«Փիիլ Փ-50» Ինքնաշարժ

«Փիիլ Փ-50» Ինքնաշարժ, Աշխարհի ամէնէն փոքր եւ մեծ քանակով շինուած ինքնաշարժը՝ «Փիիլ Փ-50», որ իր վարորդէն աւելի թեթեւ կը կշռէր[1]:
1962-էն 1965 թուականներուն միջեւ շինուած «Փիիլ Փ-50» ինքնաշարժը 1,4 մեթր երկարութեամբ, 1 մեթր լայնքով եւ 1,1 մեթր բարձրութեամբ պզտիկ ինքնաշարժ մըն էր[2]:

Անիկա հազիւ 59,5 քիլօ կը կշռէր, ինքնաշարժը վարող գրեթէ ոեւէ անձէ մը պակաս, եւ կը բանէր յատուկ շարժակով մը:
Անոր արագութիւնը կը հասնէր առաւելագոյնը ժամական 64 քմ-ի: Սակայն զայն կայանելը դիւրին էր: Վարորդը կրնար ինքնաշարժէն դուրս ելլել, եւ պարզապէս զայն հրելով «տեղը կը դնէր»:
2010-ին «Փիիլ Փ-50»-էն նոր օրինակ մը կը շինուի: Անիկա կը բանէր փոքր ելեկտրական շարժակով մը, որ ինքնաշարժին կը հայթայթէր առաւելագոյնը ժամական 16 քմ արագութիւն[3]:
«Փիիլ Փ-50» Ինքնաշարժը միշտ ալ ճանչցուած է իբրեւ ճանապարհային-օրինական՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ: