Ազարիկ (բժիշկ)

Ազարիկ
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ, դեղագործ

Ազարիկ (բժիշկ), հայ բժիշկ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դեղագործական կրթութիւն ստացած է եւ դեղագործութեամբ զբաղած։ Ապրիլ 1915-ին բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ուրկէ աքսորուած է Չանղըրը՝ հայ մտաւորականներու խումբին հետ։ Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչի՝ 99 հատիկներէն մէկուն վրայ։ 1915-ին նահատակուած է ՏԷր Զօրի կողմերը։

Համրիչին պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

11 Ապրիլ 1915-ին (24)-ին Թր­քական կառավարութեան որոշումով Սթամպուլի ոստիկանութեան՝ նախապէս կազմած ցուցակով, ձերբակալուած են շուրջ 220 հայ մտաւորականներ՝ բժիշկ­ներ, ու­սու­ցիչներ, լրագրողներ, գրող­ներ, դե­ղա­գործ­ներ, առեւտրականներ, փաստաբաններ, հոգեւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ, զորս բանտարկած են Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մերձակայ Այաշ գիւղաքաղաքի բանտին մէջ։ Հոս՝ անոնցմէ 45-ը սպաննած են, իսկ մնացեալը՝ քանի մը օր ետք, տեղափոխած Չանղըրը քաղաքի աքսորավայրի բանտը։ Հոս սպաննած են շուրջ 80 հոգի։ Չանղըրըի մէջ աքսորեալներէն մէկը՝ թաղապետ Վարդերես Աթանասեանը (նահատակուած է), ձեռքին եղած համրիչին (տէր ողորմեա, համրիչ) 99 հատիկներուն վրայ փորագրած է իր եւ բանտին մէջ գտնուող միւս մտաւորականներու մէկ մասին անուններու սկզբնատառերը, սակայն, քանի որ համրիչին հատիկները սահմանափակ էին, ան մէկ հատիկին վրայ փորագրած է 2, իսկ ուրիշներու վրայ՝ 4 անուն։ Արդիւնքն այն է, որ համրիչը յաւերժացուցած է 103 անուններ։ Համրիչին հատիկներուն շարքը կապող քարին վրայ գրուած է. «Չանղը­րը, 11 Ապրիլ 1915, Յի­շա­տա­կ»: Ձեր­բա­կալ­ուելէն քա­նի մը օր ետք, Վար­դե­րես Աթա­նա­սեա­նի տունը թուրք կա­ռա­պան մը կու գայ ու կնո­ջը` Սրբուհիին կ'ըսէ. - «Ձեր ամու­սինն ինձ ժա­մա­ցոյց մը նուի­րեց ու խնդրեց, որ այս մա­սուն­քը յանձ­նեմ ձեզի»: Ու կու տայ այս համ­րի­չը։ Համ­րի­չը 1965-ին Հա­յաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին նուի­րած է Վար­դե­րես Աթա­նա­սեա­նի` 1946-ին ֆրանսայէն ներգաղթած դուստրը՝ Էօժենի Աթանասեան-Գուլբոլեանը (մահ. 1993)։ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի գիտաշխատող Կարինէ Աւագեան՝ համրիչին նուիրուած, գիրք հրատարակած է «Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի» (Ե., 2002), որուն մէջ հրապարակուած են համրիչին քարերուն վրայ մակագրուած անունները եւ առանձին ցանկ մը (Վահան Ալթունեան, Կա­րա­պետ Թաշ­ճեան, Կո­մի­տաս, Մի­սաք Ճեւ­ա­հիր­ճեան, Գաս­պար Չե­րազ, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, Դանիէլ Վարուժան եւ ուրիշներ), ուր իւրաքանչիւր անուան դիմաց ներկայացուած են տեղեկութիւններ՝ տուեալ անձին վերաբերեալ։ Ցանկին մէջ ընդգրկուած 35 հոգին սպաննած են, 61-ը ողջ մնացած են։ 7 հոգիին վերաբերեալ տեղեկութիւն չեն կրցած գտնել։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Երեւան, 1991։
  • Աւագեան Կարինէ, Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի, Երեւ­ան, 2002։
  • Աւագեան Կարինէ, «Չան­ղը­րըի 1915 թ. ապ­րի­լի 11, Յի­շա­տակ»… Թանգարանային ցուցանմուշը, «Հան­դէս Ամ­սօ­րե­այ», 2008, հ. 1-12