Jump to content

Աբեղուկ

Աբեղուկ[1], աբեղաձագ[1] կամ փուփուլաւոր արտուտ (լատ.՝ Galerida cristata)‘ թռչունի տեսակ մըն է, որ կը պատկանի ճնճղուկազգիներու կարգին ու արտոյտայիններու (Alaudidae) ընտանիքին։ Երեսուներեք ենթատեսակ հաշուըւած է[2]։

Աբեղուկը Հարաւային Հեպրոնի մէջ
     Միայն կը բնադրէ
     Տարին ամբողջ

Աբեղուկին երկայնքը 18 սմ-էն մինչեւ 20 սմ է, իսկ կշիռքը՝ մօտաւորապէս 30 կրամէն մինչեւ 55 կրամ։ Թեւերուն բացուածքը 30 սմ-էն մինչեւ 38 սմ է[3]: Թռիչքը թափահարող է ու ալիքաձեւ։ Անիկա այնքան ալ նշմարելի գունաւորում մը չունի, ուժեղ, կոր կտուց մը, միջին երկայնքի թաթեր, լայն ու մեծ թեւեր եւ գլխուն վրայ փուփուլ մը ունի։ Փետուրներուն գոյնը մուգ մոխրագոյն է՝ շերտերով, վարի կողմը ճերմակ է, թեւերուն շրջանը կարմրաւուն է։ Արուն ու էգը նոյն կերպ գունաւորուած են[4]։

Աբեղուկին կանչող ճիչը «թրիւտրիթրիէ» հնչողութիւնն է, որ կը կազմէ երգին հիմնական մեղեդին։ Սովորաբար կ'երգէ գետնին, քարի մը, կամ ցանկապատի մը վրայ նստած, երբեմն ալ թռիչքի պահուն։ Երգը շատ մեղեդիական է ու թռչունը նոյնիսկ կը նմանցնէ ուրիշ թռչուններու ձայները։

Աբեղուկը կը բնադրէ հարաւային պորէալ գօտիին մէջ, արեւմտեան ու հարաւ-արեւմտեան Եւրոպայէն մինչեւ Գորէան ու Դեղին ծովը։ Անոր հարաւային սահմանը կ'անցնի Սենեկալէն, Կամպիայէն, Նիճերիայէն, Սուտանէն, հիւսիսային Քենիայէն ու Արաբիոյ ափերէն, հիւսիս-արեւելեան Հնդկաստանին վրայէն ի վերջոյ Նեփալի դաշտավայրը։ Բնադրման շրջանին հիւսիս-արեւելեան մասերը աբեղուկը չուող թռչուն է, իսկ միւս մասերուն մէջ նստակեաց կը մնայ։ Սակայն, առանձին անհատներու պարագային ապացուցուած են շատ հեռաւոր չուեր[5]:

Աբեղուկը՝ որսալիս։

Աբեղուկին կերակուրը կը բաղկանայ վայրի խոտաբոյսերէ ու ուրիշ բոյսերու սերմերէ եւ ձմրան մասամբ մանր կենդանիներէ։ Ձագերուն կենդանական կերակուր պէտք կ'ըլլայ։ Կենդանական կերակուրը, որմով աբեղուկները կը սնանին, բաղկացած է անձրեւորդներէ, մանր ու միջին մեծութեան բզզիկներէ, ճանճերէ, պզտիկ թիթեռներէ, որդերէ ու շատ հազուադէպ պզտիկ խխունջներէ, ինչպէս նաեւ սարդերէ[6]։

Սովորաբար աբեղուկը կը նախընտրէ բաց, չոր մարգագետիններ, սակայն կը գտնուի նաեւ դաշտերու ու ճամբաներու եզրերուն, արդիւնաբերական շրջաններուն, նաւահանգիստներուն ու քաղաքներուն մէջ։ Ամէնէն իտէալականը այն չոր ու տաք տարածքներն են, ուր ցած բոյսեր կան, ու գլխաւորապէս կաւային-աւազոտ հողերուն վրայ։ Ասոր հետ միատեղ, հողերուն մշակումը ὁλοένα կը նեղցնէ տարածման յարմար վայրերը։

Galerida cristata

Էգը լաւ մը ծածկուած բոյն մը կը շինէ գետնին վրայ, երբեմն նաեւ լանջերուն ու քարէ պատերուն վրայ։ Անիկա Ապրիլէն մինչեւ Յունիս ամիսը երկուքէն մինչեւ հինգ հատ հաւկիթ կ'ածէ երկու անգամ, որոնք տասնմէկ օրէն մինչեւ տասնչորս օր կը թխսուին[7]։ Ձագերը կը լքեն բոյնը ձուէն դուրս ելլելէն 9-11 օր ետք։

Վերջին հարիւրամեակներուն ընթացքին աբեղուկը իր տարածման շրջագիծին մէջ ընդարձակումներ ու նեղացումներ ապրած է, կլիմայական պայմաններուն պատճառաւ։ Հետեւաբար, տարածման շրջանը ընդարձակուած է տասնվեցերորդ ու տասնութերորդ դարերուն տաք եղանակին ու դարձեալ կրճատուած է տասնեօթներորդ դարուն պաղ եղանակին։ Քսաներորդ դարուն սկիզբը աբեղուկը օգտուած է քաղաքներուն ու արդիւնաբերական կառոյցներուն գտնուող նոր բնադրավայրերէն։ 1930-ական թուականներէն սկսեալ, թիւը սկսած է նուազիլ տրամաբանական ձեւով, հարաւ-արեւելեան Եւրոպայէն սկսելով, գրեթէ ամբողջ Եւրոպայի մէջ[5]։

Ընդհանուր թիւը աբեղուկներուն 98%-ով պակսած է 1980 թուականէն ի վեր[8], ու վատ վիճակի մէջ կը գտնուի[9]։

Նուազելու Պատճառներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հակառակ 20-րդ դարուն բարենպաստ կլիմայական պայմաններուն, տեսակին տարածման շրջագիծը կրկին չէ ընդարձակած[10]։ Ակնյայտ է որ հիմնական պատճառները սնունդին պակասն է ու ապրելավայրերուն փոփոխութիւնը։ Աղբոտ ու խոպան դաշտերը շատ քիչ են ու համեմատաբար կարճ հատուածով։ Այսօր, բաց տարածքները, ինչպէս օրինակ քաղաքներուն տարածքները, որոնք 20-րդ դարուն սկիզբէն ի վեր լեցուած են աբեղուկներով, ὁλοένα աւելի կը կանաչին, կը պարարտանան ու խիտ ձեւով կը տնկուին։ Ուրիշ խոնաւ հողատարածքներ ալ անմիջապէս կը կանաչին։ Ասոր վրայ կ'աւելնայ գիւղատնտեսութեան զօրանալը ու բնապատկերին խտանալը, դաշտերուն լայն ու չմշակուած եզրերուն հաշւոյն։ Ասոր արդիւնքով վայրի խոտաբոյսերն ու անոնց սերմերը չկան, որոնք շատ կարեւոր են թռչուններուն սնուցման համար։ Նոյնպէս, բնադրելու շրջանին բաւականաչափ միջատներ չկան[11]։

Պահպանման Կարգավիճակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աբեղուկը կը գտնուի պահպանութեան տակ, որպէս եւրոպական թռչնատեսակ, համաձայն Եւրոպական Միութեան վայրի թռչուններու պահպանման Հրահանգին (Richtlinie 79/409/EWG über die Erhaltung der wildlebenden Vogelarten

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Ghazaryan Ṛ S. (2001)։ Kendanineri anunneri hayeren-ṛuseren-latineren kargabanakan baṛaran (2. hratarakutʻyun հրտրկթն․)։ Erevan: Makmilan Armenia։ ISBN 978-99930-72-64-5 
  2. «Nicators, Bearded Reedling, larks – IOC World Bird List»։ www.worldbirdnames.org։ արտագրուած է՝ 2025-05-19 
  3. Snow David, Perrins Christopher M., Gillmor Robert (1998)։ The birds of the western Palearctic (Concise ed հրտրկթն․)։ Oxford ; New York: Oxford University Press։ ISBN 978-0-19-854099-1 
  4. Cerny Walter (1975)։ A field guide in colour to birds։ Internet Archive։ London : Octopus Books։ ISBN 978-0-7064-0405-0 
  5. 5,0 5,1 Bauer et al., S. 133
  6. Cerny Walter (1975)։ A field guide in colour to birds։ Internet Archive։ London : Octopus Books։ ISBN 978-0-7064-0405-0 
  7. Hayman Peter (1979)։ The birdlife of Britain: a dramatic new way of identifying and understanding the birds of Britain and Europe։ Internet Archive։ London : Beazley։ ISBN 978-0-85533-087-3 
  8. «Home»։ EBCC (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-05-19 
  9. BirdLife International 2004: Birds in Europe: population estimates, trends and conservation status. BirdLife Conservation Series No. 12, BirdLife International, Wageningen, The Netherlands
  10. «Crested Lark Galerida Cristata Species»։ BirdLife DataZone (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-05-19 
  11. Bauer et al., S. 134