Ճէյմս Թագաւորին Աստուածաշունչը

Ճէյմս Թագաւորին Աստուածաշունչը (անգլերէն՝ The King James Version (KJV), արաբերէն՝ نسخة الملك جيمس, ֆրանսերէն՝ Bible du roi Jacques), յայտնիէ նաեւ իբրեւ՝ «Արտօնեալ Թարգմանութիւն» (Authorized Version (AV)): Ճէյմս Ա. թագաւորի պահանջով պատրաստուած անգլերէն Աստուածաշունչը. թարգմանակն աշխատանքը սկասծ է 1604 թուականին եւ ամբողջացած՝ 1611 թուականին[1]:

Ճէյմս Թագաւորին Աստուածաշունչը

Անգլիոյ Ճէյմս Ա. թագաւորը պահանջած է Աստուածաշունչի նոր թարգմանութիւն մը եւ անձամբ վերահսկած թարգմանական աշխատանքին: Այս թարգմանութեան հզօր ներգործութիւնը տակաւին զգալի է խօսակցական եւ գրաւոր անգլերէնին վրայ:

18-րդ դարու առաջին կէսին, Անկլիքան եկեղեցիւոյ մաս կազմող 54 գիտաշխատողներ ընտրուած են այս գործին համար եւ անոնցմէ 47-ը ամբողջացուցած են աշխատանքը: Անոնք աշխատած են 6 յանձնախումբերու բաժնուած. իւրաքանչիւրը պատասխանատու եղած է Աստուածաշունչի տարբեր մէկ մասին թարգմանութեան:

Աշխատանքը կեդրոնացած էր Օքսֆորտի, Քէյմպրիճի եւ Լոնտոնի մէջ եւ իբրեւ գլխաւոր հիմք` ունէր Ուիլիըմ Թայնտէյլի թարգմանութիւնը. Թայնտէյլ առաջին անձերէն եղած է, որ Աստուածաշունչը անգլերէնի թարգմանած է յունարէնէ եւ եբրայերէնէ:

Այս բոլորը տեղի ունեցած են Ճէյմս Ա. թագաւորին շնորհիւ, որ այն ժամանակ դժգոհ էր գոյութիւն ունեցող թարգմանութիւններէն: Ան յաճախ այցելած է գիտաշխատողներուն եւ հետեւած՝ անոնց աշխատանքին:

Սխալ Թարգմանութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճէյմս Թագաւորին Աստուածաշունչը կը պարունակէ մի քանի սխալ թարգմանութիւններ, յատկապէս Հին Կտակարանի մէջ, ուր գիտելիքը այն ժամանակ տակաւին ստոյգ չէին նոյնինքն եբրայերէն եւ համանամն լեզուներով գրուած օրինակներուն մէջ. Մեծ մասը, աննշան են եւ էապէս իմաստը չեն փոխեր՝ նիւթական աղբիւրին համեմատած[2]: Սխալ մէջբերումներով ամենատարածուածը եբրայերէն աշխատանքն ու Երկրորդ Օրինացնէ: Ոարգմանիչները նշած են Փոխընտրական թարգմանութիւն մը՝ "rhinocerots" [sic]-ի Եսայի 34:7 եզրին: Համանման նշմում նաեր կատարած է Մարթին Լութըր գերմաներէն թարգմանութեան մէջ, ապաւինելով նաեւ «Vulgate» Ս. Գրոց լատին թարգմանութեան[3]:

Ներգոծրութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրօնական լեզուին վրայ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«shipoffools.com» համացանցի կայքի խմբագիր Սայմըն Ճենքինզ կը վիճի ըսելով, թէ՝ քրիստոնէական թարգմանիչները երբեք պիտի չփափաքէին նման բան մը- Հեգնականը այն է, թէ անոնց ժամանակներուն շատ աւելի պաշտօնական էր «եու»ի գործածութիւնը` իբրեւ Բ. դէմքի դերանուն, քան` «տաու»ը: Սակայն թարգմանիչները որոշած են պաշտօնական յատուկ լեզու մը չգործածել` Աստուծոյ մասին գրելու համար: Ան պարզապէս «տաու» էր` ոեւէ մէկուն պէս. «Սակայն, երբ մանուկ էի, մարդիկ տակաւին Աստուծոյ կը դիմէին «տաու»ով: Ասիկա յուսահատական աստիճանի հնաբոյր է եւ օտարումի կ՛առաջնորդէ: Թարգմանիչները ճիշդ որոշումը կայացուցած են ժամանակին, սակայն հետագային եկեղեցիին կեցուածքը ոչ մէկ ձեւով արձագանգած է անոնց նպատակին», կ՛ըսէ ան:[4]:

Տարբեր խաւերու լեզուին վրայ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ոչ մէկ այլ գիրք, կամ մշակոյթի ոչ մէկ այլ գործ նոյնքան ներգործութիւն ունեցած է անգլերէնին վրայ, որքան` Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը: Անոր մէջ գործածուած ըսելաձեւերը թափանցած են անգլիախօսներու առօրեայ լեզուին մէջ: «Տը Սան» թերթը Էսթըն Վիլլայի մասին գրած է, թէ ան «կը մերժէ յանձնել իր ոգին» (այսինքն` մեռնիլ»): Ուենտի Ռիչըրտ պատկերասփիւռի «Իսթենտըրզ» ժապաւէններու շարքին մէջ Փոլին Ֆաուլըրի տիպարը կը կոչէ «երկրին աղը»: Անգլիոյ քրիքեթի մարզիչը լրագրողներուն կը յայտնէ. «Չէք կրնար բառեր դնել բերնիս մէջ»: «Տէյլի Միրըր» թերթը Թիլտա Սուինթընը կը կոչէ «ինքն իր օրէնքը» (այսինքն` անկախ գործող)[5]:

Անգլերէնի մէջ մինչեւ այսօր կարելի է լսել Ճէյմս Աստուածաշունչէն մեծ թիւով ըսելաջեւեր, օրինակ հետեւեալ ըսելաձեւերը. «Աշխարհը գլխիվայր շրջեց», «Արմատանալ», «Կոյրերը կ՛առաջնորդեն կոյրերը» եւ այլն:

Միացեալ Նահանգներու ազգային ղեկավար Տանիէլ Ուեպսթըր ըսած է. «Եթէ գնահատելի որեւէ բան կայ մտածումներուս կամ ոճիս մէջ, այդ մէկը կը պարտիմ ծնողներուս, որոնք կանուխ տարիքէս մէջս ներարկեցին սէր` սրբազան գրականութեան նկատմամբ: Նոյնքան անուանի բրիտանացի ճարտասան Թ. Պ. Մըքոլի ըսած է, թէ Աստուածաշունչի այս թարգմանութիւնը ցոյց կու տար անգլերէնին «գեղեցկութեան եւ ուժին ամբողջ տարողութիւնը»:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «KJV Dedicatoria 1611.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-02-02-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-25 
  2. «ERRORS IN THE KING JAMES VERSION?»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-23-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-25 
  3. bibleGateway
  4. ՃԷՅՄՍ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՇՐՋԱԾ Է ԱՆԳԼԵՐԷՆԸ
  5. King James Bible: How it changed the way we speak