Արհեստավարժութիւնը եւ հայ դասական դաստիարակչութիւնը

Արհեստավարժութիւնը եւ հայ դասական դաստիարակչութիւնը, Հայ ազգը այն սակավաթիւ ժողովուրդներէն է, որ շատ վաղ ժամանակներ է ի վեր կրցեր է որոշուիլ եւ կազմել իր ազգային յատկանիշները․ ինչպէս լեզու, մշակոյթ,հավատք եւ կրօնք, բնաշխարհ, պատմութիւն, ցեղային եւ ազգային արմատներ, տնտեսական հայացք, եւ ապագայի համազգային որոշ տեսելական. որոնք իրար հետ շաղախուելով եւ հակազդելով միմիանց ոչ միայն ծաւալած են ազգային ինքնորոշման հռչակագիր, այլ եւ նախագծած ու բովանդակած ազգային ապրելու, գոյատեւելու, բարգավաճելու ու  ծաղկելու գործոնները, փորձերը, ու կարողութիւնները:

Նախաքրիստոնէական կազմաւորում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուստի (Հայկական տոմարին համաձայն՝) մոտաւորապես չորս հազար եւ հինք հարիւր տարիներ ճամբայ անցած հայ ազգը բնօրրան ունենալով հարաւային Կովկասի ողջ տարածքը կերտած է իր ինքնուրոյն մշակոյթը ու տնտեսութիւնը, եւ անոր գոյատեւման հարկ գործօնները, հիմք ունենալով իր բնաշխարհը: Շնորհիւ իր բնաշխարհի Աստուածատուր բարիքներուն ան շատ վաղ ժամանակներէ ծանօթացած է երկաթին ու մշակած զայն ( 1900 ն.ք. ) ետքը՝ որպէս երկաթի գիւտարար զայն հրամցուցած է ողջ աշխարհի ժողովուրդներուն պատճառ հանդիսանալով միջազգային նոր քաղաքակրթական ժամանակաշրջանիմը ծնունդին, որնէ (երկաթի դարաշրջան ( 1500 ն.ք. )) այս բանին կը վկայեն՝  հայոց պատմութեան էջերը, որոնք կը յիշատակեն « Արշակ Ա. Վաղարշակի Թագաւորին նիզակը շինուած էր պողպատէ ան ոչ կը ծռէր, և ոչ ալ կը կոտրէր․ Արշակ Ա. Պատերազմեցաւ (Պոնտացիներուն) հետ, յաղթեց անոնց ու (Պոնտական ծովուն) եզերքը կանգնել տուաւ կոթող մը, յետոյ իր սուր նիզակը, որ նշանաւոր էր իր սրութեամբ, շարժեց ձեռքին մէջ, եւ նետելով մխեց զայն այդ կոթողին մէջ. Նիզակը ծակեց կոթողը ու մնաց անոր գամուած : Պոնտացիները հիացան և երկար ատեն պաշտեցին այդ կոթողը, զայն նկատելով Աստուծոյ մէկ գեղեցիկ գործը »․ հայոց երկաթի գիւտը կը վկայեն նաեւ շատ մը Յունական եւ Հռոմէական ձեռագրեր, Հռոմի կայսրերու բազում հրամանագրեր, ուղղուած իրենց զօրավարներուն՝ հետապնդելու այս ռազմավարական մետաղը կովկասի մէջ, և տիրանալու անոր. Փարաւոններու քաղաքակրթութենէն շատ մը գտածոներու արձանագրութիւններ, հմայուած ու հրապուրուած կը յիշատակեն նոր ու զորաւոր մետաղի մը մասին, զոր կը գտնուի հոն հեռուն դէպի հիւսիս: Շատ վաղ ժամանակներէ այսպիսի փորձ ապրած ժողովուրդ մը, որ կրցած է մշակել ոսկի, արծաթ, պրոնզ ու պղինձ, և դիդեղ ապա երկաթ անպայման կուտակած է որոշ արհեստավարժութիւն, եւ դարցուցած զայն ազգային նկարագիրի կարեւոր կռուաններէն մէկը,որ կօղակաւորէ արօրեան որպէս ապագայի երաշխիք, ու ազգային մշակոյթի դաստիարակչական գործոն: Հայը՝ իր աւանդութիւններուն ընդմեջէն կը ցուցաբերէ մեծ վստահութիւն արհեստավարժ վարպետին, որպէս զօրութեան աղփիւր. Ինչ որ կը վկայէ պատմութենէն հետեւեալ դէպքը « Արտավազդ Արտաշէսի թագաւոր, ենթարկուելով իր հօր անէծգին գլորեցաւ մասիսի վիհը, եւ իր դիակն անգամ չգտնուեցաւ․․․ կ'ըսեն, որ հայ երկաթագործները կիրակնամուտ իրիկունները իրենց մուրճերը կը զարնեն սալին որպէսզի ամրանան Արտավազդի շղթաները»:

Արհետավարժութիւնը որպէս երաշխիք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

 Արհեստավարժութիւնը հայու համար եղած է ապահով ապրելու երաշխիք, անոր համար ալ հայ մշակոյթին մէջ արհեստը ու արհեստավարժութիւնը կազմած են դաստիարակչական ու մանկավարժական համակարքի կարեւոր յենակէտերէն մէկը. ինչպէս կը վկայէ հայկական հէքիաթներէն մին վերնագրուած (Իշխանն ու գեղջկուհին) որ կ'ըսէ « Օրին մէկը իշխան մը գիւղէ մը անցած ժամանակ կը հանդիպի սիրուն աղջկայ մը կը հրապուրուի անոր գեղեցկութեամբ ու կը հմայուի անոր ազնիւ եւ հեզ վերաբերմունքին. վերադարնալով պալատ մարդ կ'ուղղարկէ առաջարկելով ամուսնութիւն․ սակայն որքան մեծ կ'ըլլայ զարմանքը երբ կը լսէ թէ աղջիկը մերժածէ  փառքն ու պատիւը եւ պայման որոշած, որ իշխանը ըլլայ արհեստավարժ որեւէ արհեստի մը․ այն ատեն ճարահատ ՝ իշխանը կը՝ստիպուի ընդունիլ պայմանը եւ սովորիլ – գորքագործութիւն – որմէ ետք միայն առաջարկը կը դառնայ ընդունելի. տարիներ կ'անցնին իշխանը կը դառնայ թագաւոր եւ օրմն ալ չար փախտը զինք կը թողու գերութեան, այն ատեն թագաւորը՝ բանտին մէչ կը  հիւսէ գորք մը որուն վրայ կը նշանազարդէ իր պայմաններուն մասին ու կ'ուղարկէ իր կնոջ թագուհիին․ թագուհին երբ կը՝ստանայ գորքը,եւ կը տեղեկանայ պայմաններուն, կը կազմէ բանակ մը, եւ յարձակելով կ'ազատէ թագաւորը ու կ'ապրին մինչեւ խոր ծերութիւն կառավարելով երկիրը արդար և փառքաւաճ »:  Այս է հայ մշակոյթի ուղութիւնը և պատգամը ազգի նոր ու ապագայի սերունդներուն:

Արհեստավարժութիւնը որպէս հիմք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ ազգը, որ վաղ ժամանակներէ ի վեր կ'որսնցուցած է իր պարտէզը ու այգին ու ապրած է պանդուխտ  օտար ափերուն, կ'րցած է յաղթահարել օտարութեան եւ կեանքի դժուարութեան, իսկականին արհեստավարժութեամբ  ու արհեստներու մեծ վարպետութեամբ: Պարսկաստանի մէջ հայը ծաղկեցուց շատ մը արհեստներ․ ներմուծեց մոմագործութիւն, լուսանկարչութիւն, ոսկերչութիւն, եւ այլ շատ մը արհեստներ․ Իսթանպուլը ապրեցաւ բարգաւաճ ու ժամանակակից կեանք շնորհիւ հայ վարպետներուն ինչ որ կը վկայեն  Պալեան  քերդաստանի հրաշակերտ պալատներն ու կոթողները․ հիմնեց ու ծաղկեցուց նոր զարգացող շատ մը արհեսներ սկսած Իսթանպուլ են մինչեւ Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Յորդանան, Պաղեստին, Եգիպտոս. օրինակ վերցնելով լուսանկարչութիւնը եղաւ օղակը, որ հանգուցեց արեւելեան  արհեստաթեքնիքը արեմտեան գիտաթեքնիքի ծանոթացնելով իրար: Այսպէս վկայուած է երբ պանդուխտ (Անտոն (Յովսէփ) Սուրեան (16-րդ դարուն)) գտնուելով Վենետիկի ափերուն կ'իրագործէ հրաշագործ մեքենաներ, եւ 30 երկար տարիներ կը ղեկավարէ Վենետիկի նաւարանի տնօրէնութիւնը․ Աւելին ան կարձանագրէ առաջին անգամ ըլլալով (ստեղծագործական իրաւունքներու գրանցումը ու անոր տրամաբանական ընթացքը) (( patenting)), ինչ որ հազուագիւտ երեւոյթ է այդ օրերուն:

Արհեստավարժութեան գաղափարը մնալով,  որպէս կարեւոր գործոն, հայ ազգային կառոյցին ու դաստիարակութեան մէջ,կը հետապնդ է նաեւ այլ ոլորտներ որոնք առնչուած են ազգային գոյատեւման համակարգին մէջ, որնէ ըլլալ զօրութեան աղփիւր, ապահովութեան երաշխիք, ժողովուրդներու միջեւ կապի օղակ, և հայ ազգը բնորոշող կարեւոր յատկանիշ : Այս պատճառներով ան պիտի շարունակէ դաստիարակել ապագայ սերունդները ռազմավարական կարգախօս ունենալով,

« Արհեստը ոսկի ապարանջայ է, որ կը փայլի մարդու ձեռքին իր նեղ օրերուն »

դերմին մը, որ յատուկ է միայն ու միայն հայ մշակոյթին․ հայը հավատացած է այս կարգախօսին ու մնացած է կարչած անոր  ամէն զոհողութեամբ նոյնիսկ ընթունելով ( միսը քեզի ոսկորը ինծի ) որպէսի զաւակը սովորի  որեւէ բան եւ ըլլայ արհեստավարժ․ այս իրականութիւնը որքան հարազատ նկարագրուած է  հայ գրականութեան մէջ ( 19-րդ դարու ) մէծ գրող (Թումանեան)ի գրիչով իր (Գիգորը ) պատմուածքին տողերուն մէջ :

Արհեստավարժութեան գործածութիւնը եւ ցեղասպանութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1915-ի ցեղասպանութեան քաօսը եկաւ հաստատելու թէ որքան իրաւացի եւ այժմէական ռազմաւարութիւն մըն է հայ մշակույթի մէջ գոյութիւն ունեցող այս կարգախօսը ազգի մը համար ընդէմ ամէն երեւելի եւ աներեւույթ ապագան դիմագրաւելու․ շատ մը օրինակներ կը վկայեն այս բանին․ որոնցմէ մէկը կը կարդանք (Թորոս Թորանեան)ի ( Տարագիր Հայու Կենսագրութիւն ) էջերուն մէջ ուր կը պատմէ ՝ Յակոբ Մոստիչեան / Կապոնեան իր ապրած տարագրութեան օրերը․....

« Առաջին օրն իսկ երեք հաց գնեցինք ու այդ եղաւ նոյն եւ յաջորդ օրերու մեր սնունդը : Մէկ քանի օր ետք, փողոցին մէջ մունետիկի մը կանչը լսեցինք : Մարդը կը պորար, ով գաղթականներ, եթէ ձեր մէջ ատաղձագործ կայ, թող դուրս ելլէ (ատաղձագործի պէտք ունինք) : Կամացուկ մը դուրս սահեցայ մեր սենեակ էն ու վախվխելով մօտեցայ մունետիկին ու ըսի թէ ատաղձագործ եմ :

Մունետիկը թրքերէն լեզուով հարց տուաւ ինծի թէ կրնայի ջրաղաց (խարաֆ) նորոգել : Խարաֆին ինչ ըլլալը չէի գիտեր : Մէկ րոպէի տատամսումէ ետք, ըսի

( Ես այդ գործին վարպետն եմ ) ապրիլ պէտք էր․ ապրելու համար աշխատիլ պէտք էր եւ ստակ վաստակիլ․ ու գործը, ինչպէս կ'ըսեն, ոտքիս եկած էր ինքնեկ կերպով : Մունետիկին կողքին կանքնած էր աւելի կոկիկ կերպարանքով մէկը, որ ներկայացուց ինքզինք (Ապտուլ Հէտի Աճէյլի) այս վերջինը քաղաքապետարանի մէջ բարձր պաշտօն մը ունէր եւ յարգուած էր օսմանեան  պետութեան կողմէ․ նախ հարցուց թէ քանի հոգի ենք, երբ իմացաւ երեք  հոգի ըլլալնիս ըսաւ, ձեր ժողովուրդին հանդէպ մեծ անարդարութիւն մը կը գործադրուի տղաս, բայց ժամանակները այսպէս  չեն  մնար, երեքդ ալ մեր տունը կը փոխադրուիք այսօր իսկ, ընելիք գործ կայ․ Ես գիտեմ, որ հայերը վարպետ արհեստաւոր են․ Աճէյլին զիս տարաւ իրենց բակը, որ շատ ընդարձակ էր, որուն ճիշտ կեդրոնը այդ խարաֆ կոչուածն էր, այսինքն ջրհան փայտեայ մեքենայ մը :  Այս տարօրէն բարի մարդը ցոյց տալով ջրհան մեքենան ըսաւ : Նորոգեցէք մեքենան, որպէսզի պարտէզը կանանչ մնայ, ահա քեզի գործիքներ, իսկ փայտ, ուզածիդ չափ կայ․ մինչ այդ գնայ ընտանիքդ բեր․ անօթի կ'ըլլաք, լաւ մը կերէք, կշտացէք ու ապրեցէք սա անկիւնի սենեակին մէջ : Այստեղ տեղաւորուեցանք ու անցանք գործի եղբօրս հետ․ ծառեր կտրեցինք, փայտի վերածեցինք, չորցուցինք եւ երեք շաբթուան մէջ մենք մեզի թէ արհեստը սորուեցանք, թէ ջրհան մեքենային ինչ ըլլալը. ու ուրախութեամբ աշխատցուցինք խարաֆը, ջուրը կը բարձրանար ու կը թափուէր կողքի առուն եւ ծառերն ու կանաչութիւնը կեանք կ'առնէին :

  Մեր աղան շատ ուրախացաւ․ մենք շատ աւելի : Աճէյլին գրեթէ ամէն օր կը կրկնէր ես գիտէի, որ հայերը լաւ արհեստաւորներ են․ ահա  ջուրը կար բայց ջրհանը վաղուց կոտրուած էր, շինող չկար : Հայ մը պէտք էր գար, որ ջուրը ջրհորէն ելլէր ու ջրէր պարտէզս : Յաջորդող շաբաթներուն, խարաֆ նորոգողի համբաւս տարածուած էր գիւղաքաղաքին մէջ : Ամէն կողմէ կուգային, կը խնդրէին, որ խարաֆներուն դոյլերը նորոգեմ : Սկսայ դրամ վաստակիլ․․․․ »:

  Դարերու խորքէն եկող եւ դէպի ապագայ երկարող հայ արհեստաւորի փորձը, հմտութիւնները, գործի  հանդէպ ունակութիւնը, աշխատասիրութիւնը, արդար ու անխարդախ աշխատանքը, միշտ ալ ամրապնդած են ժողովուրդներու վստահութիւնը հայ արհեստաւորին հանդէպ : Որուն ականատեսները ըլլալու պատիւը ունեցած է մեր սերունդը․ ականատես ենք նաեւ այն իրականութեան, թէ այսօր ՝ որեւէ օտար կամ այլ ազգի պատկան անհատ  չի համոզուիր եւ չ՝ընդունիր տեսնել ոչ արհեստավարժ հայեր, որոնք մոռնալով պապենական սովորութիւնները, եւ ընդունելով օտար տրամաբանութիւններ, որպէս հայեր կը ներկայանան օտարներու :

Վերջաբան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայը իր արհեստավարժութեամբ, ոչ միայն ստեղծագործած ու նուաճած է արհեստերը այլ եւ ատեղծագործած եւ մտահղացած այլ  բնագաւարներու մէջ եւս ինչպէս արուեստի , գիտութեան ու ճարտարագիտութեան  զանազան ոլորտներ․ որուն անչնչելի վկան է այս օրուայ միջազգային  ( 12 ) միլիոն գրանցուած մտահղացումներու  եւ ստեղծագործութիւններու  (( patents )) ( 250 000 ) –ը հայու սեբականութիւն ըլլալը, որ կը կազմէ ուղիղ ընդհանուր թիւին ( 2 ) առ հարիւրը. Ինչպէս կրնար (10) միլիոն հաշուող ժողովուրդ ըլլալ սեբականատէր (2 առ հարիւր ) միջազգային  (12) միլիոն ստեղծագործութիւններուն եթէ չ՝ըլլար

« Արհեստը ոսկի ապարանջան է, որ կը փայլի մարդու ձեռքին իր նեղ օրերուն »

Հայ մշակոյթի ռազմավարական  կարգախօսը :

Աղբիւրներ :  [Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Հայ գրականութիւն ՝
  2. Հայ-Վենետ ՝ Վենետիկ / 1896
  3. Հայոց Պատմութիւն ՝
  4. Տարագիր Հայու Կենսագրութիւն ՝ Թորոս Թորանեան / Պէյրութ / 1987
  5. Համաձանձի զանազան կայքեր :