Jump to content

«Օրիոն» տիեզերանաւ

Օրիոն Բազմա-նպատակային Անձնակազմային Տիեզերանաւը (Orion Multi-Purpose Crew Vehicle - MPCV), ՆԱՍԱ-ի կողմէ օգտագործուող մասամբ վերաօգտագործելի անձնակազմային տիեզերանաւ մըն է, որ նախատեսուած է Արտեմիս (Artemis) լուսնային հետազօտական ծրագիրին համար։

Ան բաղկացած է երկու հիմնական բաժիններէ. անձնակազմային խցիկէն (Crew Module-CM), որ կը կառուցուի Լոքհիտ Մարթին (Lockheed Martin) ընկերութեան կողմէ, եւ Եւրոպական Ծառայողական Միաւորէն (European Service Module - ESM), որ կը տրամադրուի Եւրոպական Տիեզերական Գործակալութեան (ESA) կողմէ եւ կը պատրաստուի «Էյրպաս Տիֆենս էնտ Սփէյս» (Airbus Defence and Space) ընկերութեան մէջ։

«Օրիոն»ը նախատեսուած է Երկիրի ցած ուղեծիրէն անդին մինչեւ չորս տիեզերագնացի տեղափոխման համար։ Ան կրնայ ինքնուրոյն թռիչքի ընթացքին գործել մինչեւ 21 օր, իսկ երբ միացած է այլ տիեզերակայանի կամ տիեզերանաւու, կրնայ առաքելութեան մէջ մնալ մինչեւ վեց ամիս։ Տիեզերանաւը զինուած է ՆԱՍԱ-ի «Տոքինկ Սիսթըմ» (Docking System) միացման համակարգով եւ ժամանակակից ապակեայ (glass cockpit) ցուցադրիչներով։

Նախատեսուած է, որ «Օրիոն»ը արձակուի «Սփէյս Լաունչ Սիսթըմ» (Space Launch System (SLS)) հրթիռով, որուն վրայ տեղադրուած է աշտարակաձեւ արտակարգ փրկութեան համակարգ մը (Launch Escape System)։

«Օրիոն»ի գաղափարը ծնունդ կ'առնէ 2000-ականներու սկիզբը, երբ Lockheed Martin զայն կ'առաջարկէ իբրեւ Անձնակազմի հետազօտական տիեզերանաւ (Crew Exploration Vehicle (CEV))՝ ՆԱՍԱ-ի «Constellation» ծրագիրին համար։

2006-ին, ՆԱՍԱ կ'ընտրէ այդ առաջարկը։ Սակայն, 2010-ին «Constellation» ծրագիրին դադրեցումէն ետք, «Օրիոն»ը հիմնովին վերատեսութեան կ'ենթարկուի՝ ՆԱՍԱ-ի «Ճամբորդութիւն դէպի Հրատ» (Journey to Mars) նախաձեռնութեան ծառայելու համար, որ հետագային կը վերանուանուի «Լուսինէ Հրատ» (Moon to Mars)։ Այդ ընթացքին, «Տիեզերք արձակման համակարգ» (Space Launch System (SLS))ը կը դառնայ «Օրիոն»ի հիմնական արձակման հրթիռը, իսկ ծառայողական միաւորը կը փոխարինուի Եւրոպական Տիեզերական Գործակալութեան «Ինքնաշխատ փոխադրական տիեզերանաւ» (Automated Transfer Vehicle (ATV))-ի հիման վրայ մշակուած նոր նախագիծով։

2026-ի դրութեամբ, կառուցուած էին թռիչքի համար ամբողջովին պատրաստ երեք «Օրիոն» տիեզերանաւեր, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ փորձարկման նմուշներ։ Բացի ատկէ, եւս երեք թռիչքի համար նախատեսուած տիեզերանաւեր կը գտնուէին կառուցման հանգրուանին մէջ[1]։

Մայիս 2025-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի երկրորդ վարչակազմը կ'առաջարկէ դադրեցնել «Օրիոն» տիեզերանաւի ծրագիրը՝ Արտեմիս III առաքելութենէն ետք։ Սակայն Յուլիս 2025-ին ստորագրուած «One Big Beautiful Bill Act» օրէնքը կը ներառէ դրոյթ մը, որմով կը տրամադրուէր նիւթական օժանդակութիւն «Օրիոն»ի ձեռքբերման համար «Արտեմիս IV» առաքելութեան եւ անոր վերաօգտագործման՝ ապագայ առաքելութիւններուն ընթացքին[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]