Ազգային Պալատ (Մեքսիքօ)

(Վերայղուած է Ազգային Պալատ (Մեքսիքա)-էն)
Ազգային Պալատ
Տեսակ Պալատ եւ political institution?
Երկիր  Մեքսիքօ
Տեղագրութիւն Մեքսիքօ Սիթի
Հիմնադրուած է 1522
19°25′57″N 99°07′52″W / 19.4325°N 99.1311°W / 19.4325; -99.1311
Քարտէս
Քարտէս


Մեքսիքոյի ազգային պալատ (սպ.՝ Palacio Nacional), Կը գտնուի Մեքսիքօ քաղաքին գլխաւոր հրապարակին՝ Սահմանադրութեան հրապարակին վրայ՝ «Էլ Զոքալօ» (El Zócalo)։ Անիկա Մեքսիքոյի Ազթեք կայսրութենէն ( Aztec Empire) ի վեր, եղած է Մեքսիքոյի իշխող դասին պալատը եւ պահպանած է ԺԶ. դարէն Մոգթեզումա Բ.-ին (Moctezuma II.) պատկանող շէնքին շինանիւթերը։

2018-էն ի վեր, անիկա կը ծառայէ նաեւ իբրեւ Մեքսիքոյի նախագահին պաշտօնական նստավայրը:

Համալիրը ներկայիս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազգային պալատը պետական շէնք է[1], տարածութիւնը՝ Էլ Զոքալոյի արեւելեան բաժինէն 200 մեթր է2[2][3]: Այս շէնքին մէջ կը գտնուին նաեւ Մեքսիքոյի դաշնային գանձարանը եւ ազգային արխիւը[2]:

Նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շէնքին ճակատային հատուածը հիւսիսէն եւ հարաւէն եզրապատուած է երկու աշտարակներով, ունի երեք հիմնական դռներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը շէնքին տարբեր մասերը կը տանի[1]: Հարաւային դուռը դէպի Patio of Honor եւ նախագահական գրասենեակներ կը տանի (հանրութեան մուտքը արգիլուած է)[2], հիւսիսային դուռը ծանօթ է իբրեւ Մարիանոյի դուռ, անուանուած է ի պատիւ մեքսիքացի ռազմական եւ քաղաքական գործիչ Մարիանօ Արիսթայի (Mariano Arista), որ այս մէկը կառուցած է 1850-ին։ Այս դրան կից կը գտնուի հին դատական բանտը՝ դատական եւ խոշտանգումներու սենեակներով։ Ներկայիս սենեակներէն մէկուն մէջ կը գործէ տնտեսութեան նախարարը։ Հոս կը գտնուի գանձապետարանը, զոր նախագծած են ճարտարապետ Մանուէլ Օրթիզ Մոնասթերիօն (Manuel Ortiz Monasterio) եւ Վիսենթէ Մենտիոլան (Vicente Mendiola)։ Երկաթէ եւ պրոնզէ դրան հեղինակը Օկիւսթօ Փեթրիչիոլին է (Augusto Petriccioli)[1]:

Ազգային պալատը գիշերով

Դէպի Էլ Զոքալօ հրապարակ նայող կեդրոնական դրան վերը կը գտնուի հիմնական պատշգամը, ուրկէ 15 Սեպտեմպերին մինչեւ ժամը 23.00 Մեքսիքոյի նախագահը «Տոլորէսի կանչը» արարողակարգը կը կատարէ՝ ի յիշատակ Մեքսիքոյի անկախութեան պատերազմին: Արարողակարգին մաս կը կազմէ պատշգամին վերը կախուած զանգերու ղօղանջը։ Ասիկա այն զանգն է, զոր հնչեցուցած է հայր Միկել Իտալկօն (Miguel Hidalgo)՝ Սպանիոյ դէմ ապստամբութեան կոչով։ Սկիզբը այդ զանգը Կուանաճուաթոյի (Guanajuato) Տոլորէս Իտալկօ եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած է, որմէ ետք պալատ տեղափոխուած է։ Զանգին գտնուած վայրը՝ Մեքսիքոյի զինանշանը պատկերուած է, որուն իւրաքանչիւր կողմին վրայ Ազթեքական արծիւ ասպետն է իր սպանական կրկնորդին հետ։ Այս մէկը Մանուէլ Սենտուրիօն (Manuel Centurion) հեղինակած է, որ մեքսիքական եւ սպանական մշակոյթներու համադրութիւնը կը խորհրդանշէ[1]:

Պատշգամը, ուրկէ Մեքսիքոյի նախագահը անկախութեան օրը հանդէս կու գայ ամէնամեայ Grito de Dolores կոչով, եւ Կուանաճուաթոյի (Guanajuato) Տոլորէս Իտալկօ եկեղեցւոյ զանգը

Կեդրոնական դուռը դէպի հիմնական ներքին բակ կը տանի՝ շրջապատուած պարոք (Baroque) ոճի կամարներով։ Հոս ձեւափոխուած է ճաղաշարքը, պահպանուած են Տիէկօ Ռիւերայի (Diego Rivera) ստեղծած որմնանկարները, որոնք հիմնական սանդուխը եւ երկրորդ յարկի պատերը կը զարդարեն։ Սանդուխին մօտ պատկերուած է 1521-1930-ական թուականներու Մեքսիքոյի պատմութենէն որմնանկարներ[1], որոնք 450 մ2 տարածք կը գրաւեն[3]: Որմնանկարները ստեղծուած են 1929 եւ 1935-ականներուն, որոնց ամբողջութիւնը «Մեքսիքացի ժողովուրդին դիւցազներգութիւնը» կը կոչուի[1]: Աշխատանքներէն իւրաքանչիւրը առանձին գործ է։ Աջ կողմի պատին որմնանկարները նախասպանական Մեքսիքօն կ'արտացոլեն, եւ կը կեդրոնանան ուղղափառ Քուէթզալքոաթլ (Quetzalcóatl) աստուծոյ վրայ, որ որմնանկարին մէջ իբրեւ աստղ պատկերուած է, աստուած եւ մարդկային էակ։ Սողուններէն ստեղծուելով՝ ան տիեզերքին մէջ կը նաւարկէ իբրեւ գիշերով արեւին ուղեկցող աստղ։ Մարդկային կերպար ստանալով՝ ան հանդէս կու գայ իբրեւ Ազթեքներու թագաւոր, յետոյ՝ երբ ան իր արիւնը կը թափէ յանուն ժողովուրդին, երկինք կը վերադառնայ՝ իր երկրային շրջապտոյտը աւարտած ըլլալով։ Երկինքի մէջ՝ Քուէթզալքոաթլ առաւօտեան աստղի տեսք կը ստանայ եւ կը կոչուի Tlahuizcalpantecuhtli։ Անոր կատարած շրջապտոյտը կը խորհրդանշէ կեանքի շարունակական պտոյտը։ Ռիւերայի ստեղծած մեքսիքական ինքնութիւնը կ'օգնէ շարունակելու 1910-ի Մեքսիքոյի յեղափոխութեան ատեն սկսած բարեփոխումները[4]:

Միջին եւ ամէնէն մեծ վահանակին մէջ նուաճումը պատկերուած է իր այլանդակութեամբ, օրինակ՝ բռնաբարութիւնները, խոշտանգումները, ինչպէս նաեւ բնիկ ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանող քահանաները: Անկախութեան համար պայքարը կը գրաւէ այս վահանակին կամարին վերի մասը:

Ձախ կողմի վահանակը

Ասոր տակ ներկայացուած են ամերիկեան եւ ֆրանսական արշաւանքները, ինչպէս նաեւ բարեփոխումներու ժամանակաշրջանը եւ յեղափոխութիւնը: Ձախ կողմի վահանակը նուիրուած է Ի. դարու սկիզբին եւ կէսերուն: Որմնանկարին այս հատուածին մէջ տեղ տրուած է նաեւ՝ Ֆրիտա Քալոյի՝ Տիեկոյի կնոջ: Այս որմնանկարը արտացոլումն է Տիեկոյի անձնական տեսակէտերուն՝ Մեքսիքոյի պատմութեան եւ յատկապէս՝ երկիրի բնիկներուն մասին[1][3]:

Տիեկօ միջին յարկին մէջ նկարած է նաեւ 11 վահանակներ, որոնք նախասպանական դարաշրջանը կը ներկայացնեն:

Վերնայարկը ժամանակին տեղակալներու թատրոնն էր, որ հետագային՝ 1829-էն մինչեւ 22 Օգոստոս, 1872 կը վերածուի խորհրդարանի, երբ սենեակը պատահաբար կ'աւերուի հրդեհի պատճառով: Այս խորհրդարանին մէջ գրուած է 1857-ի Բարեփոխումներու Սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ցուցադրուած են այս եւ 1917-ի Սահմանադրութիւնը [3]:

Պալատը ունի տասնչորս բակ, բայց անոնցմէ մէկ քանին միայն, ինչպէս՝ Մեծ բակը բաց են հանրութեան համար: Ազգային պալատին մէջ տեղակայուած են նաեւ հիմնական պետական ​​արխիւները՝ բազմաթիւ պատմական փաստաթուղթերով եւ Միկել Լերտօ Տը Թեխատա գրադարանը (Biblioteca Miguel Lerdo de Tejada), որ երկիրին ամէնէն մեծ եւ ամէնէն կարեւոր գրադարաններէն մէկն է[3]: Շէնքին հիւսիսային յաւելուածին մէջ կը գտնուին Գանձապետարանին սենեակը եւ Պենիթօ Խուարէզ (Benito Juárez) թանգարանը: Երկուքին մէջտեղ կը գտնուի կայսրուհիին աստիճանը, զոր կառուցած են Խուան եւ Ռամոն Աժէա եղբայրները (Juan and Ramón Agea): Գանձապետական ​​սենեակը ա՛լ չ'օգտագործուիր: Համալիրին թանգարան տանող մասը, որ նախապէս տնտեսութեան նախարարութիւնն էր, կը գտնուի Պենիթօ Խուարէզի արձանը: Տնտեսութեան նախարարութեան ներքնայարկը կը գտնուի Պենիթօ Խուարէզի սենեակը, ուր այս նախագահը կ'ապրէր իր գահակալութեան վերջին տարիներուն, ուր ալ մահացած է 18 Յուլիս 1872-ին: Ննջասենեակը, հիւրասենեակը եւ աշխատասենեակը, ինչպէս նաեւ նախագահին կարգ մը գոյքերը ամբողջութեամբ պահպանուած են[1]:

Շենքին ներկայացուցած արժէքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախկին նախագահ Էռնեսթօ Զետիլյոյի (Ernesto Zedillo) կայքէջին մէջ Քարլոս Ֆուենթես (Carlos Fuentes) ազգային պալատը անուանած է «ճամբորդող եւ անշարժ շինութիւն»[5]։ «Ճամբորդող» բառը օգտագործած է, որովհետեւ շէնքին ճարտարապետական ոճը սպանական է եւ կը խորհրդանշէ սպանական քաղաքակրթութեան փոխպատուաստումը՝ Նոր Աշխարհ։ «Անշարժ» է այն առումով, որ Ազթեքներու ժամանակաշրջանէն եղած է երկրային քաղաքական իշխանութեան նստավայր, նախ իբրեւ Ազթեք Թլաթոանի (Aztec tlatoani) պալատ, այնուհետեւ՝ սպանական փոխարքաներու, ապա Մեքսիքոյի պետութեան ղեկավարներու[5]։

Շէնքը ինքնին մեքսիքացի ժողովուրդը կը ներկայացնէ իբրեւ սպանացիներու եւ ազթեքներու խառնուրդ։ Հին պալատը աւերուած է, որպէսզի նորը կառուցուի, բայց երկուքն ալ կառուցուած են նոյն քարէն։ Ըստ Զետիլիոյի (Zedillo)՝ այս քարերը ոչ ազթեքական են, ոչ ալ սպանական։ Այս նոյն քարերը գոյութիւն ունեցած են Մեքսիքոյի պատմական բոլոր մեծ իրադարձութիւններուն ատեն եւ տեսած են, թէ ինչպէս իրենց վրայ կը ծածանին օտարերկրեայ դրօշներ[6]։

Մեքսիքոյի Անկախութեան օրուան նախօրեակին, Ազգային պալատը հիմնական իրադարձութեան կեդրոնը գտնուած է։ Հոս գտնուող հայր Իտալկոյի հնչեցուցած զանգով նախագահը պատշգամէն կը հնչեցնէ Grito de Dolores-ը։ Ան կը յիշեցնէ նաեւ, որ Անկախութեան օրուան նման նախօրեակներէն մէկուն ընթացքին, 1964-ին հրամանատար Շարլ տը Կոլ պալատէն ժողովուրդին հետ խօսած է սպաներէն։ Նախագահը կը նշէ, որ ասիկա կը հաստատէ, թէ պալատը նաեւ երկրին բարեկամները ողջունելու վայր մըն է[6]։

Հնագիտական աշխատանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեքսիքոյի մեթրոյին 2-րդ գիծին շինարարութեան աշխատանքներուն ընթացքին, պատմական կեդրոնին մեծ թիւով շէնքերուն խորտակման ընթացքին, պալատին հիմնական կառոյցը վնասուած է, որուն իբրեւ հետեւանք՝ հարկ եղած է շէնքին հիմքին ապահովման աշխատանքներ տանիլ, յատկապէս՝ երրորդ յարկին, կեդրոնական նախասրահին եւ Պատուոյ սրահին մէջ։ Կատարուող աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուած են փոխարքայական պալատին հին սիւներուն հիմքերը, որոնցմէ երկուքը վերականգնած են հոն, ուր անոնք գտնուած են։ Յայտնաբերուած են նաեւ հին մայրիի գերաններ, որոնք օգտագործուած են առաջին յարկին հիմքը ձեւաւորելու համար[7]։

Պալատին ներսը եւ անոր կից վերջին պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են Մոնթեսումայի «Նոր տուներու»ն մասերը։ Հիւսիսային հատուածին մէջ, պալատին կից ներկայիս մշակոյթի թանգարանին տարածքին վերանորոգման ատեն յայտնաբերուած են պատի հատուածներ եւ պազալթէ յատակ։ Կ'ենթադրուի, որ պատը եւ յատակը պատկանած են Քազա Տենեկրիտային (Casa Denegrida), կամ Սեւ տան, ուր սպանացի նուաճողները կը նկարագրուէին իբրեւ սեւ ներկուած առանց պատուհաններու տուներ։ Հոս Մոնթեսուման կը խորհրդածէր պայծառատեսներու եւ շամաններու պատմածներուն շուրջ[1][8]։

Ազգային պալատին շատրուանը

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 1,8 Galindo Carmen, Magdelena Galindo (2002)։ Mexico City Historic Center։ Mexico City: Ediciones Nueva Guia։ ISBN 968-5437-29-7 
  2. 2,0 2,1 2,2 Noble John (2000)։ Lonely Planet Mexico City։ Oakland, California: Lonely Planet Publications։ ISBN 1-86450-087-5 
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 «Mexico City - National Palace»։ արտագրուած է՝ 2008-09-22 
  4. «Diego Rivera Mural Monumental Stairway in Mexico's National Palace Mexico City, D.F.»։ արտագրուած է՝ 2008-09-22 
  5. 5,0 5,1 «The National Palace: A Traveling, Unmovable structure»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-22 
  6. 6,0 6,1 «The National Palace: A Traveling, Unmovable structure»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-22 
  7. Galindo Carmen, Magdelena Galindo (2002)։ Mexico City Historic Center։ Mexico City: Ediciones Nueva Guia։ ISBN 968-5437-29-7 
  8. Siddique Haroon (2008-06-10)։ «Archaeologists uncover Aztec palace in Mexico City»։ The Guardian։ արտագրուած է՝ 2008-09-22 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]