«Քատիլաք»ի Առաջին Ելեկտրոնային Ինքնաշարժը

Ամերիկեան «Քատիլաք» ինքնաշարժի ընկերութիւնը հրապարակած է իր առաջին ելեկտրոնային ինքնաշարժին լուսանկարը:

Նոր ինքնաշարժը  ստեղծուած է Tesla Model X-ի եւ Audi e-tron-ի հետ մրցակցութիւն ապահովելու համար:

Ինքնաշարժը ապագայապաշտական տեսքով մեծ քրոսովըր մըն է, որ ունի նստարաններու երեք շարք:

«Քատիլաք» ընկերութեան  նոր նախագահ Սթիվըն Քարլայլը կը մտադրէ բարձրացնել մակնիշին վարկը աշխարհի մէջ, եւ նոր ելեկտրոնային ինքնաշարժը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ այս հարցին մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]