Ազգ. Զաւարեան վարժարան (Հալէպ)
Ազգային Զաւարեան վարժարան (Հալէպ)
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ազգային Զաւարեան վարժարան հիմնուած է 1925 թ.-ին, Հալէպի Ռամատանիէ թաղամասին մէջ գտնուող հայ տարագիրներու ճամբարին մէջ։
- 1932 թ.-ին տեղափոխուեր է Նոր գիւղ թաղամաս։
- 1936 թ.-ի Օգոստոսի 15-ին անուանակոչուեր է Զաւարեան վարժարան։
- 1936 թ. վարժարանի հոգաբարձութեան օժանդակ մարմինը հիմներ է Զաւարեան թատերախումբը։
- 1939 թ. կը գործէ դպրոցի գրադարանը։ Վարժարանն ունի նախակրթարան, մանկապարտէզ, 490 աշակերտ (2000թ.)
15 Օգոստոս 1936-էն ի վեր գործող Ազգ. Զաւարեան Վարժարանը, որ տասնեակ տարիներ շարունակած է իր նուիրական առաքելութիւնը կրթութիւն եւ ուսում ջամբելով բոլորին: Օրին, Վարժարանի կողքին կը գործէր Զաւարեան միութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն էր նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակել եւ նեցուկ կանգնիլ վարժարանի վերելքին իր ներդրումներով օգտակար հանդիսանալ վարժարանի պիւտճէի հաւասարակշռման, այս բոլորին կողքին հաւատացած իր առաքելութեան, սատար հանդիսանալու նպատակաւ նորանոր սերունդներու պատրաստութեան, որ ապագային պիտի ստանձնէր ղեկավար պաշտօններ:
1936 թուականէն ստեղծած է հանրային գրադարանը եւ չնչին գումարներով գիրքեր կը մատուցեր աշակերտութեան, շրջանաւարտներուն եւ հանրութեան: Գրադարանը կը պարունակէր շուրջ 2500 գիրքեր:
Արդարեւ, 2010 թուականին Ազգային Զաւարեան Վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան անխոնջ աշխատանքով եւ Ազգային Վարչութեան հաւանութեամբ կարելի եղաւ Զաւարեան միութեան փոխարէն, որ շուրջ 40 տարիներէ ի վեր դադրած էր գործելէ յառաջացնել Զաւարեան Շրջանաւարտից միութիւնը: Այդ իսկ նպատակաւ հոգաբարձութիւնը խորհրդակցաբար Ազգային վարչութեան հետ նշանակեց վարչութիւն մը:
Միութիւնը, իր գլխաւոր նպատակը յաջողցնելու միտումով կը կազմակերպէր խրախճանքներ, ձեռնարկներ, վիճակահանութիւններ եւ այլն, որպէսզի համախմբէ շրջանաւարտները եւ գոյացած գումարով օգտակար դառնայ Զաւարեան վարժարանին ու աշակերտութեան:
Զաւարեանի Շրջանաւարտից Միութիւնը, Միութեան Կանոնագիրը, Անդրանիկ Վարչութիւնը՝ Ազգ. Իշխանութեան վաւերացումով, ընթացք առած է տեղի ունեցած առաջին մեծ հաւաքով[1]:
2011ին ծայր առած Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով, 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանին, Ազգ. Վարչութեան որոշումով, Ազգ. Զաւարեան եւ Ազգ. Սահակեան վարժարանները միացան վերջինիս շէնքին մէջ, ապա աշակերտութեան թիւի նուազումով Հալէպի Ազգ.վարժարանները (Հայկազեան, Զաւարեան, Սահակեան, Կիւլպէնկեան եւ Մեսրոպեան) Ազգ. Միացեալ Վարժարան անունով մէկտեղուեցան Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքին մէջ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «ՀԱՅԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Ե. ՄԱՍ)»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2017-11-24։ արտագրուած է՝ 2025-08-07