«Ռալֆ Լորեն» ընկերութիւնը

Ռալֆ Լորեն ընկերութիւնը, ամերիկեան նորաձեւութեան եւ ապրելակերպի հանրածանօթ վաճառանիշ մը, որ հիմնադրուած է 1967-ին՝ Ռալֆ Լորենի կողմէ, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ[1]։
Ընկերութիւնը իր արտադրանքը կը ներկայացնէ հագուստի, տան պարագաներու, զարդեղէնի եւ այլ յարակից արտադրանքներու, ինչպէս նաեւ բուրումնաւէտ նիւթերու ոլորտներուն մէջ[2]։
Անիկա առաւելապէս նշանաւոր է իր գլխաւոր՝ «Փոլօ Ռալֆ Լորեն» (Polo Ralph Lauren) վաճառանիշով։
Ընկերութեան վաճառանիշները կը ներառեն միջին դասի, բարձրակարգ եւ շքեղութեան տարբեր մակարդակներու արտադրանքներ, մինչեւ ամէնէն բարձր գին ունեցող «Ralph Lauren Purple Label» շքեղ հագուստները։
Ռալֆ Լորեն իր անունն ու վաճառանիշը արտօնագրային օգտագործման տրամադրած է «Լիւքսոթիքա» (Luxottica) ընկերութեան՝ ակնոցներու եւ տեսողութեան պարագաներու արտադրութեան համար, «Լորէալ» (L'Oréal)ին՝ բուրումնաւէտ նիւթերու եւ գեղայարդարման արտադրանքներու, «Հենսպրենտս» (Hanesbrands)ին՝ ներքնազգեստի եւ քնազգեստի, «05 Ափարէյ» (O5 Apparel)ին՝ իր «Չէփս» (Chaps) վաճառանիշին, «Քոհլս» Kohl's)ին եւ «Հոլլանտըր Սլիփ Փրոտաքթս» (Hollander Sleep Products)ին՝ անկողնային պարագաներու, «Տիզայնըրզ Կիլտ»ին (Designers Guild) ՝ գործուածքի եւ պաստառի, իսկ «Թէոտոր Ալեքսանտր»ին (Theodore Alexander)՝ տան կահոյքի արտադրութեան համար։
Պատմութիւն

Ռալֆ Լորեն «The Ralph Lauren Corporation»ը կը հիմնէ 1967-ին՝ սկսելով տղամարդոց փողկապերու արտադրութեամբ։ Այդ օրերուն, 28 տարեկան Լորեն կը գործէր «Պօ Պրումել» (Beau Brummell) փողկապեր արտադրող ընկերութեան մը մէջ։ Ան կը համոզէ ընկերութեան նախագահը, որ իրեն արտօնէ ստեղծել իր սեփական արտադրագիծը[3]։
Մարզական հետաքրքրութիւններէն ներշնչուելով՝ Լորեն 1968-ին իր տղամարդոց հագուստի առաջին ամբողջական հաւաքածոն կ’անուանէ «Փոլօ» (Polo)։ Ան կ՚աշխատէր Նիւ Եորքի «Էմփայր Սթէյթ Պիւլտինկ»ի (Empire State Building) ցուցասրահներէն մէկուն մէջ գտնուող փոքրիկ դարակէ մը եւ անձամբ խանութներ կը հասցնէր իր արտադրանքը[4]։
1969-ին Մանհաթընի հանրախանութ «Պլումինկտէյլզ» (Bloomingdale's) բացառապէս կը սկսի վաճառել Լորենի տղամարդոց հագուստի շարքը։ Ասիկա առաջին անգամն էր, որ «Պլումինկտէյլզ» նորաձեւութեան ձեւաւորողի մը իր խանութին մէջ առանձին բաժին կը տրամադրէր։
1971-ին «Ռալֆ Լորեն Քորփորէյշըն» (Ralph Lauren Corporation) կը ներկայացնէ կիներու համար նախատեսուած կտրուածքով վերնաշապիկներու շարք մը, որոնց թեւի ծայրին տեղադրուած էր «Փոլօ» (Polo) խաղացողի խորհրդանիշը։ Յաջորդ տարի կը ներկայացուի կիներու առաջին ամբողջական հաւաքածոն։
1972-ին Ռալֆ Լորեն կը բանայ իր առաջին առանձին խանութը՝ Քալիֆորնիոյ Պեւըրլի Հիլզ քաղաքի «Ռոտիօ Տրայվ»ին (Rodeo Drive) վրայ։ Նոյն տարի ան կը ներկայացնէ կարճաթեւ բամպակէ վերնաշապիկ մը՝ 24 գոյներով։ Այս ձեւաւորումը, որ զարդարուած էր ընկերութեան հանրածանօթ խորհրդանիշով՝ փոլոյի խաղացողի պատկերով, կը դառնայ վաճառանիշին բնորոշ երեւոյթներէն մէկը։

1977-ին Ռալֆ Լորեն Ռալֆ Լորեն Ընկերութիւնը (Ralph Lauren Corporation) կը ներկայացնէ գոյներու բազմազանութեամբ բամպակէ հիւսուածքով դասական «Փոլօ» (Polo) վերնաշապիկը, որ կուրծքին վրայ կը կրէր փոլոյի խաղացողի խորհրդանիշը։
1974-ին Ռալֆ Լորեն «Տը Կրէյթ Կէթսպի» (The Great Gatsby) շարժանկարի տղամարդ դերակատարներուն համար կ'ընտրէ իր «Փոլօ» հաւաքածոյին պատկանող հագուստներ՝ 1920-ականներու ոճով տարազներ եւ բրդեայ վերնազգեստներ։
Բացառութիւն էր վարդագոյն տարազը, զոր Լորեն յատկապէս կը ձեւաւորէ Ռոպըրթ Ռետֆորտի մարմնաւորած Ճէյ Կեթսպի կերպարին համար։
1977-ին Տայան Քիթըն եւ Ուուտի Ալըն Ռալֆ Լորենի հագուստները կրեն «Էնի Հոլ» (Annie Hall) շարժանկարին մէջ, որ կ’արժանանայ «Օսքար» մրցանակի։
1978-ին կը ներկայացուին Ռալֆ Լորենի առաջին բուրումնաւէտ արտադրանքները, որոնք Ուորնըր Լորենի (Warner-Lauren Ltd.) կողմէ պատրաստուած էին եւ վաճառքի կը դրուին «Պլումինկտէյլզ»ի մէջ։ Լորեն բուրմունքը նախատեսուած էր կիներու, իսկ Փոլօ անուշահոտը՝ տղամարդոց համար։ Ասիկա առաջին անգամն էր, որ նորաձեւութեան ձեւաւորող մը միաժամանակ կը ներկայացնէր երկու բուրմունք՝ մէկը տղամարդոց եւ միւսը կիներու համար։

1981-ին ընկերութիւնը միջազգային շուկայ կը մտնէ՝ Անգլիոյ Լոնտոն քաղաքի «Ուեսթ Էնտ» (West End) շրջանին մէջ՝ Նիւ Պոնտ Սթրիթի (New Bond Street) վրայ խանութ մը բանալով։
1986-ին Լորեն Նիւ Եորքի «Մետիսըն Էվընիւ»ի (Madison Avenue) եւ 72-րդ փողոցի վրայ գտնուող «Ռինլենտըր Մէնիսըն» (Rhinelander Mansion) շէնքին մէջ կը բանայ իր առաջին գլխաւոր խանութը։

12 Յունիս 1997-ին, ընկերութիւնը հրապարակային բաժնետիրական ընկերութիւն կը դառնայ եւ իր բաժնետոմսերը կը սկսին վաճառուիլ Նիւ Եորքի Սակարանին վրայ։
Մարտ 1999-ին Շիքակոյի մէջ կը բացուի 98 աթոռ ունեցող «RL» ճաշարանը՝ քաղաքի «Մակնիֆիսընթ Մայլ» (Magnificent Mile) շրջանին մէջ գտնուող Ռալֆ Լորենի ամէնէն մեծ եւ գլխաւոր խանութին հարեւանութեամբ։ Ասոր կը յաջորդեն եւս երկու ճաշարան՝ 2010-ին Փարիզի «Պուլվար Սեն Ժէօրմէն»ի (Boulevard Saint-Germain) Ռալֆ Լորենի խանութին մէջ բացուած «Ralph's»ը եւ 2015-ին Նիւ Եորքի «Polo» խանութին մէջ բացուած «The Polo Bar»ը։ Ընկերութիւնը «Club Monaco» վաճառանիշին սեփականատէրը եղած է 1999-էն մինչեւ 2021։
2000-ին ընկերութիւնը կը սկսի իր կայքէջն ու առցանց վաճառքը՝ «polo.com» անունով, «RL Media» ընկերութեան միջոցով, որ Ռալֆ Լորենի եւ «NBC»ի համագործակցութիւնն էր։ 2007-ին Ռալֆ Լորեն ընկերութիւնը կը գնէ «RL Media»ի մէջ «NBC»ի բաժնեմասը, եւ կայքէջը կը վերանուանուի «ralphlauren.com»։
Սեպտեմբեր 2015-ին կը յայտարարուի, որ ընկերութեան հիմնադիր Ռալֆ Լորենի փոխարէն, նոյն տարուան Նոյեմբերին, գլխաւոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Սթեֆըն Լարսընը։ Լորեն կը պահպանէ գործադիր նախագահի եւ գլխաւոր ստեղծագործական տնօրէնի իր պաշտօնները։ Սակայն Փետրուար 2017-ին կը յայտարարուի, որ Լարսըն պիտի հեռանայ գլխաւոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնէն՝ Լորենի հետ ունեցած տարակարծութիւններուն պատճառով։ Անոր պաշտօնավարութիւնը կ’աւարտի 1 Մայիս 2017-ին։ Նոյն տարուան 17 Մայիսին Ռալֆ Լորեն ընկերութիւնը Փաթրիս Լուվէնը կը նշանակէ նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն։ Լուվէն նախկինին խմբային նախագահն էր «Procter & Gamble» ընկերութեան Համաշխարհային Գեղեցկութեան բաժինին մէջ եւ իր նոր պաշտօնը կը ստանձնէ 17 Յուլիս 2017-ին։
Հոկտեմբեր 2020-ին, Ռալֆ Լորեն ընկերութիւնը կը յայտարարէ, որ «Chaps» վաճառանիշը պիտի անցնի ամբողջութեամբ արտօնագրային գործելակերպի։ Այս քայլը նպատակ ունէր ընկերութեան հիմնական վաճառանիշներուն վրայ կեդրոնանալու, Հիւսիսային Ամերիկայի հանրախանութներու ցանցին մէջ ուղղակի ներկայութիւնը նուազեցնելու եւ «Chaps» վաճառանիշին զարգացումը յանձնելու փորձառու գործընկերոջ մը։ Նոյն ամսուն ընկերութիւնը նախկին Օպամայի վարչակազմի խորհրդական Վալըրի Ճարեթը կը նշանակէ տնօրէններու խորհուրդի անդամ։
Մայիս 2021-ին Ռալֆ Լորեն ընկերութիւնը կը յայտարարէ, որ պիտի վաճառէ «Club Monaco» վաճառանիշ, զոր ձեռք բերած էր 1999-ին։ Վաճառանիշը կը վաճառուի «Regent LP» մասնաւոր ներդրումային ընկերութեան։
Դեկտեմբեր 2023-ին Ռալֆ Լորեն կը յայտարարէ «Haworth Lifestyle Design» ընկերութեան հետ համագործակցութեան մասին՝ իր «Home» վաճառանիշ ընդարձակելու նպատակով։ Համագործակցութիւնը կը սկսի Ապրիլ 2024-ին, եւ «Haworth Lifestyle Design» կը նախատեսէ նաեւ առանձին Ռալֆ Լորեն Տուն խանութներ բանալ։
Դեկտեմբերին 2023-ին եւս, Ռալֆ Լորեն կը սկսի արուեստագէտներու բնակութեան ծրագիր մը, որուն միջոցով արհեստաւորներ հնարաւորութիւն պիտի ունենային ստեղծագործական համագործակցութեամբ աշխատելու ընկերութեան ձեւաւորման խումբերուն հետ։ Առաջին համագործակցութիւնը կ’ըլլայ բնիկ ժողովուրդներու արուեստագէտ Նաոմի Կլասիսի հետ, որ Նաւահօ ժողովուրդին եօթներորդ սերունդի գործող հիւսուածագործ մըն է։
2025-ին Ռալֆ Լորեն ընկերութիւնը կը նշէ Նիւ Եորքի Սակարանի վրայ իր գրանցման 25-րդ տարեդարձը՝ կազմակերպելով ներդրողներու օր մը։ Միջոցառումը ներառում էր ընկերութեան ղեկավարութեան ներկայացումները եւ մասնակիցներուն համար արտադրանքի ցուցադրութիւններ։
Դեկտեմբեր 2025-ին, ընկերութեան շուրջ ընկերային ցանցերու օգտագործողներուն կողմէ ստեղծուած «Ralph Lauren Christmas» գեղագիտական միտումը կը նպաստէ վաճառքներու աճին։ Ընկերութեան Սէուլի, Թոքիոյի, Լոս Անճելըսի եւ Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած տօնական ժամանակաւոր խանութները վաճառանիշին համար կ'ապահովեն շուրջ 6 միլիոն տոլարի վաճառանիշային արժէք։