Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ | |
---|---|
![]() | |
Տեսակ | ռազմական կազմակերպություն? և պարտիզանական շարժում? |
Երկիր |
![]() |
Հիմնադրուած | 1975[1] |
Լուծարուած | 1988 |
Գլխաւոր գրասենեակ | Պէյրութ, Լիբանան |
Գլխաւոր քարտուղար | Յակոբ Յակոբեան և Գէորգ Աճեմեան |
Հիմնադիր | Յակոբ Յակոբեան |
Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակ - ASALA - (անգլերէն՝ Armenian Secret Army for the Liberation of Armenia (ASALA), ֆրանսերէն՝ Armée secrète arménienne de libération de l'Arménie արաբերէն՝ الجيش السري الأرمني لتحرير أرمينيا)։
Ստեղծումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1975-ին, խումբ մը լիբանանահայեր, իրաքահայ Յակոբ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, ոգեւորուելով 27 Յունուար 1973-ի ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգի Սանթա Պարպարա քաղաքի Գուրգէն Եանիկեանի կողմէ երկու թուրք դիւանագէտներու սպանութեան փաստէն, որոշած են հիմնադրել ընդյատակեայ կազմակերպութիւն մը, որ զինեալ գործողութիւններու միջոցով Հայկական Հարցը կրկին մուծէ միջազգային քաղաքականութեան դաշտ, որպէսզի միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուի 1914-1923 թուականներուն թուրքերու կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման նախապայմաններ ստեղծել։
ՀԱՀԳԲ ծրագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ՀԱՀԳԲ-ն ծնունդ է հայ նորագոյն սերունդին եւ իր մէջ կը մարմնացնէ համայն հայութեան դարաւոր ձգտումներն ու իր ճակատագրին եւ երկրին տէր ըլլալու անտեղիտալի կամքը։ Հայութիւնը հիմնական եւ անյետաձգելի նպատակ ունի ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը եւ բռնագրաւեալ այն հողամասերը, զորս իրագործելու համար ընտրած է զինեալ պայքարի ուղին։ Այս ընտրութիւնը պարտադրուած է հայ ժողովուրդին, որովհետեւ Թուրքիան եւ անոր զօրավիգ կանգնող կայսերապաշտ պետութիւնները կը կիրառեն բիրտ ուժի եւ բռնամիջոցներու գործունէութիւն՝ Հայաստանն ու հայութիւնը վերջնականօրէն բնաջնջելու մտադրութեամբ։ Այս պայմաններու բերումով ՀԱՀԳԲ-ն կը գործէ իբրեւ զինուորական կազմակերպութիւն եւ անխուսափելիօրէն կը վստահի առաւելապէս զինեալ յարատեւ պայքարին՝ կիրառելով ուժի բոլոր տարբերակները։ ՀԱՀԳԲ-ն իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին ազատութեան նուիրուած կազմակերպութիւն է։ Ինքնորոշ եւ յստակ առաքելութիւն սահմանած ըլալով, ան չի հետաքրքրուիր քաղաքական սին մարզանքով եւ բացարձակապէս կը մերժէ մասնակից դառնալ միջ-կուսակցական մրցակցութեան, վէճերու կամ հակամարտութեան։ Ընդհակառակը, ան կը ձգտի իր հնարաւոր բոլոր միջոցներով միասնականութիւն ստեղծել հայկական բոլոր հոսանքներուն, կազմակերպութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն միջեւ, որպէսզի համայն հայութիւնը կարենայ իր հաւաքական կամքի զօրութեամբ, նիւթական, տնտեսական եւ գիտական միջոցներով իր ամբողջ ուժը ի սպաս դնել հայկական բռնագրաւեալ հողամասերու ազատագրութեան համար։ Ան կը ջանայ հնարաւոր բոլոր միջոցներով քաջալերել եւ կազմակերպել սփիւռքահայութեան վերադարձը դէպի Հայաստան, ինչպէս նաեւ արգելք հանդիսանալ օտար պետութիւններու կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուող ազգակործան արտագաղթին։ ՀԱՀԳԲ-ն կը մերժէ միջազգային քաղաքական հակամարտութեան մասնակից դառնալ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը շահ չունի մեծ պետութիւններու եւ անոնց ենթակայ քաղաքական հակադիր հոսանքներու միջեւ մղուող շահադիտական հակամարտութուններուն։ Ազատագրական պայքարը պէտք է շարունակուի առանց ընդմիջման կամ ընդգրկումի մինչեւ որ հայութիւնը վերատիրանայ իր հողերուն եւ մարդկային իրաւունքներուն ու վերահաստատուի իր հայրենի հողին վրայ։ Թուրք ցեղասպան պետութիւնը եւ անոր մեղսակից մեծ պետութիւնները պէտք է իմանան ու համոզուին, որ չեն կրնար հանգիստ ու խաղաղ մնալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ չեն սրբագրեր հայերու դէմ գործուած անարդարութիւնը։ ՀԱՀԳԲ-ն Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած հայկական բոլոր հողամասերու ազատագրումէն ետք աւարտած կը նկատէ իր առաքելութիւնը։ Ազատագրուած Հայաստանի իշխանութիւնը կը ստանձնեն այնտեղ վերահաստատուած հայ զանգուածները, որոնց բացարձակ իրաւունքն է որոշելու իրենց նախընտրած իշխանութեան ձեւը եւ ընտրել զիրենք իսկապէս ներկայացնող իշխանութիւնն ու կառավարութիւնը։ Ոչ մէկ ուժ, ըլլայ ատիկա օտար պետութիւն, միջազգային հոսանք կամ շարժում ու նոյնիսկ մէկ հայ կազմակերպութիւն կամ կուսակցութիւն իրաւունք չունի որոշ հասարակարգ կամ վարչակարգ պարտադրելու անոր։ ՀԱՀԳԲ-ն սատար կը կանգնի այնտեղ հաստատուած հայ ազգային պետականութեան իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցներով։ Ամբողջ աշխարհը իր մեծ ու փոքր պետութիւնններով չեն կրնար խաղաղ մնալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ կան իրաւազրկուած ժողովուրդներ, որոնց երկիրները կը մնան գրաւուած ծաւալապաշտ պետութիւններու կողմէ։ ՀԱՀԳԲ-ն զօրավիգ կը կանգնի իրաւազրկուած բոլոր նման ժողովուրդներու պայքարներուն ու նոյն հաւատքով ու վճռականութեամբ կը պաշտպանէ անոնց դատը, պայմանաւ որ իրենց հետապնդած նպատակները չհակադրուին հայկական գերագոյն շահերուն։
ՀԱՀԳԲ Կեդրոնական կոմիտէի ծրագրային յայտարարութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հաստատակամ կերպով պէտք է շարունակենք մեր ազատագրական յեղափոխական պայքարը՝ հայութեան գերագոյն նպատակի վերջնական իրագործման համար, որն է՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ այլ բռնագրաւեալ հայկական հողամասերու ազատագրումը։ Մեկնելով այս հիմնական նպատակէն՝
- Պէտք է շարունակենք մեր զինեալ ազատագրական պայքարը հայութեան դարաւոր թշնամիին՝ թուրք ցեղասպան պետութեան դէմ։
- Պէտք է շարունակել պայքարը նաեւ բոլոր այն պետութիւններուն եւ ուժերուն դէմ, որոնք զօրավիգ կը կանգնին թուրք ցեղասպան պետութեան հետապնդած հրէշային այս ծրագրի իրագործման։
- Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդունելով հայ պետութեան կորիզ՝ պէտք է օգնենք ու սատար կանգնինք անոր վերականգնման, զօրեղացման եւ ազգային ինքնիշխանութեան հաստատման բոլոր հնարաւոր եւ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող թէ՛ քաղաքական, թէ՛ զինուորական միջոցներով։
- Արցախը նկատելով պատմական Հայաստանի անբաժան մասը, սատար կը կանգնինք անոր՝ Հայաստանի հետ վերամիաւորման եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով մեր գործուն մասնակցութիւնը կը բերենք անոր մղած ազատութեան արդար պայքարին համար։
- Նկատի ունենալով սփիւռքի հայութեան ներկայ առաւել եւս տարանջատուած վիճակը, մեր պայքարը պէտք է սաստկացնենք նաեւ այդ ուղղութեամբ, որպէսզի իրագործուի համայն հայութեան կողմէ ցանկալի միասնութիւնը։
- Բոլոր միջոցներով պէտք է պայքարինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող աւերիչ արտագաղթին դէմ եւ ընդհակառակը՝ ամէն կերպով պէտք է քաջալերենք վերադարձը դէպի հայրենի Երկիր։
Զինեալ պայքարը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ՀԱՀԳԲ-ի ռազմական գործողութիւնները գլխաւորաբար ուղղուած էին թրքական դեսպանատուներուն, հիւպատոսարաններուն, դիւանագէտներուն, պետական պաշտօնատար անձանց, զինուորական եւ ոստիկանական հաստատութիւններուն, թրքական առեւտրական միջավայրին, յատկապէս՝ «Turkish Airlines» ընկերութեան գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու պետական ու հասարակական այն կառոյցներուն, որոնք դրամական կամ ռազմական օժանդակութիւն ցոյց կու տան թրքական պետութեան, խոչընդոտ կը հանդիսանան ՀԱՀԳԲ-ի գործունէութեան։ ՀԱՀԳԲ-ն իր գոյութեան մասին առաջին անգամ յայտնեց, երբ ստանձնեց 20 Յունուար 1975-ին Պէյրութի մէջ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Միութեան գրասենեակի ռմբահարման պատասխանատուութիւնը։ Այս գործողութեան շարժառիթ կը հանդիսանար Եկեղեցիներու Համաշխարհային Միութեան Պէյրութեան գրասենեակի կողմէ լիբանանահայութեան արտագաղթը երրորդ երկիր, յատկապէս՝ ԱՄՆ եւ Քանատա կազմակերպելը։ Այս ռազմագործողութեան յաջորդեցին շուրջ 200-էն 300 զինուած ռազմագործողութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք սպաննուեցաւ շուրջ 100 եւ վիրաւորուեցաւ աւելի քան 200 մարդ, այդ թիւին մէջ՝ շուրջ չորս տասնեակ թուրք դիւանագէտներ եւ այլ պաշտօնատար անձինք։ Առաւել մեծ արձագանգ ստացած են գաղտնի կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած Օրլի ռազմագործողութիւնը, «Վան» գործողութիւնը, «Կարին – Էրզրում» գործողութիւնը եւ Շուկայի վրայ յարձակումները։
ՀԱՀԳԲ-ն եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը ստեղծուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եւ իր կարեւորագոյն խնդիրներէն կը համարէ նաեւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը։ Այս առումով մեծ ներդրում ունեցած է զինուած պաշտպանութեան գործին մէջ։ Յաճախ ստիպուած է հակադրուիլ հայկական քաղաքական կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս ՀՅԴ-ին, որ երբեմն վերածուած է զինուած ընդհարումներու։
1982 թուականին մարդկային եւ նիւթական վնասներ կրած է, երբ Իսրայէլը ներխուժած է Լիբանան։ Չնայած այդ հանգամանքին՝ աշխուժօրէն մասնակցած է Իսրայէլի դէմ մղուող մարտերուն, պաշտպանած է հայ համայնքի սահմանները եւ զինուած օգնութիւն ցուցաբերած է դաշնակից կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս՝ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան։
ՀԱՀԳԲ-ի դերը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը իր աշխոյժ ռազմական գործողութիւններուն շնորհիւ կրկին միջազգային քաղաքական եւ իրաւական ասպարէզ բերաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։ Աշխարհի առաջատար լրատուական ընկերութիւնները, անդրադառնալով ՀԱՀԳԲ-ի գործունէութեան, անպայման անդրադարձ կը կատարէին Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայկական պահանջատիրութեան։ Պատահական չէ, որ 1981 թուականին Եւրոպական Խորհրդարանը (European Parliament) պաշտօնապէս ճանչցաւ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը[2], իսկ 1990-ական թուականներուն սկսած այդ քայլը կատարեցին նաեւ բազմաթիւ երկիրներու օրէնսդիր մարմիններ։
ՀԱՀԳԲ-ն Արցախեան պատերազմին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1990 թուականէն սկսեալ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը իր գործունէութիւնը սառեցնելուն զուգընթաց աշխուժացուց օժանդակութիւնն ու աշխոյժ մասնակցութիւնը Արցախեան պատերազմին։ Կազմակերպութեան բազմաթիւ անդամներ առանձին խումբերով եւ անհատապէս մասնակցեցան ինչպէս ռազմական գործողութիւններուն, այնպէս ալ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելուն։ ՀԱՀԳԲ անդամներ Վազգէն Սիսլեանը եւ Գէորգ Կիւզէլեանը Վանաձորի մէջ ստեղծած եւ մարզած են Մեծն Մուրատ խումբը, որ կատարած է յատուկ գործողութիւններ ԼՂՀ եւ ՀՀ ամէնաթեժ կետերուն եւ միակ ջոկատն է, որ իր բարձր պատրաստուածութեան շնորհիւ ոչ մէկ զոհ տուած է։ Ջոկատի հրամանատարը եղած է Գէորգ Կիւզէլեանը։ Վան գործողութեան համակարգող, ՀԱՀԳԲ մարտիկ Վազգէն Սիսլեանը մասնակցած է Շուշիի եւ Աղդամի (Ակն) ազատագրման։ ՀԱՀԳԲ մարտիկ Մարտիրոս Ժամկոչեանը եղած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանի խորհրդականը եւ ՀԱՀԳԲ մէկ այլ մարտիկ՝ Մոնթէ Մելքոնեանի տեղակալը։ ՀԱՀԳԲ մարտիկ Յովսէփ Յովսէփեանը մասնակցած է Քարվաճառի ազատագրման եւ իրականացուցած է շարք մը յատուկ գործողութիւններ։

ՀԱՀԳԲ-ի մամուլը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր ստեղծման օրէն գաղտնի բանակը զգալի տեղ տուած է մամուլին։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ տարբեր լեզուներով հրապարակուած են թերթեր, շաբաթաթերթեր, ամսաթերթեր, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են 20-րդ դարու հայ երիտասարդութեան համար հասարակական քաղաքական կեանքին մէջ կայանալու ճանապարհին[3]։ ՀԱՀԳԲ-ի պաշտօնաթերթ «Հայաստան»ը (1980-87,1991-էն) հրապարակուած է հինգ լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն։ ՀԱՀԳԲ-ի կողմէ հրատարակուող մամուլի ոչ ամբողջական ցանկը՝
- Հայաստան, ամսաթերթ, Պէյրութ, 1983-1997։
- Կայծեր, Անգլիա, 1979-1985։
- Երկաթէ շերեփ (ամսագիր), Լիբանան, 1985-2005։
- Ազատ Հայք (թերթ), Գանատա, 1980-1987։
- Արաքս, ամսագիր, Իրան։
- Սարդարապատ (ամսաթերթ),
- Հայ Պայքար,
- Սփիւռքահայութեան ձայն
- Հայկական կայծեր, Անգլիա, 1985-2005։
- Վերադարձ, Սիրիա, 1982-1983։
- Հայդուկ, Կիպրոս, 1981-1982։
- Հայ քաղաքական բանտարկեալներու պաշտօնական յանձնախումբ, Լոնտոն, 1984-1995։
- Յառաջապահ, Անգլիա, 1985-1986։
- Սարդարապատ, Սան Ֆրանսիսքօ, 1985-1986։
- Սարդարապատ, Հնդկաստան, 1982-1983։
- Ժողովրդական Պայքար, կեդրոնական պաշտօնաթերթ Հայկական Ժողովրդային Շարժման, Աթէնք, 1991-
- Նոր Սերունդ, Լոս Անճելոս, 1988-1992։
ՀԱՀԳԲ-ն մեր օրերուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1991 թուականին գաղտնի բանակը հրապարակած է իր վերամշակուած ծրագիրը, ուր զօրակցութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան՝ առանց փոփոխութեան ենթարկելու իր ռազմավարական նպատակները[3][4]
Գիրքեր ՀԱՀԳԲ-Ի մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վլատիմիր Պետրոսեան, Չմոռանանք, Երեւան, 2006, էջ 167-175, 181, 199-387, 413-417, 457-462, 555-562, 709-712, 760-764, 782-795։
- Առնօ Համելեն, Ժան Միշել Բրոն, Վերականգնուած յիշողութիւն, Երեւան, 1996, էջ 115-133, 153-169, 198-200, 208-218, 234-243։
- Արման Գասպար, Հայ ազատագրական պայքարն ու ահաբեկչութիւնը, Լոս Անճելըս, 1989։
- Յանուն հայրենեաց, յանուն դարերի, Երեւան, 1995։
- Մոնթէ Մելքոնեան, Պատմութիւն ԱՍԱԼԱ-ի, թարգմ. Ազատ Մարտիրոսեան, Լոզան, 1990, 272 էջ։
- Կանք ու պիտի մնանք ՀԱՀԳԲ։
- Նեմեսիսը։
- Տասնամեայ խոյանք, 1985։
- Գուրգէն Եանիկեան, Նպատակ եւ ճշմարտութիւն։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ https://www.trackingterrorism.org/group/armenian-secret-army-liberation-armenia-asala
- ↑ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-10
- ↑ 3,0 3,1 Վլադիմիր Պողոսյան․ «Չմոռանանք», Երևան 2006 թ․։
- ↑ «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի 1990թ.-ին ընդունված ծրագիրը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-07-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-10
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ՀԱՀԳԲ-ի բացայայտուած անդամներու եւ նախկին քաղբանտարկեալներու Ուխտ Արարատի կազմակերպութեան կայք