Jump to content

Ագապի (վէպ)

Ագապի (վէպ)
Հեղինակ Հովսեփ Վարդանյան
Երկիր Օսմանյան կայսրություն
Էջ 250

«Ագապիի պատմութիւնը» (հայատառ թրքերէն՝ «Ագապի հիքեայէսի»), Յովսէփ Վարդանեանի հայատառ թրքերէնով գրած վէպը, որուն մէջ խիստ կը քննադատուին 19-րդ դարու կէսերուն Կոստանդնուպոլսի հայ գաղութին մէջ ծաւալուած պառակտիչ բնոյթ ունեցող կրօնական խնդիրները։

Վէպի ընդունելութիւնը հայ կաթողիկէներու շրջանին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յովսէփ Վարդանեանի «Ագապիի պատմութիւնը» վէպը, չնայած հեղինակի հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանելու հանգամանքին, խիստ բացասական ընդունելութեան կ՚արժանանայ հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու շրջանին մէջ։ Այդ ժամանակուան հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Անտօն Հասունեանը քանի մը կոնդակ հրապարակեց, որուն մէջ խստօրէն դատապարտեց «Ագապի» վէպը եւ արգիլեց այն ընթերցել հայ կաթողիկէներուն[1].

Հռովմեական ուղղափառ եկեղեցին հոգեւոր որդուոց վրայ ամէն իժիր իրեն գութն ու խնամքը ցցուցեր է, թէ անսխալ վարդապետութեամբ զիրենք կրթելով եւ թէ ամէն կերպ մոլութենէ զգուշացնելով։ Ուստի, ուր որ ուղղափառ հաւատքի կամ բարի վարուց վնասակար աղանդ մը կամ գրուած մը տեսած կամ գտած է նէ, շուտով վրայ հասէր ու իրեն հաւատացեալները հոգեւոր վտանգներէ ազատ ու անարատ պահելու ամէն կերպ զգուշութեան միջոցները միշտ գործի դրեր է։ Մենք ալ, այս օրերուս տեսնելով «Ագապի հիքեայէսի» անուամբ դարերնուս ապականած մտքերով տաճկերէն շարադրուած ու հոս տպուած գրքոյկ մը, մեր հովուական հսկողութեան պարտուցը յարմար քննեցինք զանիկա, ու այլ հմուտ եկեղեցականներու ալ քննել տուինք ու մեր յանձնարարական ժողովէն ալ խորհուրդ հարցնելէն ետեւ, վերոյիշեալ գրքոյկը մանաւանդ բարի վարուց ապականիչ ու երիտասարդական թարմ ոգին չարի գրգռող դատեցինք։ Ասոր համար մեր հովուական պաշտօնէն կստիպուինք ծանուցանելու ձեզի, թէ այս գրքոյկը բնական եւ եկեղեցական օրէնքներէ արգիլուած է, որն որ իրօք մենք ալ այս կոնդակովս կարգիլենք զանիկա կարդալու կամ պահելու եւ կը յորդորենք մանաւանդ ծնողքները, որ այս վնասակար գիրքը իրենց տնէն հեռացնէն ու ամէն կերպիւ զաւկներնին անկից զգուշացնելու ջանան։ Կը յուսամք, աստուածասէր ժողովուրդ, որ ամէնքնիդ ալ մեր այս հայրական ազդարարութիւնը մտիկ ընելով, ձեր որդիական ու քրիստոնէական պարտքերը կատարած պիտի ըլլաք, որով մենք ալ ուրախ սրտիւ ձեզի աստուածային օրհնութիւնը առատօրէն կշնորհեմք։

Կոստանդնուպոլիս, 23 փետրուարի, 1852 թ.

Անտօն Հասունեան

Սակայն այս արգելքը մեծ ազդեցութիւն չունեցաւ հայ-կաթողիկէ հասարակութեան վրայ եւ միայն աւելի բորբոքեց հետաքրքրութիւնը «Ագապի» վէպի նկատմամբ։ Այս հանգամանքէն ելլելով Անտօն Հասունեանը կը դիմէ Վատիկան եւ վէպը ընդգրկել կու տայ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ արգիլուած գիրքերու ցանկին մէջ[2].

Սուրբ հռովմէական եւ Տիեզերական Սրբաքննութեան ընդհանուր ժողովը, որը կայացաւ Սուրբ Աստուածածնայ վանքին մէջ, Վսեմ. եւ Գէր. Տէր Քարտինալին ներկայութեամբ, Պոլսէն տեղեկացուած ըլլալով հոն հրատարակուած երկու հաւատընդդէմ գրքերու մասին, Սուրբ ժողովը դատեց եւ հրատարակեց, որ արգիլուին եւ մերժուին։ Անանունին «Ագապիին պատմութիւնը» գիրքը եւ «Վարկպարազիին թուղթը» գիրքը, որպէս ուղղափառ հաւատին դէմ եւ սրբազան հաւատը վարկաբեկող գործեր։ - Հռովմ, ի բրոբականտայ, 1852 թ.

Հայատառ թրքերէնով գրուած «Ագապիի պատմութիւնը» վէպը շարադրելու ժամանակ Վարդանեանը ներշնչուած է արեւելեան եւ արեւմտեան մօտիւներէն` տարբեր գոյներով նկարագրելով սէրը։ Վէպին մէջ ներկայացուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ եղած հակասութիւնները, որոնց պատճառով կը տուժէ Ագապիի եւ Յակոբի սէրը։ «Ագապիի պատմութիւնը» վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1851 թուականին Սթամպուլի մէջ։ Իսկ արդէն 1991 թուականին աւստրիացի թրքագէտ Անդրէաս Թիեթզը, հայատառ թրքերէնը վերածելով լատինատառի, կրկին հրատարակած է վէպը` այն անուանելով Թուրքիոյ մէջ գրուած եւ տպագրուած առաջին ժամանակակից վէպը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ս. Շտիկյան, Նոր պարզաբանումներ «Ագապի» վեպի մասին, ՀՍՍՌ ԳԱ Տեղեկագիր։ Հասարակական գիտություններ, 11(1956), էջ 104-105։
  2. Recti Propagandis, t. VI, Roma 1860, p. 512։