Jump to content

Ալկորիթմ

Մէկ էջ Քիթապ ալ-ժապր ուալ֊մուքապալա («Գիրք գումարման եւ հանման») գիրքէն:

Ալկորիթմը կամ «հաշուարկի կանոն»ը, (ֆրանսalgorithme, արաբ․ al-Khwarizmi ) հրահանգներու շարք մըն է, որոնք պէտք է իրարու հետեւին՝ ճշգրիտ արդիւնք մը ստանալու համար[1]:

Անիկա քայլ առ քայլ հաշուարկային գործընթաց է։

Ալկորիթմը միշտ ունի սկիզբ, յաջորդական քայլեր եւ աւարտ։ Անիկա կրնայ գրուիլ բառերով, ցուցակով կամ ծրագիրի (ծածկագիրի) տեսքով։

Ալկորիթմ իրականացնողը գլխաւորաբար համակարգիչներն ու այլ սարքաւորումներն են, սակայն ալկորիթմը պարտադիր չէ, որ կապուած ըլլայ ծրագրաւորման հետ։ Ուտեստի բաղադրատոմսը նոյնպէս կարելի է ալկորիթմ համարել։

Համակարգիչի աշխարհին մէջ, ալկորիթմները անհրաժեշտ դարձած են: Շատ տարբեր տեղեկութիւններու հիմամբ արդիւնք մը ստանալու համար, տիճիթըլ ալկորիթմը կրնայ վերլուծել մեծ թիւով փուլեր: Այս ձեւով, օրինակի համար, ինքնաշարժին GPS-ը ալկորիթմներ կը գործածէ գոյութիւն ունեցող բոլոր ճամբաներու կարողութիւններէն, երթեւեկութենէն՝ գտնելու համար ամէնէն կարճ ճամբան[2]:

Ալկորիթմ բառը ծագած է Թ. դարուն, արաբ մաթեմաթիկոս Մուհամմատ ալ-Խուարիզմիի (al-Khwarizmi) անունէն, որ հռչակաւոր էր իր գիրքերով՝ թուաբանութեան, հաշուարկներու եւ լուծման կանոններու մասին։ Անոր անունը լատիներէնով արտասանուած՝ Ալկորիթմի, ժամանակի ընթացքին դարձած է գիտական անուն։

Միջին դարերու աշակերտները ալկորիթմ կ'անուանէին ամէն կանոնաւոր հաշուարկային ընթացք։ Ժամանակակից գիտութիւնը ալկորիթմը կը սահմանէ իբրեւ․

Յստակ ու վերջաւորութիւն ունեցող քայլերու շարք մը, որ ի վիճակի է մեքենայով կամ մարդոց կողմէ գործադրուիլ՝ տրուած խնդիրի մը լուծման համար։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]