Աթինա (հին յուն․՝ Ἀθηνᾶ, յուն․՝ Αθηνά)․ հին յունականդիցաբանութեան մէջ իմաստութեան, ռազմագիտութեան եւ արհեստագիտութեան աստուածուհին է։ Ճանչցուած էր որպէս Բոլիաս եւ Բոլիուհոս (երկուքն ալ բխած «πόλις» բառէն, որ կը նշանակէ «քաղաք-պետութիւն»)¨Անոր հռոմէական տարբերակը Միներվա աստուածուհին է: Աթինա կը համարուէր Յունաստանի զանազան քաղաքներուն հովանաւորն ու պաշտպանը, յատկապէս Աթէնք քաղաքին:
ԱթէնքիԱքրոփոլիսիԲարթենոն տաճարը նուիրուած է իրեն։ Կը խորհրդանշուի բուով մը, այծի կաշիէ պատրաստուած վահան մը ձեռքին՝ Էղիս Αιγίς որ իր հօրմէն տրուած էր իրեն։ Աթինա կ'ուղեկցուէր Նիքի դիցուհիին կողմէ։ Արուեստի մէջ, սովորաբար պատկերուած է սաղաւարտով եւ նիզակ բռնած։
Աստուածուհիին անուան աւելի հին ձեւերն էին՝ Աթանա Ἀθάνα (դորիական) եւ Աթինի Ἀθήνη, իսկ վերջնականապէս տարածուած Աթինա Ἀθηνᾶ անունը ծագած է Աթանէա Ἀθαναία մակդիրէն, որ միացուելով դարձած է Աթինաա > Աթինա։ Աթինա աստուածուհիին անուան անգլերէն թարգմանութիւնն է «Athena»։
Աթինա Զեւսին սիրելի դուստրն էր։ Մայրը Միթիսն էր՝ Զեւսի առաջին կինը։ Զեւս, մարգարէութենէ մը ետք, իմացաւ, որ Մեթիս պիտի ծնի զաւակ մը, որ զինք գահընկէց պիտի ընէր։ Աւելի ուշ, Զեւս սկսաւ գլխացաւէ տառապիլ եւ կանչեց Իֆեսթոս, որպէսզի իրեն օգնէ։ Իֆեսթոս մեծ մուրճով մը Զեւսի գլխուն զարկաւ եւ Աթինա դուրս ժայթքեց՝ լրիւ զինուած, սաղաւարտ հագած եւ ձեռքին վահան մը բռնած։ Աթինա, Զեւս տեսնելով զանոնք անոր ոտքերուն առջեւ նետեց՝ իբրեւ նշան անոր գերագոյն աստուած եւ հայրը ըլլալ ճանաչելուն։
Աթինային եւ Փոսիդոնասին վէճը Աթէնքի հովանաւորութեան համար
Ըստ դիցաբանութեան, Աթինան եւ Փոսիդոնաս կը պայքարէին նոյն քաղաքին համար։ Անոնք բարձրացան Աքրոփոլիս եւ աթենացիներուն առջեւ որոշեցին, թէ ով որ բնակիչներուն ամենագեղեցիկ նուէրը մատուցանէ, քաղաքին պիտի տիրանայ։ Փոսիդոնաս իր եռաժանին հարուածեց բլուրի մը լանջին եւ անմիջապէս ջուրի աղբիւր մը յայտնուեցաւ։ Ժողովուրդը հիացաւ, բայց ջուրը աղի էր, ինչպէս ծովուն ջուրը՝ որ Փոսիդոնասին թագաւորութիւնն էր եւ ատիկա շատ օգտակար չէր։ Աթինային նուէրը ձիթենիի ծառ մըն էր, որ աւելի օգտակար էր, քանի որ քաղաքին կը մատակարարէր սնունդ, ձէթ եւ փայտանիւթ։ Այսպէս, Աթինա յաղթեց եւ իր քաղաքը Աթէնք անուանեց։
Աթինա սիրային յարաբերութիւն չունէր ու կը խորհրդանշէր յաւերժական կուսութիւնը։ Միայն մէկ անգամ Իֆեսթոս փորձեց իրեն մօտենալ եւ մխրճուեցաւ իր գիրկը։ Աստուածուհին մերժեց անոր կիրքը, սակայն Իֆեսթոս յաջողեցաւ իր սերմը ձգել անոր ազդրին վրայ։ Աթինա, զզուանքով լեցուն, մաքրեց իր ոտքը բուրդի կտորով մը եւ նետեց զայն Երկրին վրայ։ Այդ կտորէն ու Եէային օգնութեամբ, ծնաւ Էրիխթոնիոս, որ յետագային Ատիկէի թագաւորը դարձաւ:
Կին մը Արախնի անունով, ճարտար ջուլհակ մը ըլլալով պարծենցաւ թէ իր արուեստին մէջ Աթինայէն ալ վեր է, որ զինք մարտի հրաւիրեց։ Աթինան, իր հիւսուածին մէջ պատկերացուցած էր Աթէնքի համար իր եւ Փոսիդոնասին ունեցած վէճը, իսկ Արախնի ծաղրի ենթարկած էր Ողիմպոսի աստուածներուն սիրային արարքները։ Աթինա զայրացած աստուածներուն հանդէպ այս անարգանքին համար, պատռեց Արախնիին հիւսուածքը, իսկ ան, ամաչանքը չկրնալով տանիլ՝ կախուեցաւ։ Աթինա գթաց անոր եւ փոթեց պարանը իր վիզէն, սակայն պատժեց զինք, ոտնանի կենդանիի՝ սարդի վերածելով։ Բայց չխլեց իրմէ ջուլհակութեան տաղանդը եւ այսպէս շարունակեց գործել իր սարդոստայնը։
Երկու երիտասարդ աղջիկներ՝ Բալադա եւ Աթինա, կը մարզուէին բաւական դաժան վարժութիւններով։ Օր մը կռուեցան, ու Բալադա պատրաստ էր զարնել աստուածուհին, բայց Զեւս, վախնալով թէ իր աղջկան բան մը պիտի պատահի, Աթինային առջեւ դրաւ որպէս վահան իր հովանաւորութիւնը։ Բալադա սարսափեցաւ ահեղ վահանէն եւ Աթինա զարկաւ իրեն ու մեռած ձգեց։ Խորապէս յուսահատած աստուածուհին, պատրաստեց մեռած Բալադային փայտէ պատկերը ու կուրծքին վրայ դրաւ ահասարսուռ հովանաւորութիւնը եւ պատուելով զետեղեց այդ Զեւսի արձանին կողքին։
Ըստ առասպելին, Մեդուսան շատ գեղեցիկ մահկանացու ծովանուշ մըն էր եւ ասոր համար էր որ Փոսիդոն զինք խսարեց ու Աթինային տաճարին մէջ սիրախաղեցան։ Այս առարքէն Աթինան վշտացաւ եւ որովհետեւ չէր կրնար Փոսիդոնասին մեղադրել, հարկադրաբար դարձաւ դէպի Մեդուսա, որուն հրէշի վերածեց, որպէսզի այլեւս մարդ մը զինք չսիրահարուի, իսկ եթէ որեւէ մէկը իր հայացքը անոր դարձնէր, քարի կը վերածուէր։ Երբ Բերսէաս սպաննեց Մեդուսան, որպէս շնորհակալական նուէր (որովհետեւ շնորհիւ փայլուն վահանին, որ աստուգուհին իրեն նուիրած էր, անիկա կարողացաւ ջախջախել Մեդուսան՝ նայելով միայն իր պատկերին անոր մէջէն) Աթինային մատուցանեց անոր գլուխը: Այն ատեն էր, որ աստուածուհին Մեդուսայի գլուխը միացուց իր վահանին՝ զայն վրան տեղադրելով:
Բու մը կանգնած ամֆորէայի մը վրայ, շրջապատված ձիթենիի տերեւներու պսակով մը։ Աթէնքի արծաթեայ թեթրադրախմոս՝ դրամ, «նոր ոճ» (Ք․Ա․ 200-150), հակառակ կողմը:Բալադա․ հաւանաբար յառաջ եկած է Բալանտաս հսկայէն, զոր Աթինա սպաննեց Հսկայամարտութեան ընթացքին։ Ըստ այլ վարկածի, այս մականունը առաւ, որովհետեւ ծնած էր Զեւսի գլխէն՝ իր նիզակը թափահարելով։
Ղլաւքոբիս․ Օմիրոս յաճախ կը գործածէ։ Ունի կապուտաչքեայի իմաստը՝ (կապոյտ + աչք γλαυκός+ ωψ) իմաստն ունի։ Հետաքրքրական է սակայն, որ բուն (հին յուն.՝ ղլաւքս γλαυξ), Աթինա դիցուհիին սուրբ թռչունը, նոյն արմատէն կը ծագի, թերեւս իր մեծ եւ փայլուն աչքերուն պատճառով:
Արիա․ Այս անունը Աթինա դիցուհին ստացաւ Օրեստիսին դատավարութեան ժամանակ՝ Արիոս Բաղոս (Ատիկէի օրոնստրութիւն),անոր մօր՝ Գլիթեմնիսթրայի սպաննելուն համար։ Աթինային վճռական քուէով Օրեստիս անպարտ արձակուեցաւ։
Աթէնքի արծաթեայ թեթրադրախմոս՝ դրամ, «նոր ոճ» (Ք․Ա․ 200-150), Աթինային գլուխըԷրղանի․ Անոր տրուած էր այս անունը, քանի որ անիկա արհեստաւորներուն եւ ձեռարուեստին հովանաւորն էր։
Իբիա․ Այս անունը իրեն տրուեցաւ, որովհետեւ Հսկաներու պատերազմին ժամանակ կառքով մը հանդէս եկաւ, որ ձիեր կը քաշէին, եւ Էկեղադոսին սարսափ տարածեց:
[Ἀθηνᾶς, θυμίαμα ἀρώματα]. «Παλλάς μουνογενής, μεγάλου Διός σεμνή έκγονε, δία, μακάρια Θεά, πολεμόκλονε, ομβριμόθυμε, άρρητη, ρητή, μεγαλώνυμη, αντροδίαιτε, που διέπεις τις ακρώριες όχθες στις κορυφές και στα σκιώδη όροι, που τέρπεις τις φρένες σου στα φαράγγια, οπλοχαρείς, που κεντάς τις ψυχές των βροτών μανίες, γυμνάζουσα κόρη, που έχεις φρικώδη θυμό, Γοργοφόνη, φυγόλεκτρε, πολύολβε μητέρα των τεχνών, ορμάστειρα, φίλοιστρε για τους κακούς, φρόνηση για τους αγαθούς. Που γεννήθηκες αρσενική και θηλυκή, πολεμοτόκε, μήτι, αιολόμορφε, δράκαινα, φιλένθεε, αγλαότιμη, ολέτειρα των Φλεγραίων Γιγάντων, ιππελάτειρα, Τριτογένεια, λύτειρα των κακών, νικηφόρε δαίμον, που ανανεώνεις αεί τα ήματα με της νύκτες κατά τις ώρες, άκουσέ με που εύχομαι, και δώσε ειρήνη πολύολβη και κόρον και υγεία εν ώραις, γλαυκόπιδα, ευρεσίτεχνε, πολύλλιστη, βασίλεισα.
(թարգմանութիւն) Բալադա, միածին, մեծ Տիասին զաւակ վեհաշուք, փառաւոր, երանելի աստուածուհի, պատերազմաշարժ, բարկագին, անմատչելի, խօսելի, մեծանուն, քարայրաբնակ, որ կը տնօրինես բարձրավիզ լանջերը ժայռագագաթներուն եւ ստուարապատ լեռները, ու ձորերուն մէջ քու միտքդ կը զուարճացնես, զէնքով ցնծացող, մարդկային հոգիները մոլութիւններով մոլեգնեցնող, մարզուող դուստր, սարսափազդու բարկութիւն ունեցող, Ղորղոֆոնի, արհեստներու մայր շատ երջանիկ, գործադրիչ, ընկեր չարիքներուն, բարիքներուն համար` դատողութիւն• արական եւ էգ ծնած ես, պատերազմներ ծնող, խորհուրդ, զանազան ձեւերով, վիշապ, աստուածասէր, փառաւորուած արժէք, Ֆլեգրա համայնքի հսկաներուն կործանիչ, ձի հեծնող, Տրիտոկենիա, չարիքներու ազատարար, յաղթական ոգի, օր ու գիշեր, միշտ նոր ժամերուն մէջ, լսէ՛ ինծի աղօթողիս, տուր խաղաղութիւն շատ երջանիկ եւ բաւարարութիւն ու առողջութիւն բարեբեր ժամանակներուն մէջ, մոխրագոյն աչքերով, գիւտարար, շատ փափաքելի թագուհի: