Jump to content

«Տիեզերական Արձակման Համակարգ»

Տիեզերական Արձակման Համակարգը (Space Launch System-SLS), ամերիկեան երկաստիճան, գերածանր բեռնատարողութեամբ եւ մէկ անգամ գործածուող հրթիռային արձակման համակարգ մը, որ կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Օդագնացութեան եւ Տիեզերական Վարչութեան (NASA)։

Անիկա «Արտեմիս» ծրագիրի գլխաւոր արձակման միջոցն է եւ նախատեսուած է տիեզերք արձակելու չորս անձերէ բաղկացած «Օրիոն» տիեզերանաւը։

SLS-ը իր առաջին թռիչքը կը կատարէ 2022 թուականի նոյեմբերին՝ տիեզերք փոխադրելով անօդաչու «Արտեմիս Ա.» առաքելութիւնը։ Իսկ առաջին անձնակազմով թռիչքը կ'իրականացնէ Ապրիլ 2026-ին՝ «Արտեմիս Բ.» առաքելութեան ծիրէն ներս, որուն ընթացքին «Օրիոն» տիեզերանաւը կը շրջի Լուսինին շուրջ։

Այսպիսով SLS-ը դարձաւ երկրորդ հրթիռային արձակման համակարգը, որ մարդկային անձնակազմ փոխադրեց Երկրի ցած ուղեծիրէն անդին՝ «Ափոլօ» ծրագրի «Սաթըրն 5» հրթիռէն ետք։

SLS-ի մշակումը կը սկսի 2011-ին՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի որոշումով։ Ան կոչուած էր փոխարինելու պաշտօնաթող դարձած Տիեզերական «Մաքոքի» ծրագիրը, ինչպէս նաեւ «Քոնսթելէյշըն» ծրագիրի չեղեալ համարուած «Արէս 1» եւ «Արէս 5» հրթիռները։ Նոր համակարգը իր մէջ կը ներառէ այդ երկու ծրագիրներէն ժառանգուած բազմաթիւ բաղադրիչներ։ Ծրագիրին ընդհանուր արժէքը 2025-ի դրութեամբ հասած էր 31,6 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ Թէեւ անիկա երկար ժամանակ կը քննադատուի վատ կառավարման, ծախսերու գերազանցման եւ շարունակական ուշացումներու համար, ի վերջոյ 2026-ին յաջողութեամբ կ'իրականացնէ մարդատար տիեզերական թռիչք։

SLS-ի բոլոր արձակումները կը կատարուին Ֆլորիտայի «Քենետի» Տիեզերական Կեդրոնի 39B Արձակման Համալիրէն։ Հրթիռին կեդրոնական աստիճանը, որ կառուցուած է «Պոյինկ» ընկերութեան կողմէ, կը գործէ Տիեզերական «Մաքոք»էն ժառանգուած չորս RS-25 շարժիչներով։ Անոր երկու կողմերը ամրացուած են «Նորթրոփ Կրումըն» ընկերութեան արտադրած հնգամասնեայ կարծր վառելանիւթի արագացուցիչներ, որոնք նախապէս մշակուած էին «Արէս» ծրագիրին համար եւ ծագումով հիմնուած են Տիեզերական «Մաքոք»ի քառամաս արագացուցիչներուն վրայ։

Ներկայիս SLS-ը իբրեւ երկրորդ աստիճան կը գործածէ Միջանկեալ Սառնածին Շարժիչային Աստիճանը (Interim Cryogenic Propulsion Stage - ICPS), որ կը ծառայէ տիեզերանաւը Երկիրի ցած ուղեծիր կամ Լուսինի ուղղութեամբ փոխանցելու համար։ Այս աստիճանը կը գործածէ RL10 շարժիչը եւ ծագած է «Տելթա» հրթիռներու սառնածին երկրորդ աստիճանէն։ «Aerojet Rocketdyne» ընկերութիւնը կը պատրաստէ թէ՛ RS-25, թէ՛ RL10 շարժիչները։

«Արտեմիս Ե.» առաքելութենէն սկսեալ, որ նախատեսուած է ոչ կանուխ, քան 2028 թուականի վերջաւորութիւնը, SLS-ը պիտի օգտագործէ «Սենթաուր V» վերին աստիճանը, որ մշակուած է «Վուլքըն Սենթաուր» հրթիռին համար։ Այս նոր աստիճանը պիտի փոխարինէ ներկայիս գործածուող ICPS-ը։ Նախապէս ՆԱՍԱ-ն կը նախատեսէր SLS-ը բարելաւել ներկայ «Block 1» տարբերակէն դէպի «Block 1B» եւ «Block 2», սակայն Փետրուար 2026-ին կը հրաժարի այդ ծրագիրներէն՝ նախընտրելով շարունակել միայն «Block 1» տարբերակով, որպէսզի նուազեցնէ վտանգները եւ ապահովէ ծրագիրի ժամանակացոյցին կայունութիւնը։ Նախատեսուած էր, որ «Block 1B» տարբերակը գործածէր Հետազօտական Վերին Աստիճանը (Exploration Upper Stage), իսկ «Block 2»ն՝ նոր սերունդի կարծր վառելանիւթի արագացուցիչներ։

Թէեւ SLS-ը մարդատար բոլոր հրթիռներուն մէջ ունի արձակման պահուան ամենամեծ մղող ուժը՝ շուրջ 39 մեգանիւթըն, անոր Լուսնի ուղղութեամբ փոխադրուող օգտակար բեռի կարողութիւնը կը կազմէ մօտաւորապէս 27 մեթրիք թոն, որ գրեթէ կէսն է «Սաթըրն V» հրթիռի 48,6 մեթրիք թոն բեռնատարողութեան։

Այս պատճառով, «Արտեմիս Դ.» առաքելութենէն սկսեալ, որ նախատեսուած է 2028-ի սկիզբը, «Օրիոն» տիեզերանաւը Լուսինի ուղեծրին կամ Երկիրի ցած ուղեծիրին մէջ պիտի միանայ Մարդատար Վայրէջքի Համակարգին (Human Landing System - HLS), որ առանձին հրթիռով պիտի արձակուի եւ ոչ թէ SLS-ով։ Ներկայիս իբրեւ այդպիսի համակարգ կը մշակուին «SpaceX» ընկերութեան «Սթարշիփ HLS»-ը եւ «Blue Origin» ընկերութեան «Պլու Մուն»-ը։

«SLS»ի յաջորդ թռիչքը նախատեսուած է 2027-ին՝ «Արտեմիս Գ.» առաքելութեամբ, որուն ընթացքին «Օրիոն» տիեզերանաւը եւ HLS համակարգը Երկիրի ցած ուղեծիրին մէջ պիտի իրականացնեն միացման փորձարկում[1]։

«Արտեմիս Ե.» առաքելութենէն սկսեալ, ՆԱՍԱ-ն SLS-ի գործարկման պատասխանատուութիւնը պիտի փոխանցէ «Deep Space Transport LLC» առեւտրական միաւորման, որ կազմուած է «Պոյինկ» եւ «Նորթրոփ Կրումըն» ընկերութիւններէն[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]