Jump to content

«Ռոսքոսմոս» կազմակերպութիւն

Կեդրոնատեղի՝ Մոսկուայի մէջ

Ռոսքոսմոս (Roscosmos, ռուս.՝ Роскосмос), պաշտօնապէս «Տիեզերական Գործունէութեան Պետական Հաստատութիւն՝ Ռոսքոսմոս», Ռուսիոյ Դաշնութեան պետական հաստատութիւն, որ պատասխանատու է տիեզերական թռիչքներու, տիեզերագնացական ծրագիրներու եւ օդատիեզերական հետազօտութիւններու։

Ռոսքոսմոս կը ժառանգէ Խորհրդային Միութեան հսկայ տիեզերական ծրագիրին մեծ մասը՝ 1991-ին Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք։

Անիկա կը հիմնուի 1992-ին՝ «Ռուսիոյ Տիեզերական Գործակալութիւն» անունով, իսկ իր ներկայ կազմակերպական ձեւը կը ստանայ 2015-ին, երբ կը միաւորուի Միացեալ Հրթիռային եւ Տիեզերական Հաստատութեան հետ՝ կրկին պետական վերահսկողութեան տակ առնելով Ռուսիոյ տիեզերական Ճարտարարուեստը։

Ռոսքոսմոսի կեդրոնատեղին կը գտնուի Մոսկուայի Ազգային Տիեզերական Կեդրոնին մէջ։ Անոր Առաքելութիւններու Վերահսկողութեան Կեդրոնը եւ Աստղաքաղաքը (Star City) կը գտնուին Մոսկուայի մարզին մէջ։

Ռոսքոսմոսի տիեզերակայանները, որոնք կը գործածուին Ռուսիոյ Տիեզերական Զօրքերուն հետ համատեղ, են՝ Պայքոնուր (Ղազախիստան), աշխարհի առաջին եւ ամէնէն մեծ տիեզերակայանը, Փլեսեցք (Արխանգելսկի մարզ) եւ Վոսթոչնի (Ամուրի մարզ)։

2025-ի Փետրուարէն ի վեր, գործակալութեան ընդհանուր տնօրէնն է Տմիթրի Պականովը։

Ռոսքոսմոս ներկայիս կը գործածէ չորս հիմնական հրթիռային համակարգեր՝ ծանր բեռնատար «Պրոթոն-Մ» եւ «Անգարա A5», միջին բեռնատար «Սոյուզ-2»ի տարբերակները, ինչպէս նաեւ փոքր բեռնատար «Անգարա-1.2» հրթիռը։

Միջազգային Տիեզերակայանին (ISS) ռուսական բաժինի եօթը հիմնական բաժանմունքները կառուցած է Ռոսքոսմոսը՝ հիմնելով կայանը 1998-ին արձակուած Զարիա բաժանմունքով։ Ան նաեւ ժառանգած է Սոյուզ ծրագիրը, որ մարդկային պատմութեան մէջ ամէնէն շատ գործածուած անձնակազմային տիեզերանաւերու ընտանիքն է։ Անոր արդիական տարբերակները՝ «Սոյուզ MS»ը եւ «Փրոկրէս MS»ը, կը շարունակեն սպասարկել Միջազգային Տիեզերակայանը։ Ռոսքոսմոսը նաեւ տասը տարիով կ'երկարաձգէ «Միր» տիեզերակայանին գործունէութիւնը՝ անոր նախնական ծրագրաւորուած ծառայութեան ժամկէտէն անդին, իսկ վերջին անձնակազմային առաքելութիւնը 2000-ին կը լքէ կայանը։

Ռուսիա կը ծրագրէ 2028-էն սկսեալ կառուցել Ռուսական Ուղեծիրային Կայանը, որուն հիմքը պիտի կազմէ Միջազգային Տիեզերակայանի «Նաուքա» բաժանմունքը՝ «ISS»ի ուղեծիրէն դուրս բերուելուն զուգահեռ։ Միաժամանակ կը զարգացուին միջին բեռնատար «Սոյուզ-5» եւ մասամբ վերագործածելի մեթան-թթուածին վառելիքով աշխատող «Սոյուզ-7» հրթիռները[1]։

«Լունա-Կլոպ (Luna-Glob) ծրագիրը նպատակ ունի շարունակելու Խորհրդային Միութեան լուսնային առաքելութիւնները։ Թէեւ «Լունա-25» վայրէջք կատարող սարքը 2023-ին կը ձախողի, ապագայի ծրագիրներուն մէջ կը ներառուին Լուսինի ուղեծրային արբանեակ, բեւեռային վայրէջք կատարող սարքեր եւ լուսնային նմուշներու վերադարձի առաքելութիւն։

Հրատի դէպի «Mars 96» եւ «Fobos-Grunt» առաքելութիւնները նոյնպէս անյաջող կ'ըլլան, մինչդեռ Եւրոպական Տիեզերական Գործակալութեան (ESA) հետ համատեղ իրականացուած «Թրէյս Կէզ Օրպիթըր» (Trace Gas Orbiter) առաքելութիւնը 2016-ին յաջողութեամբ կը մտնէ Հրատի ուղեծիր։

Ռոսքոսմոս նաեւ կը ծրագրէ մարդատար լուսնային առաքելութիւններ՝ զարգացնելով «Օրել» տիեզերանաւը, «Եենիսէյ» գերածանր հրթիռը եւ մասնակցելով Միջազգային Լուսնային Հետազօտական Կայանի (International Lunar Research Station) ստեղծման աշխատանքներուն՝ Չինաստանի տիեզերական ծրագիրին եւ այլ տասնմէկ երկիրներու համագործակցութեամբ։

2022-ին Ռուսիոյ՝ Ուքրանիոյ դէմ ներխուժումէն ետք, միջազգային արձագանգները զգալիօրէն կը մեկուսացնեն Ռոսքոսմոսը։ Գործակալութիւնը կը դադրեցնէ «Սոյուզ» հրթիռներու արձակման ծրագիրը Ֆրանսական Կիւիանայի տիեզերակայանին մէջ՝ Եւրոպական Տիեզերական Գործակալութեան հետ, ինչպէս նաեւ կը դադրեցնէ Միացեալ Նահանգներու «Անտարես» (Antares) հրթիռներուն համար «NK-33» եւ «RD-181» շարժիչներու մատակարարումը։ Իր կարգին, Եւրոպական Տիեզերական Գործակալութիւնը կը կասեցնէ համագործակցութիւնը «ExoMars» ծրագիրին մէջ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]