Jump to content

ԱՆԶԱՔ

ԱՆԶԱՔ-ի Նիւ Զիլանտի զինուորներուն բանակավայրէն նկար մը, 1915․
Աւստրալիոյ 11-րդ վաշտը, նկար՝ 10-1-1915, նախապէս Կելլիպոլի ցամաքահանումը

ԱՆԶԱՔ (անգլ․՝ ANZAC)․ Ա․ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին կազմուած ՄԵծն Բրիտանիոյ զօրաբանակներ։ Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զիլանտի զօրաբանակները (Australian and New Zealand Army Corps - ANZAC) կազմուած են Դեկտեմբեր 1914-ին եւ գործած են Կելլիպոլի ռազմական գործողութեան ընթացքին։ Անոնք Միջերկրածովեան արշաւախմբային ուժերու հրամանատարութեան տակ կը գտնուէին։

Տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԱՆԶԱՔ-ի ստեղծում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գունաւոր պատկերացում ԱՆԶԱՔ-ի զօրամասերուն, Ա․ Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Կելլիպոլի մարտէն ետք

Անզաքը կազմուած է 1915-ին։ Հրամանատարը եղած է Ուիլիամ Պըրտղուտ (William Birdwood) եւ ունեցած է երկու բաժանումներ՝ աւստրալիական հետեւակի 1-ին բաժանումը (the Australian 1st Division) եւ աւստրալիացիներու եւ նիւզիլանտացիներու բաժանումը (New Zealand and Australian Division)։ Զօրաբանակներուն մաս կազմած էին նաեւ մեքենաներու, շտապ օգնութեան ու վիրաւորներու հաւաքումի, փոխադրական միջոցներու եւ բացօթեայ խոհանոցի միաւորներ։

1915, Մարտ ամսուան առաջին շաբթուան ընթացքին Լիմնոս կղզին հասած է 3 200 զինիալներու խումբ մը։ Ուրիշ խումբեր ժամանած են Օգոստոսին։ 25 Ապրիլէն մինչեւ Նոյեմբեր, Կելլիպոլի թերակղզիին վրայ ցամաքահանումի բազմաթիւ փորձեր կը կատարեն, որոնց կը դիմադրեն թրքական, գերմանական եւ աւստրիական միացեալ ուժերը։

ԱՆԶԱՔ-ի բանակը տուած է հազարաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ։ Զոհերը թաղուած են Կելլիպոլի զինուորական գերեզմանատուներուն մէջ։ Վիրաւորները Լիմնոս փոխադրուած են, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի վերածուած նաւերու մէջ։ Լիմնոս մահացած ու թաղուած զինիալներուն թիւը 224 եղած է՝ 148 աւստրալիացի եւ 76 նիւզելանտցի։

Անյաջող ցամաքահանումի փորձերէն ետք, ԱՆԶԱՔ-ի մնացեալ զինիալները Եգիպտոս փոխադրուած են։

25 Ապրիլը՝ Anzac Day, հաստատուած է իբրեւ ԱՆԶԱՔ-ի զոհուած զինուորներուն յիշատակի օր։ Կ՛արտացոլայ Կելլիպոլի ցամաքահանումը, ինչպէս նաեւ աւստրալիացի եւ նիւզիլանտացի բոլոր զինուորները, որոնք ծառայեցին եւ կամ զոհուեցան։ 25 Ապրիլը առաջին օրն էր Կելլիպոլի թերակղզիին ցամաքահանումին։ Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զիլանտի մէջ ազգային յիշատակումի օր է, որովհետեւ երկու երկիրներուն բնակիչները այդ օրէն առաջ, երբեք մաս չեն կազմած ռազմական որեւէ բախումի։ 25 Ապրիլը կը յիշատակուի նաեւ Կելլիպոլի դաշնակիցներուն գերեզմանատուներուն մէջ։

Լիմնոսի Մուտրոս նաւահանգիստին մուտքին աւստրալիացիները յուշարձան մը կանգնեցուցած են ի պատիւ «Լիմնոսի հերոսներուն» եւ Աւստրալիոյ ու Յունաստանի միջեւ մշակութային եւ պատմական զօրաւոր կապին։ Ինչպէս նաեւ, Մուտրոսի եւ Բորթիանոսի դաշնակիցներուն գերեզմանատուները ուղող երկու ճամբաները անուանուած են «ԱՆԶԱՔ ճամբայ»։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]