Ալեքսէյ Փաժիթնով
| Ալեքսէյ Փաժիթնով ռուս.՝ Алексей Леонидович Пажитнов | |
|---|---|
|
| |
| Ծնած է | 16 Ապրիլ 1955[1] (71 տարեկան) |
| Ծննդավայր | Մոսկուա, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն |
| Քաղաքացիութիւն |
|
| Մայրենի լեզու | ռուսերէն |
| Ուսումնավայր | Մոսկվայի ավիացիոն ինստիտուտ? |
| Երկեր/Գլխաւոր գործ | Թեթրիս (խաղ) |
| Մասնագիտութիւն | ծրագրավորող, համակարգչային գիտնական, Խաղի դիզայներ, թուաբանագէտ, գործարար և video game developer |
| Աշխատավայր | Մայքրոսոֆթ? և ՌԴ ԳԱ Ա․ Դորոդնիցինի անվան հաշվողական կենտրոն? |
Ալեքսէյ Լէոնիտովիչ Փաժիթնով (ծնած՝ 16 Ապրիլ 1955) ռուս եւ ամերիկացի համակարգչային ճարտարագէտ եւ տեսախաղեր նախագծող[2]։
Ան ծանօթ է իբրեւ «Թեթրիս» խաղը ստեղծողը, նախագծողը եւ մշակողը։
Խաղը ստեղծած է 1985-ին, երբ կը գործէր Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիոյ (ներկայիս՝ Ռուսաստանի Գիտութիւններու ակադեմիա) Դորոտնիցինի Հաշուարկային Կեդրոնին մէջ։
1991-ին Փաժիթնով կը տեղափոխուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, իսկ հետագային կը ստանայ ամերիկեան քաղաքացիութիւն։
1996-ին, ան հոլանտացի տեսախաղեր նախագծող Հենք Ռոճըրզի հետ միասին, կը հիմնէ «The Tetris Company»ն։
Թէեւ «Թեթրիս»ը հսկայական ժողովրդականութիւն կը վայելէ ամբողջ աշխարհի տարածքին, Փաժիթնով մինչեւ այդ ատեն խաղէն հեղինակային վճարումներ (royalties) չէր ստացած, քանի որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն առաջ, խաղին իրաւունքները կը պատկանէին պետութեան[3]։
Խորհրդային Միութիւնը կը լուծարուի 1991-ին։
Վաղ շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ալեքսէյ Փաժիթնով ծնած է 16 Ապրիլ 1955-ին, Մոսկուայի մէջ, ռուս գրող ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը արուեստի քննադատ էր, իսկ մայրը՝ լրագրող, որ կը գրէր թէ՛ օրաթերթերու, թէ՛ շարժապատկերին նուիրուած ամսագիրի մը համար։ Ծնողքին շնորհիւ Փաժիթնով փոքր տարիքէն կը ծանօթանայ արուեստի աշխարհին եւ աստիճանաբար յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ շարժապատկերի նկատմամբ։ Ան բազմաթիւ շարժապատկերային ցուցադրութիւններու կը մասնակցէր մօրը հետ, ներառեալ՝ Մոսկուայի Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնը[4]։
Փաժիթնով նաեւ յատուկ ընդունակութիւն ունէր թուաբանութեան նկատմամբ եւ մեծ հաճոյքով կը զբաղէր գլուխկոտրուկներով եւ խնդիրներու լուծումով։
1967-ին, երբ ան տասնմէկ տարեկան էր, ծնողքը կը բաժնուին։ Քանի մը տարի մօրը հետ կ'ապրի պետութեան պատկանող մէկ ննջասենեակ ունեցող բնակարանի մը մէջ։ Երբ Փաժիթնով տասնեօթը տարեկան էր, մայր ու որդի վերջապէս կը տեղափոխուին Գերցըն փողոցի թիւ 49 հասցէին գտնուող սեփական բնակարան մը[5]։
Հետագային, կ'ուսանի Մոսկուայի Օդանաւաշինութեան Հիմնարկին մէջ՝ մասնագիտանալով կիրառական թուաբանութեան բնագաւառին մէջ։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1977-ին, Ալեքսէյ Փաժիթնով ամառնային գործնական ուսուցում (internship) կը կատարէ Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիոյ մէջ։
1979-ին, համալսարանը աւարտելէ ետք, աշխատանքի կ'անցնի ակադեմիոյ Դորոտնիցինի Հաշուարկային Կեդրոնին մէջ, ուր կը զբաղէր խօսքի ճանաչման (speech recognition) համակարգերու մշակմամբ։
Ամէն անգամ, երբ Հաշուարկային Կեդրոնը նոր համակարգչային սարքաւորումներ կը ստանար, հետազօտողները անոնց հաշուարկային կարողութիւնները փորձարկելու համար փոքր ծրագիր մը կը գրէին։ Ինչպէս Փաժիթնով հետագային յիշած է, այս հանգամանքը իրեն «խաղեր ստեղծելու արդարացումը» կու տայ։ Համակարգչային խաղերը զինք կը հրապուրէին, որովհետեւ անոնք հնարաւորութիւն կու տային տրամաբանութիւնն ու զգացական աշխարհը միացնելու։ Ան վաղուց հետաքրքրուած էր թէ՛ թուաբանութեան գլուխկոտրուկներով, թէ՛ համակարգչային հոգեբանութեամբ։
Նոր գաղափարի որոնումներուն ընթացքին, Փաժիթնով կը յիշէ մանկութեան տարիներուն խաղացած Պենթոմինօ խաղը, ուր տարբեր ձեւերու օգնութեամբ պատկերներ կը կազմուէին։ Ան կը յիշէ նաեւ, թէ որքան դժուար էր խաղի կտորները կրկին տուփին մէջ դասաւորելը, եւ այդ գաղափարէն ներշնչուելով կ'որոշէ ստեղծել նոր խաղ մը։
Հաշուարկային Կեդրոնին մէջ օգտագործելով «Electronika 60» համակարգիչը՝ կը սկսի մշակել այն խաղը, որ հետագային պիտի դառնար «Թեթրիս»։
Առաջին նախատիպը կը պատրաստէ ընդամէնը երկու շաբթուան ընթացքին, ապա երկար ժամանակ կը տրամադրէ խաղը փորձարկելու եւ կատարելագործելու վրայ։
Խաղը կ'աւարտէ 6 Յունիս 1985-ին։ Թէեւ այս նախնական տարբերակը ո՛չ մակարդակ ունէր, ո՛չ ալ միաւորներու հաշուարկման համակարգ, Փաժիթնով համոզուած էր, որ բացառիկ խաղ մը ստեղծած է, որովհետեւ ինք անգամ չէր կրնար դադրիլ զայն խաղալէ աշխատանքի ժամերուն։
«Թեթրիս»ը շուտով կը հետաքրքրէ իր գործընկերները, որոնց շարքին էր ծրագրաւորող Տմիթրի Փեւլովսքին, որ Փաժիթնով կը ծանօթացնէ տասնվեցամեայ գործնական ուսանող Վատիմ Գերասիմովին։ Փաժիթնով կը փափաքէր ստեղծել խաղին գունաւոր տարբերակը «IBM Personal Computer»ի համար եւ այդ գործին մէջ կը ներգրաւէ Գերասիմովը։ Վերջինս երեք շաբաթէն ալ նուազ ժամանակի մէջ կը պատրաստէ անձնական համակարգիչի տարբերակը, իսկ Փեւլովսքիի աջակցութեամբ շուրջ մէկ ամիս շարունակ խաղին կ'աւելցնէ նոր հնարաւորութիւններ, ինչպէս՝ միաւորներու հաշուարկ եւ ձայնային ազդեցութիւններ։ Խաղը, որ սկզբնապէս կը տարածուի Խորհրդային Միութեան մէջ, 1988-ին միջազգային շուկայ մուտք կը գործէ «Mirrorsoft եւ Spectrum Holobyte» ընկերութիւններուն միջոցով։
Հետագային, Փաժիթնով կը ստեղծէ «Թեթրիս»ի շարունակութիւնը՝ «Welltris» անունով։ Ան կը պահպանէր բնօրինակ խաղին հիմնական սկզբունքը, սակայն կը ներկայացուէր եռաչափ միջավայրի մը մէջ, ուր խաղացողը խաղադաշտը կը դիտէր վերեւէն։
«Թեթրիս»ի արտօնագրման եւ տարածման իրաւունքները կը տնօրինէր խորհրդային «ELORG» ընկերութիւնը, որ Խորհրդային Միութեան մէջ համակարգչային սարքաւորումներու եւ ծրագրային ապահովման ներմուծման ու արտածման պետական մենաշնորհն ունէր։ Խաղը կը գովազդուէր «From Russia with Love» («Ռուսաստանէն՝ սիրով») կարգախօսով, իսկ «NES» տարբերակին մէջ՝ «From Russia with Fun!» («Ռուսաստանէն՝ զուարճանքով»)։ Քանի որ Փաժիթնով պետական հիմնարկի աշխատակից էր, ան այդ տարիներուն խաղէն հեղինակային վարձատրութիւն չէր ստանար։
1991-ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Փաժիթնով Վլատիմիր Փոխիլքոյի հետ կը տեղափոխուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
1996-ին ան, Հենք Ռոճըրզի հետ միասին, կը հիմնէ «The Tetris Company»ն։ Խաղին իրաւունքներուն իրեն վերադարձուելէն ետք, վերջապէս հնարաւորութիւն կ'ունենայ ստանալու «Թեթրիս»ի հեղինակային վարձատրութիւնները։
Փաժիթնով կը մասնակցի նաեւ «Super NES» համակարգին համար ստեղծուած «Yoshi's Cookie» խաղին գլուխկոտրուկներու նախագծման եւ կը ստեղծէ «Pandora's Box» խաղը, որ կը ներառէր աւանդական կտորայատուկ (jigsaw) գլուխկոտրուկներ։ Ան եւ Վլատիմիր Փոխիլքոն կը հիմնեն նաեւ եռաչափ ծրագրային լուծումներ մշակող «AnimaTek» ընկերութիւնը, որ կը ստեղծէ «El-Fish» խաղը եւ պաստառի պահիչը (screensaver)։
1996-ի Հոկտեմբերէն մինչեւ 2005, Փաժիթնով կ'աշխատի «Microsoft» ընկերութեան մէջ։ Այդ տարիներուն կը մասնակցի «Microsoft Entertainment Pack: The Puzzle Collection»ի, «MSN Mind Aerobics»ի եւ «MSN Games»ի մշակման աշխատանքներուն։ Անոր ստեղծած «Hexic» խաղին կատարելագործուած տարբերակը՝ «Hexic HD»ն, կը ներառուի իւրաքանչիւր նոր «Xbox 360 Premium» փաթեթին մէջ։
Օգոստոս 2005-ին «WildSnake Software» ընկերութիւնը կը յայտարարէ, որ Փաժիթնով պիտի համագործակցի իրեն հետ՝ նոր շարք մը գլուխկոտրուկային խաղեր ստեղծելու եւ հրապարակելու նպատակով։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 16 Ապրիլի ծնունդներ
- 1955 ծնունդներ
- Ապրող անձինք
- Մոսկուա ծնածներ
- Անձինք այբբենական կարգով
- ԱՄՆ-ի համակարգիչի ոլորտի գիտնականներ
- Ամերիկացի գիտնականներ
- Ամերիկացի ծրագրաւորողներ
- Ամերիկացի ճարտարագէտներ
- Ամերիկացի թուաբանագէտներ
- Խորհրդային գիտնականներ
- Խորհրդային գիւտարարներ
- Ռուս գիտնականներ
- Ռուս գիւտարարներ
- Ռուս գործարարներ
- Ռուս ծրագրաւորողներ
- Ռուս ճարտարագէտներ
- Ռուս թուաբանագէտներ