Jump to content

«Արտեմիս» ծրագիր

«Արտեմիս» ծրագիրը (Artemis program), Միացեալ Նահանգներու Ազգային Օդագնացութեան եւ Տիեզերական Վարչութեան (NASA) գլխաւորութեամբ իրականացուող Լուսինի հետազօտութեան ծրագիր մըն է, որուն հիմնական նպատակներն են՝ «Ափոլօ» ծրագիրէն ի վեր առաջին անգամ մարդը վերադարձնել Լուսին եւ հոն աստիճանաբար հաստատել մնայուն լուսնային կայան մը։

Ծրագիրը պաշտօնապէս կը հաստատուեցաւ 2017 թուականին՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ստորագրած «Space Policy Directive-1»ով։

«Արտեմիս» ծրագիրին հիմնական բաղադրիչներէն են Տիեզերական Արձակման Համակարգը (Space Launch System -SLS), որուն կեդրոնական աստիճանը, «RS-25» շարժիչները եւ կարծր վառելանիւթի արագացուցիչները ծագում կ'առնեն Տիեզերական «Մաքոք»ի ծրագիրէն։ Ծրագիրը նաեւ կը ներառէ չեղեալ համարուած «Քոնսթելէյշըն» ծրագիրէն ժառանգուած համակարգեր, ինչպէս «Օրիոն» տիեզերանաւը՝ իր Եւրոպական Ծառայողական Մասով (European Service Module), ինչպէս նաեւ հրթիռային բարելաւումներ, որոնք սկզբնապէս մշակուած էին «Արէս 5» հրթիռին համար։

Ծրագիրին այլ կարեւոր բաղադրիչներէն են՝ Մարդատար Վայրէջքի Համակարգը (Human Landing System - HLS), ներկայիս կը մշակուին մասնաւոր տիեզերական ընկերութիւններու կողմէ՝ ՆԱՍԱ-ի հետ կնքուած պայմանագիրներու հիման վրայ։ Ծրագիրին միջազգային համագործակցութիւնը կը կարգաւորուի «Արտեմիսի Համաձայնագիրներ»ով (Artemis Accords)։

2022 թուականին իրականացուած «Արտեմիս Ա.» [1] անօդաչու առաքելութիւնը «Օրիոն» տիեզերանաւը կը հասցնէ Լուսինի ուղեծիր։

2026 թուականին «Արտեմիս Բ.»[2] առաքելութիւնը չորս տիեզերագնացներ կը փոխադրէ Լուսինի շուրջ կատարուած թռիչքի, դառնալով «Ափոլօ» ծրագիրէն ի վեր առաջին մարդատար առաքելութիւնը, որ կ'անցնի Երկիրի ցած ուղեծիրէն անդին։

«Արտեմիս Գ.» առաքելութիւնը, որ նախատեսուած է 2027 թուականի վերջաւորութեան, նպատակ ունի Երկիրի ուղեծիրին մէջ փորձարկել «HLS» լուսնային վայրէջքի համակարգը[3]։

«Արտեմիս Դ.» առաքելութիւնը, որ նախատեսուած է 2028 թուականին, պիտի ըլլայ առաջին մարդատար լուսնային վայրէջքը «Ափոլօ» ծրագիրէն ի վեր[4]։

Իսկ «Արտեմիս Ե.»[5] առաքելութենէն սկսեալ, որ նախատեսուած է ոչ կանուխ, քան 2028 թուականի վերջաւորութիւնը, ՆԱՍԱ-ն կը նախատեսէ ամէն տարի իրականացնել նոր լուսնային առաքելութիւններ՝ նպատակ ունենալով աստիճանաբար ստեղծել Լուսինի վրայ մնայուն բնակելի կայան մը։ Այս նախաձեռնութիւնը պիտի ծառայէ իբրեւ նախապատրաստական փուլ՝ մարդկութեան աւելի հեռաւոր տիեզերական ճամբորդութիւններուն եւ խոր տիեզերքի հետազօտութեան համար։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]