Jump to content

Ալիս Կրիֆիթ Քար

Ալիս Կրիֆիթ Քար
Alice Griffith Carr
Ծնած է 1887[1]
Մահացած է 1968
Մասնագիտութիւն Հիւանդապահ

Ալիս Կրիֆիթ Քար (անգլ․՝ Alice Griffith Carr, 6 Յունուար 1887, Օհայօ, Ա․Մ․Ն․ – 8 Յուլիս 1968) ամերիկացի բուժքոյր եւ օգնութեան աշխատող։ Ան աշխատած է Ամերիկեան Կարմիր Խաչին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնադրամին հետ՝ Առաջին Աշխարհամարտէն ետք Յունաստանի մէջ գտնուող հայ եւ յոյն գաղթականներուն աջակցելու համար։

Առաջին տարիներ եւ կրթութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քար ծնած է Ելոու Սփրինկս, Օհայօ եւ դուստրն է Ուալաս Ուիլիամ Քարի եւ Մերի Լէտլի Քարի: Ան 1904-ին աւարտած է Անթիոք Գոլէճը, իսկ բուժքոյրական իր փորձավարժութիւնը Ճոնս Հոփքինս Բուժքոյրերու Ուսման Դպրոցին մէջ ձեռք բերած է (1914): Աւելի ուշ, Օհայոյի Պետական Համալսարանը ու Անթիոք Գոլէճը պատուակալ դոկտորական տիտղոսներ իրեն շնորհած են։

Համալսարանական ուսման եւ բուժքոյրական դպրոցին միջեւ, Քար ուսուցչութիւն ըրած է եւ աշխատած է որպէս գեղեցկութեան մասնագէտ։ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, 1917-ին, Ամերիկեան Կարմիր Խաչին հետ Ֆրանսա գացած է եւ Վերտանի հիւանդանոցին մէջ երկու տարի աշխատած է ։ Պատերազմէն ետք, Կարմիր Խաչը զինք ղրկած է աշխատելու Լեհաստան, Լիթուանիա, Սերպիա, Զմիւռնիա, Չեխոսլովաքիա եւ Սուրիա։ «Իմ պատերազմի փորձառութիւնս զիս բարձր լարուածութեան մէջ ձգեց,» բացատրեց ան 1936-ին։ «Ես ինծի խաղաղ կեանքի համար դարձեալ յարմար չէի զգար։»

Քար միացաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնարկին Յունաստանի մէջ 1923-ին, եւ շուտով դարձաւ հիմնարկին Հանրային Առողջապահութեան տնօրէնը Յունաստանի մէջ: Ան բացաւ դարմանատուներ, կազմակերպեց հանրային առողջապահութեան եւ հաստատութենական միջոցներ՝ բծաւոր տիֆուսի, մալարիայի, տենկի ջերմութեան եւ թոքախտի դէմ պայքարելու համար, ինչէս նաեւ աշխատեցաւ կանխարգելման, առողջապահական կրթութեան, մանուկներու բարօրութեան, սնունդի եւ հականեխիչ նախագիծերու վրայ:

Քար եւ մնացեալ ամերիկացիները ստիպուած եղան Յունաստանը լքել 1941-ին, Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին։ «Այժմ յոյս չկայ։ Ոչ կերակուր կայ, ոչ դեղեր, ոչինչ, եւ ոչ ալ միջոց մը որեւէ բան ձեռք ձգելու», յայտնած է ան Լիզպոնի մէջ լրագրողներուն։ Ան շարունակեց իր աշխատանքը Նիու Եորքէն, որպէս Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնադրամին հանրային առողջապահական խորհրդատուն։ Դասախօսեց 1940-ականներուն Յունաստանի մէջ հիմնադրամին կատարած աշխատանքին մասին եւ քաջալերեց երիտասարդ կիներուն հետեւելու իր օրինակին. «Եթէ արկածախնդրութիւն կը փնտռէք, եթէ կ’ուզէք գործունեայ ասպարէզ մը ունենալ վերակառուցման մեծ ժամանակաշրջանին՝ որ պիտի հետեւի այս պատերազմի կործանումէն ետք, բուժքոյրութիւն ուսումնասիրեցէ՛ք»։

Քարրին շնորհուած է Սուրբ Գէորգի Արծաթեայ Շքանշանը եւ Փիւնիկէի Շքանշանի Արծաթեայ Խաչը Յունական կառավարութեան կողմէ 1934-ին, ինչպէս նաեւ Յունական Առողջապահական Բաժանմունքէն ոսկեայ մետալ մը։ Նոյն տարին ան նաեւ ստացած է Միջ-Պալքանեան Գլխաւոր Մրցանակը։

Անձնական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քար 1948-ին հանգստեան կը կոչուի եւ Ֆլորիտա կը հաստատուի։ Օհայոյի Ուայթ Սթէյթ համալսարանը ունի Քարի գրութիւններուն մեծ հաւաքածօ մը, ներառեալ նամակագրութիւններն ու լուսանկարները։

Կը մահանայ 1968-ին, 81 տարեկանին, Մելպըրն Վիլաճ, Ֆլորիտա։

[2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]