Վարդանի Եւ Հայոց Պատերազմին Մասին
«Վարդանի Եւ Հայոց Պատերազմին մասին» (գրաբար՝ «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց պատերազմին»), 5-րդ դարու հայ պատմիչ եւ աստուածաբան Եղիշէի հիմնական երկը։ Նուիրուած է 449-451 թթ. Սասանեան Պարսկաստանի դէմ հայոց ապստամբութեան։ Գիրքը գիտական եւ պատմական արժէքաւոր յուշարձան է, ինչպէս նաեւ՝ կարեւոր սկզբնաղբիւր Մեծ Հայքի եւ յարակից երկիրներու պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վասն Վարդանայ եւ Հայոց պատերազմին երկը նուիրուած է Վարդանանց պատմութեան։ Երկի հեղինակը՝ Եղիշէն, եղած է Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի առաջին աշակերտներէն։ Ծնած է 410-ական թուականներու սկիզբը, իսկ 460-ական թուականներուն գրած է իր վերոյիշեալ երկը։ Եղիշէն հարուստ լեզուով, ճոխ պատկերներով եւ իմաստուն խօսքերով շարադրած է իր «Պատմութիւնը», ստեղծած է բազմաթիւ յուզիչ տեսարաններ, արտայայտած է իր ջերմ հայրենասիրական զգացումները։ Այս է պատճառը, որ անոր երկը համարուած է հերոսական բանաստեղծութիւն, դիւցազներգութիւն։
Երկին կառուցուածքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկի սկիզբը ներկայացնող գլուխներուն Եղիշէն կը բացայայտէ պատերազմի հիմնական պատճառը, որ պարսկական արքունիքի այն քաղաքականութիւնն էր, որ կը ձգտէր պարսկական միաձոյլ եւ ուժեղ պետութիւն ստեղծելու համար Հայաստանի եւ միւս հպատակ երկիրներուն մէջ վերացնել քրիստոնէութիւնը եւ հաստատել պարսկական կրօնը։ Այդ քաղաքականութեան ամէնամոլեռանդ կիրարկողը կը հանդիսանայ պարսից Յազկերտ Բ. արքան, որ իր նպատակին հասնելու համար կը փորձէ ջլատել Հայաստանի ռազմական ուժն ու տնտեսութիւնը, վերացնել հայ իշխաններու իրաւունքները։ Որմէ ետք, Յազկերտ Բ. հայերէն կը պահանջէ հաւատափոխ ըլլալ։ Այս բոլորին հետեւանքը կ'ըլլայ Պարսկաստանի դէմ հայ ժողովուրդին ապստամբութիւնը։ Յաջորդ գլուխներուն մէջ կը պատկերուին համաժողովրդական ապստամբութեան գլուխ անցած սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի պայքարը պարսիկներուն դէմ եւ մարզպան Վասակ Սիւնիի պառակտիչ գործունէութիւնը։ Պատերազմը իր գագաթնակէտին կը հասնի Աւարայրի ճակատամարտին (451 թուական), ուր կը նահատակուի հայոց սպարապետը:
Հայոց պատերազմին արդիւնքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայոց պատերազմի արդիւնքը այն զիջումներն են, որ պարսից արքունիքը ստիպուած կը կատարէ՝ ի նպաստ հայ եկեղեցւոյ, ազնուականութեան եւ ժողովուրդին։ Կը յաղթէ Վարդանանց պայքարը, եւ կը պարտուի դաւաճան Վասակ Սիւնին։
Եղիշէին նպատակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եղիշէի նպատակը Վարդանանց պատերազմի մասին միայն հաւաստքի տեղեկութիւններ հաղորդել չէր։ Անոր համար շատ կարեւոր էր այդ մեծ պատմական իրողութիւնը պատկերելով, ազդել ընթերցողներուն վրայ եւ ոգեւորել զանոնք քաջ նախնիներու հերոսականութեամբ։ Գովաբանելով հերոսները եւ պարսաւելով դաւաճանները՝ Եղիշէն կը ձգտէր քարոզել ու դրուատել քրիստոնէական կրօնն ու բարոյականութիւնը, կրթել հայրենեաց հաւատքին ու հայրենիքին նուիրուած սերունդներ։ Իր նպատակին հասնելու համար ան ճարտասանական, գեղարուեստական հնարքներով կերտած է դրական ու բացասական հերոսներու կենդանի կերպարներ, նկարագրել հերոսական նահատակութեան դրուագներ, արծարծել վեհ գաղափարներ։

Իմաստուն ասոյթներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Լաւ է աչքով կոյր ըլլալ, քան մտքով». սա Եղիշէի ամէնանշանաւոր ասոյթներէն է։
Ըստ մեր պատմիչին՝ բոլոր չարիքները կը բխին ուսման պակասէն։ Մտաւոր լոյսը, իմաստութիւնը, ըստ Եղիշէի, անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր մարդու, յատկապէս թագաւորին։ «Եթէ թագաւորը,-կ'ըսէ ան,-իմաստութիւնը իրեն աթոռակից չունի, չի կրնար իր վիճակին մէջ վայելուչ ըլլալ։ Թագաւորը միայն ինքզինքին համար չէ պատասխանատու, այլ նաեւ անոնց համար, որոնց կորստեան պատճառ եղած է»։ Եթէ մարդը խաւարամիտ է, անոր հոգին ալ կը թուլանայ, կը զրկուի առաքինութենէն, սաստիկ երկիւղի մէջ կ'իյնայ, կը վախնայ ամէն ինչէն, յատկապէս մահէն։ Ով գիտէ, թէ ինչի համար կը մեռնի, ան չի վախնար մահէն։
«Չգիտակցուած մահը մահ է, գիտակցուած մահը` անմահութիւն». այս ասոյթին մէջ պատմիչը խտացուցած է Վարդանանց պատերազմի ամբողջ գաղափարախօսութիւնը։ Հայ մարտիկները ինքնակամ եւ գիտակցաբար կ'երթան մահուան ընդառաջ, որովհետեւ կ'երթան պաշտպանելու իրենց հաւատքն ու հայրենիքը եւ ատով՝ անմահանալու։
Եղիշէն նաեւ ըսած է. «Միաբանութիւնը բարի գործերու մայրն է, անմիաբանութիւնը` չար գործեր ծնողը»։ Յիրաւի, հայ ժողովուրդի պատմութեան փորձը ցոյց կու տայ, որ միաբանութեամբ միայն կարելի է պաշտպանել հայրենիքը։
Եղիշէի պատմութեան ազդեցութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եղիշէի «Պատմութիւնը» խոր ազդեցութիւն ձգած է յետագայ շրջանի ողջ հայ գրականութեան վրայ։ Այդ մատեանի ներշնչումով գրուած են շարականներ, բանաստեղծութիւններ, թատերգութիւններ։ Այդ մատեանը հիմք դարձած է նաեւԴերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք» պատմավէպին համար։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ՀՀ 10-րդ դասարանի հայ գրականութեան դասագիրք