«Լողացող» ներադիտակներ

«Լողացող» ներադիտակներ, մարսողական համակարգին մէջէն անցնող ներադիտակ մը, որ պարկուճով (քեփսիուլ) պատուած դեղահատերու տեսքն ու չափը ունի:
Նշեալ ներադիտակը հնարած են ճափոնցիները, որ ինքնամուղ է եւ մարսողական համակարգին մէջէն անցած ատեն անոր շարժումները կը հակակշռուին դուրսէն` յատուկ սարքի մը միջոցով[1]:
Անիկա այնպիսի սահուն կերպով կ'անցնի մարսողական համակարգին մէջէն, որ մասնագէտները զայն կոչած են «լողացող» ներադիտակ եւ կամ «ծովանուշ»:
Մասնագէտները յաջողած են այդ բարդ ներադիտակին միջոցով պատկերներ ձեռք ձգել մարսողական համակարգին տարբեր բաժիններէն, ինչպէս նաեւ անոր մէջ տեղադրուած տեսախցիկին միջոցով կրցած են համակարգիչի պաստառին վրայ տեսնել մարսողական ամբողջ համակարգը:
Գերարդիական այդ ներադիտակը ունի մօտաւորապէս մէկ սանթիմեթր տրամագիծ եւ չորսուկէս սանթիմեթր երկայնք: Անիկա ունի մագնիսական ազդեցութեամբ բանող շարժամուղ մը, որ կարելի կը դարձնէ անոր ուղղութիւնն ու դիրքը ճշգրիտ կերպով հակակշիռի տակ պահել:
Ինքնամուղ յատկութեամբ օժտուած ներադիտակը

Նշեալ ներադիտակը մարսողական համակարգին մէջ կը մտնէ` դեղահատի մը նման կլլուելով եւ կամ ներդրուկի մը նման սրբանէն դէպի աղիքներուն մէջ ներմուծուելով:
Պարկուճով մը պատուած դեղահատերու տեսքն ու չափը ունեցող ներադիտակին պատրաստութեան գաղափարը յղացուած է 1980-ական թուականներուն, սակայն անոր պատրաստութիւնը վերջնականապէս ամբողջացած է 2000-ի սկիզբները: Օրին կարելի չէ եղած այդ յատուկ ներադիտակը ինքնամուղ դարձնել եւ, հետեւաբար, անոր ստացած դիրքն ու ուղղութիւնը կախեալ եղած են մարսողական համակարգին օրկաններուն մկաններուն կծկումներէն: Սակայն, ժամանակի ընթացքին մասնագէտները տարբեր փորձարկումներու միջոցով յաջողած են զայն ինքնամուղ դարձնել եւ 2009-ին առաջին ինքնամուղ ներադիտակը փորձարկած են շան մը վրայ:
Ներադիտակը ինքնամուղ դարձնելը նպաստած է, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշիռի տակ պահել անոր ուղղութիւնն ու դիրքը եւ, այդպիսով, յստակօրէն տեսնել ու նկարել մարսողական համակարգին խնդրայարոյց բաժինները:
Մասնագէտները ըսած են, թէ նման ներադիտակ մը հիւանդներուն մատչելի դարձնելը ներկայիս օգտագործելի սարքերէն շատ աւելի նուազ նեղացուցիչ կը դարձնէ մարսողական համակարգին քննութեան ու նկարահանման գործընթացը[2]: