Jump to content

«Սուրբ Ծնունդը՝ Քրենք Ընտանիքին Հետ» (Ժապաւէն)

«Սուրբ Ծնունդը՝ Քրենք Ընտանիքին Հետ» (Ժապաւէն)ը 2004-ին հրապարակուած ամերիկեան Ս. Ծննդեան կատակերգութիւն մըն է, որուն բեմադրիչն է Ճօ Ռոթ, իսկ հեղինակը՝ Քրիս Քոլոմպուս[1]։

Ժապաւէնը հիմնուած է Ճոն Կրիշամի 2001-ին հրատարակուած «Ս. Ծնունդը Զանցառել» ("Skipping Christmas") վէպին վրայ, որ կը պատմէ միջին տարիքի զոյգի մը մասին, երբ կ'որոշէ զերծ մնալ Ս. Ծննդեան աւանդական բոլոր տօնակատարութիւններէն, պատճառաբանելով իրենց դստեր «Խաղաղութեան կազմակերպութեան» մը (Peace Corps) միանալը: Անոնց այս որոշումը դրացիներուն բողոքելու առիթ կը ստեղծէ:

Դէպքերը զիրար կը յաջորդեն, մինչեւ որ դուստրը անակնկալ կերպով կ'որոշէ տուն վերադառնալ՝ միանալու Ս. Ծննդեան տօնախմբութեան։

Ժապաւէնը արտադրուած է «Columbia Pictures», «Revolution Studios» եւ «1492 Pictures» ընկերութիւններուն կողմէ եւ առաջին անգամ ճերմակ պաստառի վրայ բարձրացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ 24 Նոյեմբեր 2004-ին՝ «Sony Pictures Releasing»-ի կողմէ։ Շարժանկարներու տոմսարկղերու մէջ անիկա միջին յաջողութիւն արձանագրած է՝ միջազգային շուկայէն 96 միլիոն տոլարէ աւելի եկամուտ ապահովելով, սակայն քննադատներէն անբարենպաստ արձագանգներ ստացած է։ Աւելի ուշ՝ որոշ հրապարակումներ այս դրական գնահատանքներ ալ եղած են։

Գլխաւոր դերերով հանդէս եկած են՝ Թիմ Ալլըն, Ճէյմի Լի Քըրթիս, Տէն Այքրոյտ, Էրիք Փըր Սալիվըն, Չիչ Մարին, Ճէյք Պիւզի եւ Մ․ Էմմեթ Ուոլշ։

Երբ «Գոհաբանական ընթրիք»էն ետք, Իլինուայի մէջ ապրող զոյգին՝ Լուտըր եւ Նորա Քրենքի դուստրը կ'որոշէ Փերու մեկնիլ «Peace Corps»-ի առաքելութեամբ, անոնք կը սկսին «դատարկութեան տագնապը» ապրիլ։

Լուտըրի հաշիւներով՝ նախորդ տարի, տօնական շրջանին, ծախսած են 6,132 տոլար, եւ չկամենալով Սուրբ Ծնունդը տօնել առանց աղջկան, այն գումարը, զոր սովորաբար կը ծախսէր զարդարանքներու, ընծաներու եւ զուարճութեան վրայ, կ'առաջարկէ ներդնել՝ ութօրեայ Քարիպեան ճամբորդութեան մը վրայ։

Կինը նախ կը դժգոհի, բայց վերջապէս կը համաձայնի՝ համոզելով ամուսինը, որ նուազագոյնը բարեսիրական հաստատութիւններու նուիրատուութիւն կատարել, ինչպէս կ'ընեն ամէն տարի։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]