղեստինեան դատը միջազգային հարթակներու վրայ լաւապէս ներկայացնելուն եւ անոր տարածման մէջ իր ներդումը ունենալուն համար:

Պաղեստինեան իշխանութեան մշակոյթի նախարարութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պաղեստինեան իշխանութեան մշակոյթի նախարարութիւնը բարձր գնահատած է Ալպերթ Աղազարեանի ներդրումը Երուսաղէմը պատմական դիտանկիւնէ ծանօթացնելու գործին մէջ։ Անոր մահուան առիթով նախարարութիւնը յատուկ յայտարարութեամբ մը նշած է, թէ պաղեստինցի ժողովուրդը կորսնցուցած է միջազգային հարթակներու եւ մակարդակի վրայ Պաղեստինեան դատի ամէնէն թունդ պաշտպաններէն մէկը:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ցաւակցութիւն յայտնեց պաղեստինցի ժողովուրդին` «պաղեստինեան ազգային իրաւունքներու պաշտպան Ալպերթ Աղազարեանի» մահուան առիթով:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Միջազգային տիպօրինակ անունների նույնացուցիչ — 2012.
  2. 2,0 2,1 2,2 AlKindi (Դոմինիկյան Արևելագիտության ինստիտուտի առցանց կատալոգ)
  3. Գերմանիայի ազգային գրադարան — 1912.
  4. «Keghart.com»։ Keghart.com (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-03-29-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-30 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]