Աբրահամ Երեւանցի
| Աբրահամ Երեւանցի | |
|---|---|
| Ծնած է | 1680 |
| Մահացած է | 1740 |
| Ազգութիւն | Հայ[1] |
| Մասնագիտութիւն | պատմաբան |
Աբրահամ Երեւանցի, նաեւ ճանչցուած իբր Երեւանցի Աբրահամ, 18-րդ դարու հայ պատմագէտ էր, որ ապրած է ուշ Սեֆեան եւ վաղ Աֆշարական շրջանին մէջ։[2] Ան յայտնի է որպէս մէկ գործի հեղինակ, որ խմբագրուած է եւ տարբեր անուններով կոչուած՝ Պարսից թագաւորին Պատմութիւնը,կամ 1721-1736 Պատերազմներուն Պատմութիւն,[2] կամ Օսմացիներուն կողմէ հայկական եւ պարսկական քաղաքներուն վրայ մղած պատերազմներուն պատմութիւնը։ Այս գործը կը պարունակէ արժէքաւոր տեղեկութիւններ Աֆղանական յարձակումին, Օսմանեան-Պարսկական պատերազմներուն, Նատիր Շահին Մուղան դաշտին վրայ թագադրութեան, ինչպէս նաեւ 1724-ին Օսմանեան յարձակման դէմ Երեւան նահանգին տեղական հայերուն պաշտպանութեան մասին։[2] Այս գործը գտնուած է Սուրբ Ղազարոս կղզիին վրայ։[2] Խմբագրուած տարբերակին մէկ տարբերակը Խորհրդային Հայաստան բերուեցաւ 1928-ին եւ հրատարակուեցաւ 1938-ին։[2]
Աշխատութիւն[3]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Պատմութիւն պատերազմանցն» փոքրածաւալ աշխատութենէն ժամանակին օգտուած է Ղ. Ալիշանը։ 1908 թուականին Վենետիկի մէջ եղած ժամանակ այդ ձեռագրէն օգտուած է նաեւ Լէօն։
1977 թուականին Վենետիկի մէջ հրատարակուեցաւ «Պատմութիւն թագաւորի Պարսից» գիրքը։
Աբրահամ Երեւանցին իր գիրքը բաժնած է եօթ գլուխներու։ Անոնք ունին համապատասխան վերնագրեր։ Առաջին գիրքին մէջ հեղինակը կը պատմէ 1721-1723 թթ. պարսկա-աֆղանական եւ պարսկա-վրացական փոխյարաբերութիւններու մասին, որոնք կը զարգանային պարսիկներու համար միանգամայն անբարենպաստ պայմաններու մէջ։
«Պատմութիւն պատերազմացն» աշխատութեան երկրորդ գլուխը, որ Աբրահամ Երեւանցիի գիրքի ամէնագլխաւոր հատուածն է, վերնագրուած է « Թէ որպիսի մարտիւ պատերազմի առին օսմանցիք զԵրեւան»։ Աբրահամ Երեւանցին եղած է դէպքերու ժամանակակիցը։ Ան մանրամասնօրէն կը պատմէ աֆղաններով զբաղուած Պարսկաստանի դրութեան եւ այն մասին, թէ ինչպէս թուրքերն, օգտուելով առիթէն, 75000-նոց զօրքով 1723 թուականի ձմռան կը շարժին դէպի Արեւելեան Հայաստան։ Թրքական զօրքերու հրամանատարը եղած է Ապտուլլահ Քէօփրուլու փաշան։ Թրքական զօրքերը 1723 թուականի ձմռան կը մնան Էրզրումի մէջ։ 1724 թուականի Մարտին զօրքերը կը վերսկսին արշաւանքը Երեւանի ուղղութեամբ։ Երեւանի պարսկական զօրքերու հրամանատար Միհրանին իր գերակշիռ ուժերով կը փորձէ հակահարուած տալ թշնամիին։ Եղվարդի մօտ պարսկական զօրքերը ծանր պարտութիւն կը կրեն եւ կը պատսպարուին Երեւանի բերդին մէջ։ Թուրքերը Ապտուլլահ փաշայի առաջնորդութեամբ կը շարժին Գարպի գիւղի վրայ։ Այդ ժամանակ գիւղը խոշոր եւ հայաշատ բնակավայր էր։ Գարպեցիները ստիպուած կը հպատակին թուրքերուն, քանի որ չեն ստանար Երեւան գտնուող պարսկական զօրքերու օգնութիւնը։ Թուրքերը նաեւ կը գրաւեն Վաղարշապատը, որմէ յետոյ կը շարժին դէպի Երեւան։ Աբրահամ Երեւանցիի պատմածէն կը պարզուի, որ Միհրալուն ստիպուած կը միանայ հայերուն ու համատեղ կը կռուի քաղաքի պաշտպանութեան համար։ Թուրքերու գրոհները ետ կը մղուին, իսկ Ապտուլլահ փաշան սուլթանէն նոր համալրումներ կը խնդրէր։ Սուլթանը 10.000-նոց նոր բանակ մը կ'ուղարկէ Երեւանը պաշարող ուժերուն օգնութեան համար։ Վախցած պարսիկները կը փախչին ու կ'ամրանան Երեւանի բերդին մէջ։ Քաղաքի պաշտպանութիւնը կը մնայ միայն հայերու յոյսին, որոնք պատմիչի վկայութեամբ Երեւանի հերոսական պաշտպանութեան առաջին օրերուն տուած էին միայն 2000 սպանուած։
Դրութիւնը ժամ առ ժամ կը ծանրանար, անհրաժեշտ էր միաւորել բոլոր ուժերը եւ արժանի հակահարուած տալ թշնամիին։ Երեւանի պաշտպանութեան կազմակերպիչները եղած են Յովհաննէս Հուտիպէկեանը, Պօղոս Քիչիպէկեանը, Կարճիկ Յովհաննէսն ու Դաւիթ Միրզաճանեանը։ Գիշերը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Գրիգոր վարդապետի նախաձեռնութեամբ կը հրաւիրուի յատուկ խորհրդակցութիւն։ Այդ խորհրդակցութեան մասնակցած են Երեւանի անուանի քաղաքացիները։ Քաղաքի պաշտպանութեան հիմնական հատուածը հարաւ-արեւմտեան կողմն էր՝ Ձորագիւղը։ Երեւանի պաշտպաններու շարքին մէջ կը տիրէր զինուորական խիստ կարգապահութիւն։ Թրքական զօրքերը Ձորագիւղի դէմ ձեռնարկած յարձակման ժամանակ կը կորսնցնեն 6.000 զինուոր։ Կորուստները շատ էին նաեւ հայերու շարքերուն մէջ։ 1724 թուականի Յունիս 7-ին թուրքերուն կը յաջողուի խորտակել հայերու պաշտպանութիւնն ու գրաւել քաղաքը։ Թէեւ թուրքերը գրաւեցին Երեւանը, սակայն ատիկա իրենց վրայ շատ թանկ նստեցաւ. Երեւանի պատերուն տակ անոնք կորսնցուցին հազարաւոր զինուորներ։
«Պատմութիւն պատերազմանցս» երկի յետագայ փոքրածաւալ գլուխներուն մէջ Աբրահամ Երեւանցին կը նկարագրէ թուրք-պարսկական կռիւները։ Իր աշխատութիւնը կ'աւարտէ 7-րդ գլուխով, ուր կը խօսի պարսկական ուժերու միաւորման եւ թուրքերու դէմ յաղթական կռիւներ մղող Նատիր Ղուլի շահի գործունէութեան մասին։ Գիրքի այս հատուածին մէջ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կան Վրաստանի մասին։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2000.
- 1 2 3 4 5 Bournoutian, 2002
- ↑ (հայերեն) Աբրահամ Երևանցի, 2025-06-08, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B1%D5%A2%D6%80%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B4_%D4%B5%D6%80%D6%87%D5%A1%D5%B6%D6%81%D5%AB&oldid=10348708, վերցված է 2025-11-16
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Bournoutian George A. (2002)։ «ABRAHAM OF EREVAN»։ Encyclopaedia Iranica