Jump to content

Հայկ Ազատեան

(Վերայղուած է Հայկ Ազատեան (փաստաբան)-էն)
Հայկ Ազատեան
Ծնած է 19-րդ դար
Մահացած է 1 Ապրիլ 1937(1937-04-01)
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մասնագիտութիւն փաստաբան

Ազատեան Հայկ (19-րդ դար - 1 Ապրիլ 1937(1937-04-01), Գահիրէ, Եգիպտոս), փաստաբան խառն դատարանի։

Զաւակ Բարերդ ծնած Հայու մը` Հրանդ Ազատեանի։ Հայկ Ազատեան որ իր ուսումը օտար շրջանակներու մէջ առած էր` հակառակ անոր ազգասէր հայ մըն էր` ազդուած իր յեղապոխական հօրմէն։

Իրաւագիդական եւ լեզուագիդական բացառիկ կարողութիւններուն շնորհիւ Ազատեան կը կատարէ շատ կարեւոր դեր մը իր կամաւորական կեանքին մէջ, իբր միջնորդ հայկական Լեգեռնի Ֆրանսական սպայակոյտին եւ հայ զինուորներու միջեւ, եւ իրեն կը յանծնուի յաճախ կարգապահական խնդիրներով պատերազմական ատեանի առջեւ հանուող կամաւորներու պաշտպանութիւնը։

1919-ին վարեց Ատանայի կայարանին զինուորական քոմիսէրի պաշտոնը եւ, թերեւս իրեն մեր ազգային վերածնութեան գործին մէջ վերապահուած էր կարեւոր դեր մը` եթէ վատորէն չլըքուէինք։

Ազատեան հարկադրուած կը դառնար Եգիպտոս, ինքն իր մէջ ամփոփուած, եւ թերեւս յուսախաբ, եւ այլեւս հեռու կը մնար Ազգային կեանքէ, մինչեւ իր մահը որ մահը որ տեղի ունեցաւ 1937 Ապրիլ 1-ին Գահիրէի մէջ, շուրջ 50-55 տարեկան։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հայր․ Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Ա․ հատոր, էջ 41։